Սամսունկ կրուփ (քորէայերէն՝ 삼성그룹), Հարաւային Քորէական կազմակերպութիւն մը, որ հիմնադրուած է 1938 թուականին։ Համաշխարհային շուկային մէջ յայտնի է որպէս բարձրակարգ ելեքտրոնային բաղադրամասերու, հեռահաղորդակցման սարքաւորումներու արտադրող։ Կեդրոնական գրասենեակը կը գտնուի Սէուլի մէջ։ Apple–ի գլխաւոր մրցակիցն է։

Սամսունկ
Տեսակ Չեբոլ?
Իրավաբանական ձեւ մասնավոր ընկերություն? եւ հանրային ընկերութիւն
Հիմնադրուած է 1938
Հիմնադիր Լի Բյոն Չհոլ?
Վայր Samsung Town, Seocho District, Սեուլ, Հարավային Կորեա
Երկիր  Հարավային Կորեա[1]
Արդիւնաբերութիւն կոնգլոմերատ?
Հասոյթ $ 295.8 մլր (2014)
Գործառնական շահոյթ 6 700 000 000 ԱՄՆ դոլար (2020)
Զուտ շահոյթ $ 31.926 մլր (2014)
Աշխատողներու թիւ 489 000 (2014)
Դուստր ընկերութիւններ Samsung Electronics?, Samsung Electro-Mechanics?, Samsung SDI?, Samsung Heavy Industries?, Samsung Life Insurance? եւ Samsung Fire & Marine Insurance?
Կարգախօս Turn on tomorrow
Ապագային ընդառաջ
Կայք samsung.com
Բորսա Korean Stock Exchange?

«Սամսունկ» բառը քորէերէն կը նշանակէ «երեք աստղ»: Կրնայ ըլլալ, որ անիկա կապուած է Սամսունկի հիմնադիր Լի Պեոն-չիւլին (이병철) երեք որդիներուն հետ, որոնցմէ կրտսերը Լի Քուն-հին (이건희) ընկերութիւնը ղեկավարած է 1967-ին, խախտելով արեւելեան ժառանգականութեան կանոնները, ըստ որու ընտանիքին ունեցուածքին մէծ մասը կը ժառանգէ աւագ որդին:

Պատմութիւն Խմբագրել

1938-1954 Խմբագրել

1938-ին Լի Պեոն-չիւն (1910-1987), որ Ըյրեոնի մէծ հողատէր ընտանիքէն էր, տեղափոխուեցաւ Տէկու քաղաքը եւ հիմնադրեց Samsung Sanghoe: Սամսունկը իր գործունէութիւնը սկսաւ որպէս Սու Տօնին (ներկայիս՝ Ինկէօյ Տօն) մէջ տեղաւորուած քառասուն աշխատողներով պզտիկ առեւտրական ընկերութիւն մը:[2] Ան կը զբաղէր բրինձի ալիւրի արտադրութեամբ եւ խմորեղէնի վաճառքով: Ընկերութիւնը կը զբաղէր նաեւ բրինձի, շաքարի եւ չորցած ձուկի առաքումներով դէպի Չինաստան եւ Մանճուրիա: Ան սկսաւ բարգաւաճիլ եւ 1947-ին գլխաւոր գրասենեակը տեղափոխուեցաւ Սէուլ: ՔորԷական պատերազմը երբ սկսաւ, ան ստիպուած եղաւ հեռանալ Սէուլէն: Ան Պուսանի մէջ սկսաւ շաքարի զտման գործը Cheil Jedang անունով: 1954-ին Լին հիմնեց Cheil Mojik-ը եւ կառուցեց գործարան մը Չիմսան-տօնին մէջ (Տէկու): Ատիկա ամէնէն մէծ ջրաղացն էր ամբողջ երկրին մէջ:

Սամսունկը իր գործունէութիւնը կը տարածէր տարբեր բնագաւառներու մէջ: Լին կը ձգտէր Samsung-ը դնել որպէս արդիւնաբերութեան լայն ցանկի ճիւղերու առաջատար: Samsung-ը փոխադրուեցաւ գործարարութեան այնպիսի ճիւղերու մէջ, ինչպիսին էին ապահովագրութիւնը, արժեթղթերը եւ մանրածախ առեւտուրը:

Պատերազմէն Ետք Խմբագրել

Յետպատերազմեան տարիներուն, երկրին նախագահ Փաք Չոն Հին մեծ նշանակութիւն կու տար արդիւնաբերութեան: Ան կեդրոնացուցած էր իր տնտեսական զարգացման մարտավարութիւնը քանի մը խոշոր հայրենական կուտակաքարերուն վրայ, պաշտպանելով զանոնք մրցակցութենէ, տրամադրելով պետական պատուէրներ եւ ցուցաբերելով ֆինանսական օգնութիւն:[3]

Ստեղծուեցան 30 խոշոր ընկերութիւններ՝ («չէպոլներ»՝ «փողոտ ընտանիքներ»), որոնց շարքին էին Daewoo-ն, Hyundai-ը, Goldstar-ը (LG) եւ այլք: «Փողոտ ընտանիքներէն իւրաքանչիւրն ունէր իր ուղղութիւնը՝ Daewoo-ն կ'արտադրեր ինքնաշարժներ, Goldstar-ը՝ կենցաղային սարքեր, Samsung-ը ելեքտրոնիք, Hyundai-ը կ'ընէր շինարարութիւն: 1947-ին Չո Հոն-ճաի Hyosung group-ին հիմնադիրը, Լի Պեոն-չիւին հետ համատեղ ներդրում ըրաւ նոր ընկերութիւն մը, որ կը կոչուէր Samsung Mulsan Gongsa կամ՝ Սամսունկ Առեւտրային համընկերութիւն: Առեւտրական ընկերութիւնը աճեցաւ մինչեւ մեր օրուան Samsung C&T Corporation: Քանի մը տարիներ ետք Չոն եւ Լին բաժնուէցան կառավարումի իրենց տարակարծութիւններուն պատճառաւ: Չուն կը պահանջէր 30 մասնաբաժին: Samsung Group-ը բաժնուեցաւ Samsung Group-ին, Hyosung Group, Hankook Tire եւ այլ ձեռնարկութիւններու:[4][5]
1960-ականներու վերջը Samsung Group-ը մուտք գործեց ելեքտրոնիք արդիւնաբերութեան դաշտ: Ան ձեւաւորեց ելեքտրոնիքի հետ կապ ունեցող քանի մը բաժիններ եւ ստեղծեց ձեռնարկութիւն մը Սուվոնի մէջ: Անոր առաջին արտադրանքը սեւ-սպիտակ հեռուստացոյց մը եղած է:

1970-1990 Խմբագրել

 
1982-ին արտադրուած SPC-1000-ը Սամսունկի առաջին անհատական համակարգիչը եղած է (միայն քորէական շուկային համար) եւ տուեալները ներբերելուն եւ պահելուն համար կ'օգտագործէր ձայներիզ:[6]

1980-ին Samsung-ը ձեռք բերաւ Gumi-ին վրայ հիմնուած Hanguk Jeonja Tongsin-ը եւ մուտք գործեց հեռահաղորդակցութեան սարքաւորումներու արտադրութեան դաշտ: Անոր առաջին արտադրանքը հեռակառավարման վահանակները եղած են: Ձեռնարկութիւնը վերափոխուեցաւ հեռախօսներու եւ հեռատիպերու արտադրութեան համակարգի եւ դարձաւ Samsung-ի բջիջային հեռախօսներու արտադրութեան կեդրոն մը: Անոնք արտադրած են աւելի քան 800 միլիոն բջիջային հեռախօսներ:[7] Ընկերութիւնը անոնց Samsung Electronics-ի ներքեւ համախմբուեցաւ 1980-ականներուն:   Հիմնադիր Լիին մահէն ետք՝ 1987-ին Samsung Group-ը բաժնուեցաւ չորս գործարար խումբերու՝ Samsung Group, Shinsegae Group, en:CJ Group եւ Hansol Group.[8] Shinsegae առեւտրական ցանցը Samsung Group-ին մաս կը կազմէր եւ անջատուած էր անկէ 1990-ականներուն CJ Group-էն (սնունդ/քիմիական/զուարճալիքներ/մատակարարումներ) եւ Hansol Group-էն (թուղթի արտադրութիւն/հեռահաղորդակցութիւն): Մեր օրերուն, այս առանձին խումբերը անկախ են եւ միաւորուած Samsung Group-ին մաս չեն կազմեր:

1980-ականներուն Samsung Electronics-ը սկսաւ եռանդով միջոցներ ներդնել հետազօտումներու եւ զարգացումներու համար: Ներդրումներ, որոնք շեշտակիօրէն մղեցին ընկերութիւնը համաշխարհային ելեքտրական գործիքներու արտադրութեան առաջին գիծ: 1982-ին ան կառուցեց հեռուստացոյցի մասերու հաւաքման գործարան մը Փորթուկալի մէջ, 1984-ին՝ գործարան մը Նիւ Եորքի, 1985-ին՝ Թոքիոյ մէջ: 1987-ին՝ Անգլիոյ մէջ ստեղծեցաւ ձեռնարկութիւն մը եւ 1996-ին այլ ձեռնարկութիւն մը Օսթին, Թեքսասի մէջ: 2012-ի դրութեամբ Սամսունկը 13 պիլիոն ամերիկեան տոլարէն աւելի ներդրած է Օսթինի ձեռնարկութեան, որ կը գործէ Samsung Austin Semiconductor անուան տակ: Ասիկա Օսթինը կը դարձնէ Թեքսասի ամէնէն մեծ ներդրումներով վայրը եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ ամէնէն մեծ արտասահմանեան ներդրումներով վայրերէն մին:[9][10]

2000-էն Ետք Խմբագրել

2000-ին Սամսունկը Վարշաւիոյ մէջ, որ Լեհաստան կը գտնուի, կը բանայ համակարգչային ծրագրաւորման փորձարառական ձեռնարկութիւն մը: Անոր գործունէութիւնը սկսած էր set-top-box արհեստագիտութենէն մինչեւ թուային հեռուստատեսութեան եւ սմարթֆոներու բնագաւառ մտնելը: 2011-ի դրութեամբ Վարշաւիոյ հիմնարկը Եւրոպայի մէջ ամէնէն կարեւոր R&D կեդրոնն է եւ ըստ կանխատեսումներու, պիտի ներգրաւէ 400 նոր աշխատող մինչեւ 2013-ի վերջը:[11]

2010-ին Samsung-ը յայտարարեց հինգ գործարարութիւններու շուրջ տասը տարուան զարգացման մարտավարութեան մը մասին, որոնցմէ մին կը հանդիսանար կենսադեղագործութիւնը, որուն համար ընկերութիւնը յատկացուց 2,1 թրիլիոն ₩ (քորեական Ուոն):

2012-ին առաջին քառորդին Samsung Electronics-ը դարձաւ աշխարհի խոշորագոյն բջիջային հեռախօսներ արտադրողը, առաջ անցնելով Նոքիայէն, որ 1998-էն շուկայի առաջատարը կը համարուէր:[13][14] Austin American-Statesman Օգոստոս 21-ի խմբագրականին մէջ Samsung-ը կը հաստատէ աւելի եկամտաբեր չիփերու արտադրութեան համար, Օսթինին չիփերուն արտադրութեան կէսը վերափոխելուն համար երեքէն չորս պիլիոն ծախս ընելու մտադրութիւնը:[15] Վերափոխումը սկսաւ 2013-ի սկիզբը եւ առաջին արտադրանքը տուաւ տարւոյն վերջը: 2013 մարտ 4-ը Samsung-ը ներկայացուց Կելըքսի S4-ը

Apple-ին Դէմ Մրցակցութիւնը Խմբագրել

2012 Օգոստոս 24-ին ատենակալները վճռեցին, որ Samsung-ը պարտաւոր է Apple-ին վճարել $1.05 պիլիոն, իր հասցուցած վնասներուն դիմաց, անոր սմարթֆոններու արհեստագիտական վեց արտօնագիրները խախտելուն համար: Վճարի չափը Apple-ին պահանջած $2.5 պիլիոնէն պակաս եղած էր: Վճիռը նաեւ կարգադրած էր, որ Apple-ը չէ խախտած Samsung-ի նշած հինգ արտօնագիրները:[16] Սամսունկը դէմ եղած էր այս որոշումին, հիմնաւորելով որ ատիկա կը վնասէ բնագաւառին նորարարութիւններուն:[17] Անոր նաեւ հետեւեցաւ Հարաւային Քորէայի որոշումը, թէ մտաւոր սեփականութեան խախտումներ եղած են երկու կողմերէն:[18] Վճիռէն ետք կայացած առաջին վաճառքին Քոսփիի դասիչը ունեցաւ 7.7% անկում, որ ամէնամեծը եղած էր 2008 Հոկտեմբեր 21-էն ի վեր:[19] Apple-ը այնուհետեւ կը ջանար արգիլել Samsung-ը Միացեալ Նահանգներէն ներս վաճառել ութ հեռախօսներ (Galaxy S 4G, Galaxy S2 AT&T, Galaxy S2 Skyrocket, Galaxy S2 T-Mobile, Galaxy S2 Epic 4G, Galaxy S Showcase, Droid Charge եւ Galaxy Prevail)[20], ինչ որ մերժուեցաւ դատարանին կողմէ:[21]

  • 2012 Սեպտեմբեր 4-ին Samsung-ը յայտարարեց իր չինական բոլոր մատակարարողները ստուգելու մասին, հնարաւոր աշխատանքային պայմանները խախտելու վերաբերեալ: Ընկերութիւնը ըսաւ, որ պիտի իրականացնէ 250 մատակարարող ընկերութիւններու ստուգումը, պարզելու անոնց մէջ 16-էն ցած տարիքի երեխաներու աշխատանքը օգտագործելու հանգամանքը:[22]
  • 2013 Նոյեմբերին ընկերութեան արժեքը գնահատուեցաւ $227 պիլիոն:[23]
  • 2014 Սեպտեմբեր 3ին Սամսունկը ներկայացուց Gear VR վիրթուալ իրականութեան սարքը:[24]
  • 2014 Հոկտեմբերին յայտարարուեցաւ $14.7 պիլիոն ներդրումի մասին, Քորէայի մէջ չիփերու գործարան մը կառուցելու համար, որ պիտի աւարտէր 2017-ին: Ընկերութիւնը դեռեւս չէ որոշած չիփերու տեսակը, որ պիտի արտադրուին:[25] Նաեւ կը յայտարարէ Վիեթնամի մէջ 700 000 քառ.մ տարածքի նոր արտադրական համալիր մը կառուցելու համար 633 պիլիոն քորէական Ուոն ($560 միլիոն) յատկացնելու մասին:[26]
  • 2014 Դեկտեմբերին Samsung-ը որոշեց, որ պիտի վաճառէ Fiber Optics ամերիկեան յատուկ ապակիներ արտադրող Corning Inc. ընկերութիւնը:[27]
  • 2015-ի տարուան ընթացքին Samsung-ը ստացած է Միացեալ Նահանգներէն աւելի շատ արտօնագիրներ, քան որեւէ այլ ընկերութիւն մը, որոնց կարգին՝ IBM, Google, Sony, Microsoft եւ Apple ընկերութիւնները: Մինչեւ 11 Դեկտեմբեր ստացած է 7676 գործող արտօնագիր:[28]

Ծանր արդիւնաբերութիւն Խմբագրել

Ծանր արդիւնաբերութեան բնագաւառին մէջ կ'աշխատէին ընկերութեան երկու բաժանմունքները՝

  • Samsung Heavy
  • Industries Samsung Techwin:

Կը բերեն եկամուտին մօտ 10 %-ը:

Կը կատարեն անվտանգութեան կառուցուածքային աշխատանքներ, սպառազինութեան նոր տեսակներու մշակում ու նաեւ՝ քարիւղի եւ կազամուղներու, թանգերու շինարարութիւն: Խոշոր նախագիծերէն մին բազմանպատակային ուսումնական KTX2 օդանաւին, К9 ինքնագնաց հաուպիցին մշակումն է, աշխարհի ամէնէն մեծ հեղուկացրած կազի թանգերը եւ Xin Los Angeles տարողափոխադրողը պատրաստելը:

Շինարարութիւն Խմբագրել

 
Թայպէյ 101 աշտարակը Թայուանի մէջ

Շինարարութիւն կ'ընէ քոնսեռնին պատկանող մէկ ընկերութիւն՝

  • Samsung Engineering Ճիւղը քոնսեռնին կը բերէ տարեկան մօտ $2 պիլիոն: Կը կատարէ Samsung Group-ին գրասենեակներու եւ գործարաններու շինարարութեան աշխատանքները աշխարհով մէկ, կողմնակի պատուէրներու կատարումը հազուադէպ կ'ըլլայ:

Կարգ մը նշանաւոր երկնաքեռներու, որոնցմէ ամէնայայտնիները՝ աշխարհի ամէնէն բարձր շէնքի՝ Պուրճ Խալիֆային, Փեթրոնաս զոյգ եւ Թայպէյ 101 երկնաքեռներու կառուցումն է:

Խոշորագոյն Գնորդները Խմբագրել

Սամսունկին գլխաւոր գնորդներէն են՝

Royal Dutch Shell
Samsung Heavy Industries-ը պիտի հանդիսանայ Royal Dutch Shell-ին համար հեղուկացուած բնական կազի պահեստարանին կառուցման միակ կապալառուն, որուն արժէքը կը կազմէ մօտ $50 պիլիոն` յետագայ 15 տարիներուն համար:[29][30]

Shell-ը յայտարարած է աշխարհի առաջին լողացող հեղուկացուած կազի հարթակի կառուցման ծրագիրը: 2012 Հոկտեմբերին[31] Samsung Heavy Industries-ին Հարաւային Քորէայի Կէօճէ կղզիի նաւաշինական գործարանին մէջ սկսած է նաւի մը շինարարութիւնը, որուն աւարտէն եւ ամբողջովին ներբեռնումէն ետք պիտի կշռէ 600.000 թոն եւ դառնայ աշխարհի ամէնամեծ «նաւը»: Ատիկա վեց անգամ մեծ կ'ըլլայ Միացեալ Նահանգներու ամէնէն մեծ օդանաւակիրէն:[32]

Միացեալ Արաբական Էմիրութիւններու կառավարութիւն
Հարաւային Քորէայի մակնիշներու միջազգային համաձայնագիր մը, որ կը ներառէ Samsung-ը, Korea Electric Power Corporation-ը եւ Hyundai-ը շահած են Միացեալ Արաբական Էմիրութիւնները աթոմակայաններ կառուցելու $40 պիլիոնի գործարք մը:[33]
Օնթարիօյի կառավարութիւն
Քանատայի Օնթարիօ երկրամասի կառավարութիւնը յայտարարած է աշխարհի ամէնամեծ վերականգնուող ուժի նախագիծը, ստորագրելով $6.6 պիլիոն արժէքով գործարք լրացուցիչ 2.500 մեկաուաթ հզօրութեան քամիի եւ արեւի ուժի ստացումին, ինչպէս նաեւ՝ երկրամասին մէջ հաղորդման շղթայ կառուցելուն համար, որ պիտի իրականացնէ միջազգային համաձայնութիւն մը, որ կը գլխաւորէ Սամսունկը եւ որուն մէջ կը մտնէ նաեւ Korea Electric Power-ը:[34]

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Global Research Identifier Database — 2015.
  2. «History – Corporate Profile – About Samsung – Samsung»։ Samsung Group։ Samsung Group։ արտագրուած է՝ 21 October 2015 
  3. Ihlwan Moon (April 22, 2008)։ «Scandal-Plagued Samsung Chairman Quits»։ Bloomberg։ արտագրուած է՝ 21 October 2015 
  4. «Industrial giant's roots tied to nylon products»։ Joongangdaily.joins.com։ 2009-11-09։ արտագրուած է՝ 2011-02-05 
  5. «효성 40년史..오너 일가 뒷얘기 '눈길'»։ www.chosun.com։ 2007-06-19։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-05-01-ին։ արտագրուած է՝ 2011-02-05 
  6. «SPC-1000»։ old-computers.com։ արտագրուած է՝ 19 March 2012 
  7. Կաղապար:Ko icon Gumisamsung.com
  8. «Samsung to celebrate 100th anniversary of late founder»։ koreaherald.com։ 2010-03-29։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-04-29-ին։ արտագրուած է՝ 2011-01-21 
  9. «Samsung invests $4B in Austin to boost chip output», Austin Business Journal, 21 August 2012, http://www.bizjournals.com/austin/blog/morning_call/2012/08/samsung-invests-4b-in-austin-to-boost.html, վերցված է 22 August 2012 
  10. «Samsung Austin Semiconductor Begins $3.6B Expansion for Advanced Logic Chips»։ Austinchamber.com։ 2010-06-09։ արտագրուած է՝ 2010-09-13 [յղումը չկայ]
  11. Tchorek, Kamil (1 November 2011)։ «Samsung: Proud tradition of maths proves a strong draw»։ The Financial Times (London)։ արտագրուած է՝ 28 May 2013 
  12. «Seagate Completes Acquisition of Samsung's Hard Disk Drive Business|Seagate»։ www.seagate.com։ արտագրուած է՝ 2015-07-14 
  13. «Samsung overtakes Nokia in mobile phone shipments»։ BBC News։ 27 April 2012։ արտագրուած է՝ 6 August 2012 
  14. «Samsung overtakes Nokia for Cellphone Lead»։ արտագրուած է՝ 29 April 2012 
  15. Kirk Ladendorf (21 August 2012), «Analysts: Samsung's Austin upgrades will keep it near head of the pack on low-power processors», Austin American-Statesman, http://www.statesman.com/business/technology/analysts-samsungs-austin-upgrades-will-keep-it-near-2439509.html 
  16. Vascellaro, Jessica E.. (2012-08-25) The Wall Street Journal. Online.wsj.com. Retrieved on 2013-03-19.
  17. Samsung bites back after Apple victory – Asia. Al Jazeera English. Retrieved on 2013-03-19.
  18. South Korean court rules Samsung didn't copy Apple's iPhone design Archived 2016-03-04 at the Wayback Machine.. BennyLabamba.com. Retrieved on 24 August 2012.
  19. Samsung Shares Fall After Apple Wins $1 Billion Verdict. Bloomberg. Retrieved on 2013-03-19.
  20. Apple Seeks Ban on Sales of Eight Samsung Phones in U.S.. Bloomberg. Retrieved on 2013-03-19.
  21. Apple Denied Motion for Permanent Injunction. Scribd.com. Retrieved on 2013-03-19.
  22. «Samsung to audit 250 of its suppliers in China amid allegations of child labor violations»։ CBS News։ 4 September 2012։ արտագրուած է՝ 4 September 2012 
  23. Miyoung Kim (27 November 2013)։ «Samsung's marketing splurge doesn't always bring bang-for-buck»։ Reuters։ արտագրուած է՝ 15 December 2013 
  24. dcseifert։ «Samsung's Gear VR is a portable Oculus Rift for the Galaxy Note 4»։ The Verge։ Vox Media։ արտագրուած է՝ 31 August 2015 
  25. Lee Min- Jeong (6 October 2014)։ «Samsung to Invest $14.7 Billion in New Chip Plant in South Korea»։ The Wall Street Journal։ արտագրուած է՝ 6 October 2014 
  26. Samsung to invest $560 million in Vietnam TV production plant. Reuters, 1 October 2014
  27. By Min-Jeong Lee, The Wall Street Journal. "Samsung to Sell Fiber Optics Business to Corning." 2 December 2014. 2 December 2014.
  28. Tood Bishop, GeekWire. “New stats: Samsung surges past IBM to lead U.S. patent race for 2015.” Dec 15, 2015. Dec 15, 2015.
  29. «Samsung Heavy Industries»։ www.forbes.com։ 2009-09-23։ արտագրուած է՝ 2010-09-13 
  30. «Samsung Heavy Signs Deal with Shell to Build LNG Facilities»։ www.hellenicshippingnews.com։ 2009-07-31։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-04-30-ին։ արտագրուած է՝ 2010-09-13 
  31. «Major construction begins on the Prelude FLNG project»։ 18 October 2012։ արտագրուած է՝ 15 July 2014 
  32. «The gas platform that will be the world's biggest 'ship'»։ bbc.co.uk։ 15 July 2011։ արտագրուած է՝ 19 March 2012 
  33. «Seoul wins 40-billion-dollar UAE nuclear power deal»։ www.france24.com։ 2009-12-28։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-03-03-ին։ արտագրուած է՝ 2010-09-29 
  34. «Korean Companies Anchor Ontario's Green Economy – January 21, 2010»։ www.premier.gov.on.ca։ 2010-01-21։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-05-15-ին։ արտագրուած է՝ 2010-09-13