Էփըլ

(Վերայղուած է Apple-էն)

Apple Inc. ամերիկեան ընկերութիւն մըն է, որ կը զբաղի անհատական եւ պլանշետային համակարգիչներու, նուագարարկիչներու, հեռախօսներու, եւ ծրագրային ապահովման արտադրութեամբ։ Անհատական համակարգիչներու (PC)[23] եւ կրաֆիքական միճերեսով ժամանակակից բազմախնդիր գործադիր համակարգներու մարզի ռահվիրաներէն մէկն է։ Գլխաւոր գրասենեակը կը գտնուի Քալիֆորնիա նահանգի Քուպերթինօ քաղաքին մէջ։

Էփըլ
Տեսակ ձեռնարկութիւն, առեւտրական ձեռնարկութիւն, բրենդ?, հանրային ընկերութիւն, Կորպորացիա?, տեխնոլոգիական ընկերություն?, համակարգչային արտադրող? եւ կազմակերպություն?
Իրավաբանական ձեւ corporation? եւ հանրային ընկերութիւն
Անուանված է խնձոր
Հիմնադրուած է 1 Ապրիլ 1976[1]
Հիմնադիր Սթիվ Վոզնյակ?, Ռոնալդ Ուեյն?[2][3] եւ Սթիվ Ճօպզ[3]
Վայր Կուպերտինո, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Երկիր  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Տնօրէն Թիմ Քուկ?[4]
Ղեկավարութեան անդամներ Arthur D. Levinson?[5], Andrea Jung?[6], Ronald Sugar?[7], James A. Bell?[8], Ալբերտ Գոռ?[9], Բոբ Այգեր?[10][11] եւ Susan Wagner?[12][13]
Արդիւնաբերութիւն ծրագրային ապահովման ընկերություն?[14], կենցաղային էլեկտրոնիկա?[15], թվային բաշխում?, Էլեկտրոնիկա?, Տեղեկատվական տեխնոլոգիա?, բջջային հեռախոսների ինդուստրիա? եւ ծրագրային ապահովման մշակում?
Ընդհանուր ակտիւներ 351 002 000 000 ԱՄՆ դոլար (25 Սեպտեմբեր 2021)[16]
Սեփական ակտիւներ 63 090 000 000 ԱՄՆ դոլար (2021)[16]
Միջոցներու ընդանուր հաշիւ 287 912 000 000 ԱՄՆ դոլար[16]
Հասոյթ 383 285 000 000 ԱՄՆ դոլար (2023)[17]
Գործառնական շահոյթ 114 301 000 000 ԱՄՆ դոլար (2023)[17]
Զուտ շահոյթ 96 995 000 000 ԱՄՆ դոլար (2023)[17]
Շուկայական կապիտալիզացիա 2 470 000 000 000 ԱՄՆ դոլար (24 Օգոստոս 2021)[18]
Աշխատողներու թիւ 164 000 մարդ (2022)[19]
Դուստր ընկերութիւններ FileMaker, Inc.?, Anobit?, Beats Electronics?[20], Braeburn Capital?, AuthenTec?, FingerWorks?, Prismo Graphics?, Raycer?, SchemaSoft?, Էփլ (Գերմանիա)?, Էփլ (Իսրայել)?, Claris?, Apple Store?, Apple Sales International?[21], Siri ընկերություն? եւ Էփլ (Չեխիա)?
Սեփականատէր The Vanguard Group?[22], Բերքշիր Հեթուեյ?, BlackRock? եւ State Street Global Advisors?
Կարգախօս Think different.?
Կայք apple.com(անգլերէն)
Բորսա ՆԱՍԴԱՔ? եւ Տոկիոյի ֆոնդային բորսա?

Նորարարական արհեստագիտութեան եւ էսթետիկ ձեւաւորման շնորհիւ Էփլ ընկերութիւնը ելեկտրոնային պիտոյքներու սպառողական արդիւնաբերութեան մէջ ստեղծած է պաշտամունքի հաւասարող եզակի համբաւ[24]: Ընկերութիւնը աշխարհի վրայ առաջին տեղը կը գրաւէ շուկայի կապիտալիզացիայով, որուն չափը 11 Յունուար 2016-ի դրութեամբ կը կազմէր 537 միլիառ ԱՄՆ տոլար[25]:

Անուանում Խմբագրել

Ընկերութեան անուանումը յառաջացած է անգլերէն՝ apple-էն (խնձոր), լոկոյին մէջ օգտագործած են խնձորի նկար։ Մինչեւ 9 Յունուար 2007՝ 30 տարի շարունակ, ընկերութեան պաշտօնական անուանումը Apple Computer, Inc. էր։ Անունին մէջ Computer բառէն հրաժարիլը ցոյց կու տայ ընկերութեան հիմնական կիզակէտի փոփոխութիւնը, աւանդական համակարգչային արհեստի շուկայէն կենցաղային ելեկտրոնային պիտոյքներու շուկայի անցնիլը։

  • Apple անունը Ճոպսն կ'առաջարկէ այն պատճառով, որ այդ պարագային ֆիրմայի հեռաձայնին թիւը հեռաձայնի գիրքին մէջ պիտի ըլլար «Atari»-էն առաջԿաղապար:-1:
  • Macintosh-ը ԱՄՆ-ու մէջ վաճառուող խնձորի տեսակ է, Ճէֆ Ռասկինի սիրելի խնձորի տեսակը։ Մինչեւ Սթիւ Ճոպսի այդ պաշտօնը ստանցնէ, Ճէֆ Ռասկինը Macintosh նախագիծի ղեկավարն ու մշակողն էր։

Պատմութիւն Խմբագրել

1970-ականներ Խմբագրել

Ընկերութիւնը Քալիֆորնիայի մէջ հիմնած են Սթիւ Ճոպսն ու Սթիւ Վոզնեակը, որոնք 1970-ականներու կէսերուն «MOS Technology 6502» գործադիրի հիման վրայ հաւաքեցին իրենց առաջին անհատական համակարգիչը։ Վաճառելով քանի մը տասնեակ այդպիսի համակարգիչ, երիտասարդ ձեռներեցները ստացան ֆինանսաւորում եւ 1 Ապրիլ 1976-ին պաշտօնապէս արձանագրեցին Apple Computer, Inc. ֆիրման[26]:

1976-ին լոյս տեսած «Apple I»-ը ծրագրաւորոուող առաջին միքրոհամակարգիչը չէր։ Առաջնութեան իրաւունքը կը պատկանէր Էտ Ռոպերտսի ստեղծած եւ 1974-1975 թուականներուն գրացուցակներով տարածուած «Altair 8800» միքրոհամակարգիչին։ Սակայն Altair-ը անհատական համակարգիչ չէր, որովհեսեւ կարելիութիւն չէր տար իր միջոցով համեմատաբար լուրջ խնդիրներ լուծել։

1976-1977 թուականներուն քանի մը ընկերութիւններ շինեցին առաջին անհատական համակարգիչները, ինչպէս՝ 1977-ին հազարներով վաճառուած Commodore եւ Tandy Radio Shack ընկերութիւններուն համակարգիչները։ Բայց առաջին զանգուածային անհատական համակարգիչը, որ կը թողարկուէր միլիոնաւոր օրինակներով, դարձաւ Apple II[23] համակարգիչը։ 1977-էն 1993 Էփլ ընկերութիւնը թողարկեց 8 (աւելի ուշ՝ 8/16) կարգային գիծի «Apple II» համակարգիչներու տարբեր տեսակներ։ 1970-ականներուն եւ 1980-ականներու սկիզբը «Apple II» եւ անոնց կլոնները դարձան աշխարհի վրայ ամէնէն շատ տարածուած անհատական համակարգիչները։ Ամբողջ աշխարհի վրայ վաճառուեցաւ աւելի քան 5 մլն «Apple II» համակարգիչներ։

Այժմ ընդունուած է համարել, որ «Apple II»-ը մէկընդմիշտ լայն ճամրայ բացաւ նոր արդիւնաբերութեան՝ անհատական համակարգիչներու արտադրութեան առջեւ[23]:

1980-ականներ Խմբագրել

1980-ը Էփլի պատմութեան մէջ նշանաւորուեցաւ Apple III նախագիծի շարք մը պատճառներով, ձախողութեամբ։ Բայց նոյն ժամանակ ընկերութիւնը տարաւ պատմութեան մէջ մեծագոյն (1956-էն ետք, երբ ֆոնդայի դրամագլուխ դուրս եկաւ Ford-ը) առաջնային բաժնետոմսերու տարաբաշխումը (IPO)[27]:

1981-ի Մարտին Վոզնեակը կ'ենթարկուի ինքնաշարժի արկածի եւ ժամանակաւորապէս կը ձգէ աշխատանքը։ «Apple III»-ի վաճառքի խնդիրները բերին անոր, որ Ճոպս ստիպուած էր աշխատանքէն հեռացնել 40 աշխատակիցներ։ Լրատվամիջոցները արդէն կ'ազդարարէին Էփլ ընկերութեան մօտակայ վախճանի մասին։ 1983-ի սկիզբը յառաջացած խնդիրները յաղթահարել չկարենալով՝ Ճոպս ընկերութեան նախագահի պաշտօնը ստանցնելու համար կը հրաւիրէ Ճոն Սկալիին, որ այդ ժամանակ նոյն պաշտօնը կը ստանձնէր «PepsiCo»-ի մէջ։ 1983-ի Ապրիլին Սկալին կ'անցնի իր պարտականութիւններուն։ Սթիւ Ճոպս ընկերութեան անյաջողութիւնները կը վերապրէր ինչպէս իր անձնականները, այդ պատճառով անոր եւ Սկալիի միջեւ կը յառաջանան տարաձայնութիւններ եւ բախումներ։

1984-ին էփլ առաջին անգամ ներկայացրուց նոր 32 կարգանի Macintosh համակարգիչը[27]: Հետագային այս դասի համակարգիչները դարձան ընկերութեան հիմնական գործը։ Երկու տասնամեակի ընթացքին ընկերութիւնը թողարկեց Motorola գործօններու վրայ հիմնուած Macintosh համակարգիչները՝ Mac OS ֆիրմային գործադիր համակարգով։ Այս հարթակը կը թողարկէ միայն Էփլը։ Կարճ ժամանակ ետք 1990-ականներու կէսերուն ղեկավարութիւնը որոշում ընդունեց Mac համատեղելի համակարգիչներու համար արտօնագիր ներկայացնել, սակայն հետագային արտօնագիրները ետ կանչուեցան։

Էփլ ունէր րարձր դիրք կառավարական եւ կրթական կազմակերպութիւններու հատուածին մէջ, ինչպէս նաեւ հրատարակչական եւ ձեւաւորման գործին մէջ, հետագային՝ երաժշտական արդիւնաբերութեան մէջ։ Առաջ անցնելով այլ մշակողներուն՝ Էփլը լայն գործածութեան մէջ դրաւ օգտագործողի կրաֆիքական միճերեսը (ինթըրֆէյս) եւ համակարգչային մկնիկը: 1985-ին ԱՄՆ-ի նախագահ Ռոնալտ Ռէյկանը պարգեւատրեց Ճոպսը եւ Վոզնեակը մետալներով՝ արհեստագիտական յառաջընթացի զարգացման համար։ Նոյն տարուան ընթացքին ընկերութիւնը լքեց հիմնադիրներէն մէկը՝ Սթիւ Ճոպսը։

1990-2000-ականներ Խմբագրել

1994-1996 թուականներուն ընկերութիւնը յաջորդաբար շուկայ հանեց 640×480 մատրիցայով, 24 պիթ գոյնով գունաւոր ֆոթոխցիկներու երեք մոտելներ QuickTake 100, 150 եւ 200: Անոնք ժամանակակից տիպի գունաւոր ֆոթոխցիկներէն առաջինն էին, սակայն Էփլի արտադրութիւնը հետագայ զարգացում չստացաւ[28]:

1990-ականներու վերջաւորութեան Էփլի գործերը կտրուկ վատացան եւ 1997-ին երկու տարուան կորուստները կազմեցին 1,86 միլիառ տոլար[27]: Վիճակը փոխուեցաւ 1997-ին Ճոպսի վերադարձով։ Էփլը իրեն համար աստիճանաբար սկսաւ բանալ նոր, համակարգչային արհեստին հետ անմիջական կապ չունեցող շուկաներ։

2001-ին ընկերութիւնը ներկայացուց արագ հանրայայտութիւն ձեռք բերած ձայնային նուագարկիչ iPod-ը։

2003-ին ընկերութիւնը բացաւ iTunes Store թուային ձայնային, տեսողական եւ խաղային մետիա ծաւալի հանրայայտ Համացանց-խանութը (օնլայն սուփըրմարքէթը)։

Իսկ 2007-ին դուրս եկաւ բջիջային հեռախօսներու շուկայ սենսորային սմարթֆոն iPhone-ով։

2010-ականներ Խմբագրել

2010-ին շուկայ իջաւ iPad պլանշետային համակարգիչը[27]։

Ամբողջ աշխարհին վրայ մեծ պահանջարկ ունեցող iPod-ի, iPhone-ի եւ iPad-ի արտադրութիւնը արմատապէս բարելաւեց Էփլի ֆինանսական դրութիւնը՝ բերելով ըենկերութեան ռեկորդային եկամուտ։ 2011-ի Օգոստոսին ըստ շուկայի կապիտալիզացիայի՝ շրջանցելով ExxonMobil նաւթային ընկերութեան, Էփլը դարձաւ աշխարհի ամենաթանկ ընկերութիւնը։ Մինչեւ տարուան աւարտը ընկերութիւնները քանի մը անգամ փոխուեցան տեղերով, սակայն 2012-ի Յունուարէն Էփլ յաջողեցաւ երկար ժամանակ հաստատուիլ առաջին տողին վրայ։ 2012-ի Օգոստոսին անիկա դարձաւ պատմութեան մէջ ամենաթանկ ընկերութիւնը, գերազանցելով 1999-ի Դեկտեմբերին Microsoft-ի սահմանած դոթքոմի պղպջակի գագաթնակէտը, իսկ 2012-ի Սեպտեմբերին Էփլի շարժումը առեւտուրի ընթացքին հասաւ իր առաւելագոյնին՝ 705,07 միլիառ տոլար, կապտալիազացիան՝ 662,09 միլիառ[29]։ 2012-ի Սեպտեմբերի առաւելագոյնէն ետք, մօտ 2013-ի Յունուարին, Էփլի կապիտալիզացիան կրճատուեցաւ 37,6%-ով[29], ինչ որ առիթ տուաւ ExxonMobil-ին կրկին մրցակցիլ իր հետ աշխարհի ամենաթանկ հանրային ընկերութեան տեղին համար[30]։ 13 Նոյեմբեր 2014-ին Էփլը գերազանցեց սեփական ռեկորդը, անոր կապիտալիզացիան կազմեց 663,43 միլիառ տոլար[31]։

2013-ին Էփլ ընկերութիւնը առաջինը եղաւ, որ սկսաւ 64 պիթանոց ARM ճարտարապետութեամբ չիփերու յաջորդական արտադրութիւնը, թողարկելով 64 պիթանոց 2-միջուկային Apple A7 միքրոպրոցեսորը[32]։

2014-ին ընկերութիւնը ներկայացուց իր առաջին անհատական դիւրակիր Apple Watch սարքաւորումը։

2016-ին WWDC-2016 ամենամեայ համաժողովին Էփլ ընկերութիւնը յայտարարեց, որ վաճառանիշի սարքաւորոմը պիտի աշխատի աւարտին ծածկագրման սկզբունքով․ տեղեկությինը կը քոտաւորուի այն փոխանցող սարքաւորման վրայ եւ կ'ապաքոտաւորուի կիրառուող գաջեթով։ Անիկա ծրագրում կիրառած է ձայնային զանգերու կատարման, ինչպէս նաեւ նոր մեսենճերի մէջ[33]։

Պատկերանիշ Խմբագրել
 
Apple կազմակերպութեան լոկոն
 
Apple-ի առաջին լոկոն
 
Apple-ի ծիածանագոյն լոկոն

Apple-ի առաջին ոչ պաշտօնական լոկոյի հեղինակը Ռոն Ուայնն էր։ Այդ լոկոյին վրայ պատկերուած էր խնձորի ծառի տակ նստած Իսահակ Նիւթոնը։ Լոկոն թողարկուած է 1 Ապրիլ 1976-ին[34]։

Կարճ ժամանակ ետք լոկոն փոխարինուեցաւ Ռոպ Եանովի «ծիածանագոյն խնձոր» անգլերէն՝ rainbow լոկոյով։ Անիկա հրապարակուած 4 Օգոստոս 1977-ին Macintosh Classic 2 թողարկման հետ։ Եանովը ներկայացուցած էր լոկոյի երկու տարբերակ՝ նորմալ եւ կծած, որոնցմէ Ջոբսը ընտրած է երկրորդ տարբերակը։

Եանովի ստեղծած լոկոյի նշանին մէջ կարեւոր է խնձորի ձեւը, որ եղած է «ոսկիէ ճշգրտութեամբ»[35]:

Նախնական լոկոն փոխելու նպատակն այն էր, որ անիկա գրաւէ մարդոց ուշադրութիւնը եւ բարձրացնէ կազմակերպութեան վարկանիշը։ Աշխատանքը բարդ էր, շատեր արդէն պատրաստ էին Apple-ի սնանկացման եւ կազմակերպութեան նկատմամբ ձեւաւորուած էր բացասական դիրքորոշում, որ կը կապէր չյաջողած լոկոյի հետ։ Ստեղծուած իրավիճակին ընթացքին անհրաժեշտ էր ստեղծել կազմակերպութեան նոր լոկոյ։ Պահանջն էր, որ անիկա ըլլայ պարզ, ժամանակակից տեսքով եւ լաւ ճանաչելի։ Ձեւաւորողներ Եանովը եւ Սթիւ Ճոպսը եկան այն եզրակացութեան, որ իտէալական լոկոտիպը միագոյն խնձորն է, որ պէտք է կծած ըլլայ աջ կողմէն եւ չնմանի լոլիկի։ Ճոպսի այս պատկերը շատ դուր կու գայ, սակայն ան կ'որոշէ, որ լոկոն անպայման պէտք է ըլլայ գունավոր։ Ճոպսը համոզուած էր, որ գունաւոր լոկոն կ'օգնէ ձեւաւորելու կազմակերպութեան վերաբերող դրական վերաբերմունք։

Մայքլ Սքոթը՝ Apple-ի առաջին գլխաւոր գործադիր տնօրէնը, ծիածանփայլ լոկոն անուանած է ամենաթանկ լոկոյ, որ երբեւէ գոյութիւն ունեցած է։ Ատիկա կապուած էր այն փաստին հետ, որ այն ժամանակ գունաւոր լոկոյի լոյս ընծայումը աւելի սուղ էր, քան սեւ-ճերմակինը։ Ռոպ Եանովը միաժամանակ գունաւոր տարբերակի հետ ներկայացուցած է նաեւ լոկոյի միագոյն եւ մետաղական տարբերակները, սակայն չնայած թանկարժէք ըլլալուն, կազմակերպութեան տնօրէնութիւնը որոշած է կանգ առնել գունաւոր տարբերակին վրայ[36]։

Ռոպ Եանովի բացատրութեամբ գունաւոր լոկոն կապուած է այն հանգամանքին հետ, որ Apple-ը լոյս կ'ընծայէ համակարգիչներ՝ գունաւոր մոնիթորներով։ Այն ժամանակ Mac համակարգիչներու էկրանը կրնար արտացոլել 6 գոյն։ Այդ գոյներն ալ նշուած են լոկոյին մէջ։ Գոյներու դասաւորութեան ինչ-որ օրէնքներ չկան։ Եանովը գոյները դասաւորած է պատահական կարգով, միայն կանաչ գոյնը տեղակայուած եղած է առաջին դիրքին վրայ։ Այսպիսով, ձեւաւորուեցաւ գունաւոր կծած խնձորի տեսքով լոկոն, որ գոյատեւեց մինչեւ 1999։ Ատկէ ետք լոկոն սկսաւ լոյս տեսնել սեւ-ճերմակ գոյներով։ Այն ժամանակ լոկոն եղած է շրջուած խնձորի տեսքով, որպէսզի փակ համակարգիչի պարագային անիկա յայտնուէր օգտուողին դիմաց ուղիղ դիրքով[37]։

27 Օգոստոս 1999-ին (IMAC G3-ի հրատարակումէն մէկ տարի ետք) Apple-ը պաշտօնապէս հրաժարեցաւ ծիածանագոյն լոկոյէն, սկսաւ օգտագործել միագոյն լոկոյ, որ ձեւով նման է «ծիածանագոյն խնձորին»։ Աքուա թեմատիկայով տարբերակը օգտագործուած է 1999-2003 թուականներուն, իսկ ապակիէ թեմատիկայով տարբերակը՝ 2007-2013 թուականներուն։

Միաձուլում Եւ Կլանում Խմբագրել

Իր գործունէութեան տարիներուն Էփլը բազմիցս կլանած է ՏՏ շուկային մէջ աշխատող տարբեր ընկերութիւններու։ Նման խոշորագոյն գործարքներէն է NeXT (1996, 430 մլն տոլարով), P.A. Semi (2008-ի Ապրիլ, 280 մլն տոլարով), Quattro Wireless (2010-ի Յունուար, 274 մլն տոլարով), Siri (2010-ի Ապրիլ, 200 մլն տոլարով), Anobit Technologies (2012-ի Յունուար, 400–500 մլն տոլարով), Beats Electronics (2014-ի Մայիս, 3 միլիառ տոլարով)[38] եւ այլ ընկերութիւններու գնումը։

Սեփականատէրեր Եւ Ղեկավարութիւն Խմբագրել

Էփլ հանրային ընկերութիւն ակցիաները կը վաճառուին NASDAQ բիրժայի եւ լոնտոնեան ֆոնտային բիրժայի մէջ։ Թողարկուած ակցիաներու ընդհանուր քանակը 2011-ի սկիզբը կազմած է 921,28 միլիոն հատ։ 26 Մայիս 2010-ի դրութեամբ Էփլ ընկերութեան շուկայական գինը գերազանցեց Microsoft-ի շուկայական գինին[39]։ 2011-ի Մարտի դրութեամբ ընկերութեան շուկայական կապիտալիզացիան գնահատուեցաւ 309,5 միլիառ տոլար[40]։

2011-ի Օգոստոսին ըստ Շուկայական կապիտալիզացիայի, որ 10 Օգոստոս-ին կը կազմէ 338,8 միլիառ տոլար, Էփլը կը դառնայ աշխարհի ամենաթանկ ընկերութիւնը[41]։ 9 Փետրուար 2012-ի դրութեամբ Էփլի կապիտալիզացիան հասաւ 456 միլիառ տոլար գծանշանին։ Ատիկա կը գերազանցէ Էփլի մօտակայ մրցակիցներ Կուկլ-ի եւ Մայքրոսոֆթ-ի միասին վերցուցած ընդհանուր արժէքին[42]։

2016-ի Մարտին Էփլ ըստ Շուկայական կապիտալիզացիայի, 571 միլիառ տոլար դրամագլուխով կը հանդիսանայ առաջին դիրք[42], չնայած 2016-ի սկիզբը որոշ ժամանակով կը զիջի առաջնորդությունը Google-ի մայրական ընկերութեան՝ Alphabet Inc-ին На март 2016 года Apple является лидером по рыночной капитализации с суммой в $571 млрд[42], хотя в начале 2016 года на некоторое время уступала лидерство Alphabet Inc, материнской компании Google.

 
Էփլի գլխաւոր գրասենեակը Կուպերտինոյի մէջ

Տնօրէններու Խորհուրդ[43] Խմբագրել

Հիմնական Կառավարում[43] Խմբագրել

Տնօրէններ
Աւագ փոխնախագահներ
Փոխնախագահներ[45]
  • Փոլ Տնիով - «յատուկ նախագիծեր»-ու փոխնախագահ
  • Ալան Տայ (անգլերէն՝ Alan Dye) - Օգտուողի ինթըրֆէյս ձեւաւորման փոխնախագահ
  • Ռիչըրտ Հոուըրտ (անգլերէն՝ Richard Howarth) - արտադրական ձեւաւորման փոխնախագահ
  • Թոր Մայրըն (անգլերէն՝ Tor Myhren) - Առեւտրական հաղորդակցութեան փոխնախագահ
  • Սթիւ Տաուլինկ (անգլերէն՝ Steve Dowling) - հասարակութեան հետ կապերու եւ ԶԼՄ-ի փոխնախագահ
  • Տէնիզ Եանկ Սմիթ (անգլերէն՝ Denise Young Smith) - համաշխարհային կադրային քաղաքականութեան փոխնախագահ
  • Լիզա Պերեք Ճէքսըն - շրջակայ աշխարհի պաշտպանութեան, քաղաքական գործիչներու եւ ընկերային փոխնախագահ
  • Ճոէլ Պոտոլնիյ - Էփլ համալսարանի դեկան եւ փոխնախագահ
  • Պոպ Մանսֆիլտ - նախկին աւագ փոխնախագահ, ներկայիս «Project Titan» նախագիծի խորհրդատու եւ ղեկավար, կ'ենթարկուի անմիջապէս Թիմ Քուքին[46].

Ընկերութեան Պատմութեան Հիմնական Դէմքեր Խմբագրել

CEO:

Այլ անձնաւորութիւններ

Գործունէութիւն Խմբագրել

Ընկերութիւնը իր արտադրութեան մէկ մասը կը վաճառէ իրեն պատկանող Apple Store մանրածախ խանութներու միջոցով (աւելի քան 400[48]։), տեղակայուած՝ ԱՄՆ-ու, Քանատայի, Ճափոնի, Մեծ Բրիտանիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ։ Ինչպէս նաեւ կը զբաղի իր Apple Store (online), iTunes Store եւ App Store օնլայն խանութներու միջոցով տարբեր ապրանքներու (ոչ միայն սեփական արտադրութեան) իրացմամբ։ Օնլայն խանութները 2013-ն ընկերութեան բերին 18,3 միլիառ տոլար, որ Apple ընկերութեան դրաւ օնլայն մանրածախ առեւտուրով զբաղող ընկերութիւններու մէջ Amazon.com-էն ետք երկրորդ դիրքը[49]։

Արտադրութիւն Խմբագրել

Այժմ Apple ընկերութեան կողմէ լոյս տեսնող արտադրութիւնները․

  • iPhone - բջիջային հեռաձայններ
  • iPad - պլանշետային համակարգիչներ
  • iPod, iPod shuffle, iPod nano եւ iPod touch - դիւրակիր մուլտիմեդիա նուագարկիչներ
  • MacBook Air - սպառողական ուլտրաբարակ, շարժական նոթպուք, շրջանառութեան մէջ է 2008-էն
  • MacBook Pro - մասնագիտական նոթպուք, շրջանառութեան մէջ է 2006-էն
  • Mac Mini- սպառողական համակարգիչ, ներկայացուած է 2005-էն
  • iMac - սպառողական սեղանադիր համակարգիչ, շրջանառութեան մէջ է 1998-էն
  • Mac Pro - սպառողական սեղանադիր համակարգիչ, շրջանառութեան մէջ է 2006-էն
  • Thunderbolt Display - համակարգչային մոնիտորներ
  • Mac Pro Server, Mac mini Server - սերվերներ
  • Apple TV - Magic Mouse, Magic Trackpad եւ այլ մուլտիմեդիա նուագարկիչներ, բացի անկէ, ընկերութիւնը կ'արտադրէ անոնց համար լրակազմ եւ ծրագրային ապահովում։
  • Apple Watch - խելացի ժամացոյցներ

Գործունէութեան Ցուցանիշներ Խմբագրել

Ֆինանսական ցուցանիշներ միլիառ ԱՄՆ տոլարով
Տարի 2001 2002 2003 2004 2005 2006 2007 2008 2009 2010 2011 2012 2013 2014 2015
Շրջանառութիւն 5,363 5,742 6,207 8,279 13,93 19,32 24,58 37,49 42,91 65,23 108,3 156,51 170,91 182,8 233,7
Մաքուր եկամուտ -0,025 0,065 0,069 0,276 1,335 1,989 3,495 6,119 8,235 14,01 25,92 41,73 37,04 39,51 53,39
Աշխուժներ 6,021 6,298 6,815 8,05 11,55 17,21 24,88 36,17 47,5 75,18 116,4 176,1 207 231,8 290,5
Սեփական կապիտալ 3,92 4,095 4,223 5,076 7,466 9,984 14,53 22,28 31,64 47,79 76,62 118,2 123,5 111,5 119,4

Ծանոթութիւն. իւրաքանչիւր տարուան 25 սեպտեմբեր-ի դրութեամբ[50][51].

Առեւտուր Խմբագրել

էփլի առեւտրական քաղաքականութիւնը ոմանց բաւականին թշնամական կը թուի։ Օրինակ՝ Microsoft Windows հարթակի վրայ Էփլի արտադրութիւն օգտագործողները կրնան ստանալ իրենց մօտ չտեղադրուած արտադրութեան թարմացման մասին հաղորդագրութիւններ, քանի որ այդ ապրանքներու տեղադրման կարգաւորումները միացած են լռելեայն։ Մասնաւորապէս, Safari օգտագործողներուն կ'առաջարկուի տեղադրել iTunes եւ QuickTime։ Անկէ հրաժարելու համար անոնք իրենք պիտի հանեն թարմացումներու երկխօսութեան պատուհանին համապատասխան նշումները[52]։

Այսպէս, 2008-ին Էփլ սկսաւ առաջարկել iTunes օգտագործողներուն Windows-ի համար տեղադրել իր Safari վեպ-պրաուըերը։ Ընդ որուն, պրաուզըրի տեղադրումը միացած է լռելեայն, իսկ անոր նկարագրութիւնը կազմուած է բացառապէս ծանուցումէ եւ կայքի յղումներէ[53]։

«1984» Ծանուցումի Հոլովակ Խմբագրել

«1984»-ը բեմադրիչ Ռիտլի Սքոթի պատկերասփիւռի ծանուցումի հոլովակն է՝ նուիրուած Macintosh համակարգիչին։ Առաջին անգամ ցուցադրուած է 22 Յունուար 1984-ին։ Օգտագործուած է Ճորճ Օրուէլի «1984» հակաուտոպիական վէպի անուանումը եւ կը խաղարկէ անոր նիւթը։

«Think Different» Ծանուցումի Քարոզարշաւ Խմբագրել

«Think Different» (մտածէ ուրիշ ձեւով) - 1997-2002 թուականներուն Էփլի յաջողած ծանուցումի քարոզարշաւն է։

Ցուցահանդէսներ Խմբագրել

Էփլ ամէն տարի կը կազմակերպէ MacWorld ցուցահանդէսը, ուր կը ներկայացնէ իր նոր ատրադրութիւնները եւ թարմացումները։

Քննադատութիւն Խմբագրել

21 Ապրիլ 2011-ին Կրինփիսը (անգլերէն՝ Greenpeace) զեկուցում մը հրապարակեց, ընդգծելով այն փաստը, որ տուեալներու մշակման կեդրոնները կը սպառեն ամբողջ համաշխարհային ելեկտրականութեան 2%-ը, եւ համաձայն կանխանտեսումներու, այդ թիւը պիտի աւելնայ։ Ֆիլ Ռետֆորտը Կրինփիսէն կ'ըսէ, որ իրենք անհանգստացած են անով, որ ելեկտրական ուժի սպառման այդ նոր պայթիւնը այսօր հասանելի մաքուր ուժի փոխարէն կրնայ նետել մարդկութեան բնութիւնը աղտոտող ուժի աղբիւրներու հին համակարգ[54]։ Էփլի դէմ Կրինփիսի բողոքէն ետք, 17 Ապրիլ 2012-ին, ընկերութիւնը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ այն մասին, որ կ'աւարտէ ածուխի օգտագործումը եւ կ'անցնի 100 % կենսոլորտի մաքուր ուժի[55][56]։ 2013-ին էփլ յայտնեց, որ տուեալներու մշակման իր կեդրոններու սնուցման համար կ'օգտագործէ 100 % նորացուած ուժի աղբիւրներ եւ ամբողջ հզօրութեան 75 %-ը կը ստացուի նորացուած աղբիւրներէն[57]։

2010-ին սպառողներուն կանաչ ընկերութեան կողմ ուղղելով զբաղող Climate Counts ոչ-առեւտրական կազմակերպութիւնը Էփլ ընկերութեան կու տայ 100 կարելիութենէն 52-ը, որ Էփլը կը դնէ «Ճանապարհին»-ի ամենաբարձր կարգին վրայ»[58]։ Անիկա ցատկ էր առաջ 2008-ի Մայիսի համեմատութեամբ, երբ Climate Counts Էփլին տուաւ 100-էն 11 միաւոր, որ ելեկտրական գործիքներու արտադրութեամբ զբաղող ընկերութիւններուն մէջ Էփլը դրաւ վերջին դիրքին վրայ։

Թունաւոր Թափօններ Խմբագրել

Կրինփիս Էփլ ընկերութեան դէմ քարոզարշաւ սկսաւ տարբեր կենսոլորտային պատճառներով, օրինակ՝ IPhone-ի մէջ կրկնակի վերամշակման չենթարկուող սարքային բաղադրիչներու եւ թունաւոր նիւթերու պատճառով[59][60]։ 2003-էն Կրինփիս արշաւ կը սկսը Էփլի դէմ՝ իր արտադրութեան մէջ յատուկ քիմիական նիւթերու օգտագործման՝ մասնաւորապէս, պոլիւինիլքլորիտի եւ պրոմացուած աւելցուքներու ներառման համար[59]։ 2 Մայիս 2007-ին Սթիւ Ճոպս հրապարակեց զեկուցում մը՝ յայտարարելով մինչեւ 2008-ի վերջը պոլիւինիլքլորիտի եւ պրոմացուած աւելցուքներու ոչնչացման ծրագիրներուն մասին[61][62]։ Այդ ժամանակէն Էփլ կը բացառէ իր արտադրութիւններուն մէջ պոլիւինիլքլորիտը եւ պրոմացուած աւելցուքները՝ դառնալով նոթպուք արտադրողներու մէջ առաջինը, որ այդպէս վարուեցաւ[63][64]։ 2006-ի Օգոստոսին լոյս տեսած Կրինփիսի «Կանաչ Ելեկտրական Պիտոյքի Ձեռնարկ»-ի առաջին հրատարակչութեան մէջ Էփլ 10-էն 2․7 նիշ ստացած էր[65]։

Շրջակայ միջավայրի պաշտպանութեան Ամերիկեան գործակալութիւնը նոթպուք արտադրողներուն մէջ բարձր կը գնահատէ Էփլը եւ հեղուկ-բիւրեղային տիսփլէյներ ու սեղանադիր համակարգիչներ արտադրող այլ ընկերութիւններու համեմատ բարձր գնահատականներ կու տան անոր[66][67]։

2007-ի Յունիսին Էփլ ընկերութիւնը թարմացուց MacBook Pro-ն՝ փոխարինելով հեղուկ-բիւրեղային տիսփլէյներու լուսաւորման սառը կատոդով ծորնական լամփերը առանց սնդիկի լուսադիոդներով եւ մկնդեղ չպարունակող ապակիով[68], անկէ ետք ան նոյն փոփոխութիւնը իրականացուց նաեւ նոթպուքերու համար[61][69][70]։ Էփլ բացառեց նաեւ տարբեր ներքին բաղադրիչներու մէջ պոլիւինիլքլորիտի եւ պրոմացուած աւելցուքներու կիրառումը։ Էփլ իւրաքանչիւր արտադրութեան համար կը ներկայացնէ տեղեկութիւններ թափօններու, նիւթերու եւ ելեկտրականութեան սպառման մասին[71]։

2009-ի Յունիսին iPhone 3GS-ը լոյս տեսաւ առանց մկնդեղի, պոլիւինիլքլորիտի եւ բրոմացված աւելցուքներու եւ ունէր սնուցման արդիւնաւէտ ադապտեր[68]։ 2009-ի Հոկտեմբերին Էփլ թարմացուց iMac-ը եւ MacBook-ը՝ փոխարինելով հեղուկ-բիւրեղային տիսփլէյներու լուսաւորման սառը կատոդով ծորնական լամփերը առանց սնդիկի լուսադիոդներով եւ մկնդեղ չպարունակող ապակիով։ Էփլի բոլոր համակարգիչները ըստ EPEA վարկածի, ունին Gold կարգավիճակ[72]։

2011-ի Հոկտեմբերին չինական իշխանութիւնները հրամայեցին Էփլի մատակարարներուն փակել Սոչժոուի իրենց գործարանի մէկ մասը, երբ տեղաբնակները յայտնաբերեցին նշանակալի կենսոլորտային խնդիրներ[73].։ 2012-ի Յունիսին Էփլ ետ կանչեց արտադրութիւնը EPEA-էնref>Joel Schectman (May 22, 2012). «Apple Removes Green EPEAT Electronics Certification From Products - The CIO Report - WSJ» Archived 2014-02-21 at the Wayback Machine.. Blogs.wsj.com. Retrieved July 23, 2012.</ref>, բայց Յուլիսին չեղեալ յայտարարեց այդ որոշումը[74]։

Աշխատանքային Պայմաններ Խմբագրել

2006-ին Mail onSunday-ը հաղորդեց Չինաստանի գործարաններու աշխատանքային պայմաններու մասին, ուր ենթակապալառու ձեռնարկումներ՝ Foxconn-ը եւ InventeciPod կ'արտադրէին[75]։ Յօդուածին մէջ կ'ըսուի, որ iPod-ի հաւաքումով զբաղող բարդ գործարաններէն մէկուն մէջ, աւելի քան 200 000 աշխատողներ կ'ապրէին եւ կ'աշխատէին եւ շաբաթական աւելի քան 60 ժամ զբաղած էին աշխատանքով։ Յօդուածին մէջ նաեւ հաղորդուէր, որ աշխատողները ամսական կը ստանային մօտ 100 ամերիկեան տոլար եւ պարտաւոր էին ընկերութեան վճարել կացարանի վարձքի եւ սնունդի համար, որ ամբողջութեամբ կը կազմէր աշխատողներու աշխատավարձի կէսէն քիչ մը աւելի[76][77][78]։

Էփլ անմիջապէս հետաքննութեան եւ աշխատանքի սկսաւ իր արտադրողներուն հետ, որպէսզի ապահովէ աշխատանքի ընդունելի պայմաններ[79]։ 2007-ին Էփլ սկսաւ իր բոլոր մատակարարներու աշխատողներու իրաւունքներու վերաբերյել ամենամեայ ստուգում, հետզհետէ բարձրացնելով չափանիշները եւ առանձնացնելով չհամապատասխանող մատակարարները։ Աշխատանքներու ընթացքին մասին ամենամեայ հաշուետուութիւնները կը հրապարակուին 2008-էն[80]։ 2010-ին Չինաստանի մէջ որոշած էին դատի տալ IPhone արտադրող կապալառուները, հեղուկ-բիւրեղային էկրաններու մաքրութեան համար օգտագործուող մաքրիչով թունաւորման պատճառով։ Աշխատող մը կը հաստատէր, որ ինք եւ գործընկերները չեն հաղորդուած հնարաւոր մասնագիտական հիւանդութիւններու մասին[81]։ Չինաստանի iPad եւ iPhone հավաքող Foxconn գործարաններում ինքնասպանութունների ալիքից[82] ապա աշխատողներուն պարտադրեցին ստորագրել իրաւաբանօրէն պարտաւորեցնող փաստաթուղթ, որ կ'երաշխաւորէր, որ անոք անձնասպանութիւն չեն գործի[83]։

2011-ին Էփլն ընդունեց, որ իր մատակարարները Չինաստանի մէջ կ'օգտագործեն մանկական աշխատանքը[84]։ Էփլի ապրանքներ արտադրող գործարաններուն մէջ աշխատողները կ'ենթարկուին ապրանքներու մաքրութեան համար օգտագործուող էթիլի էժան փոխարինող H-հեքսանի եւ նէյրոտոքսինի ազդեցութեան[85][86]։ 2013-ին China Labor Watch-ը յայտնաբերեց Pegatron-ին պատկանող առարկաներուն մէջ աշխատանքային պայմաններու վերաբերեալ Էփլի խոստումներու եւ օրէնքի խախտումներ, ինչպէս ազգային փոքրամասնութիւններու եւ կիներու խտրականութիւն, աշխատողներու աշխատավարձի պահումներ, չափազանց երկար աշխատանքային ժամեր, կեանքի վատ պայմաններ, առողջութեան եւ անվտանգութեան հետ կապուած խնդիրներ ու շրջակայ միջավայրի ապականում[87]։

Հարկեր Խմբագրել

2009-2011 թուականներուն ASI-in վճարուած ընդհանուր հարկերը [88]
2011 2010 2009 Ընդամէնը
Եկամուտները մինչեւ հարկերու վճարումը 22 միլիառ ամերիկեան տոլար 12 միլիառ ամերիկեան տոլար 4 միլիառ ամերիկեան տոլար 38 միլիառ ամերիկեան տոլար
Ընդհանուր հարկ 10 միլիառ ամերիկեան տոլար 7 միլիառ ամերիկեան տոլար 4 միլիառ ամերիկեան տոլար 21 միլիառ ամերիկեան տոլար
Եկամտահարկի կոպար 0.05 % 0.06 % 0.1 % 0.06 %

Որպէսզի կրճատէ հարկերը, որոնք ընկերութիւնը կը վճարէ ամբողջ աշխարհին, Էփլ ստեղծեց դուստր ընկերութիւններ ցած եկամտահարկով վայրերու մէջ, ինչպիսիք են Իրլանտան, Հոլանտան, Լիւքսեմպուրկը եւ Բրիտանական Վիրճինեան Կղզիները։ Համաձայն New York Times-ի, Էփլ առաջին արհեստագիտական ընկերութըւնն է, որ այլ մայրցամաքներու վրայ վաճառքներ սկսաւ դուստր ընկերութիւններու անունով՝ շրջանցելով եկամուտներու հարկերը։ 1980-ի վերջը Էփլ առաջինն էր «Կրկնակի իրլանտական՝ հոլանտական սանտուիչով» անունով յայտնի հաշուառման թեքնիքին մէջ, որ կը պակսեցնէ հարկերը, եկամուտը իրլանդական դուստր ընկերութիւններու միջոցով ուղղելով Հոլանտա, ապա՝ դէպի Քարիպներ[89]։

Մեծ Բրիտանիայի Պահպանողական Կուսակցութեան անդամ Չարլի Էլֆիքը հրապարակեց 30 Հոկտեմբեր2012-ի հետազօտութիւնը, որ ցոյց կու տայ, որ որոշ միջազգային ընկերութիւններ, ինչպէս Էփլ ընկերութիւնը, Մեծ Բրիտանիոյ միլիառներ ֆունտ եկամուտ բերած են, բայց Մեծ Բրիտանիոյ գանձապետարան վճարած են միայն 3 տոկոս եկամտահարկի արդիւնաւէտ կոպար, որ նշանակալիօրէն ցած է եկամուտներու պարզ հարկէն։ Հրապարակելով հետազօտութիւնը, Էլֆիք կոչ ուղղեց գանձապետարանի կանցլեր Ճորճ Օսպորնին, հարկադրել միջազգային ընկերութիւնները (անոնց մէջ Google-ը եւ Coca-Cola Company-ն), յայտնել եկամտահարկի արդիւնաւէտ կոպարը, որ անոնք Մեծ Բրիտանիոյ մէջ կը վճարեն իրենց եկամուտներէն։ Էլֆիք նաեւ հաղորդեց, որ անհրաժեշտ է պետական պայմանագիրներուն մէջ մերժել այն միջազգային ընկերութիւնները, որոնք չեն վճարեր իրենց արդարացի բաժնեմասը Մեծ Բրիտանիոյ[90]։

Էփլ եւ Արտօնագիրեր Խմբագրել

16 Հոկտեմբեր 2012-ի դրութեամբ ընկերութիւնը ստացած է 5440 արտօնագիր, ինչպէս յայտնագործումներ (եօթնանիշ համար)՝ 4480 հատ, ձեւաւորման նախագիծեր (համարին մէջ ընդգրկուելով D տառը եւ վեց թիւ)՝ 914 հատ[91]։

Էփլի Դէմ Հայցեր Խմբագրել

2009-ին Nokia ընկերութիւնը մեղադրեց Էփլը 10 արտօնագիրներու խախտման համար, որոնք կը վերաբերին ձայնային ազդանշանի կոդաւորմանը, տուեալներու պաշտպանուած հաղորդման արձանագրութիւններուն եւ շարք մը այլ յայտնագործումներու, որոնք օգտագործուած են iPhone-ի մէջ, սարքի առաջին տարբերակի ի յայտ գալու պահէն[92]։ Այս պատճառով Էփլ ընկերութիւնը նշուած արտօնագիրներու խախտման մէջ ճանչուեցաւ մեղաւոր՝ ստանալով կարգադրութիւն փոխհատուցում վճարել Nokia ընկերութան, ինչպէս նաըպ հետագային կատարել յատկացումներ[93]։ Համաձայնագիրի մանրամասնութիւնները չեն բացայայտեր[94]։

2011-ի վերջաւորութեան գերմանական դատարանը ճանչցաւ Motorola Mobility ընկերութեան տուեալներու անլար փոխանցման մարզի արտօնագիրի խախտումը, պարտադրելով Էփլ ընկերութեան վճարել փոխհատուցում 4 տարուան համար, ինպէս նաեւ ամրագրել Motorola-ի իրաւունքը պահանջելով Էփլ սարքապորումներէն հանել արտօնագրուած արհեստագիտութիւնները[95]։

2015-ի Օգոստոսին հրապարակուեցաւ դատարանի վճիռը, որուն մէջ կ'ըսուի, որ ընկերութեան լոյս ընծայած A7 պրոցեսորը կը խախտէ Ուիսթոնսինի համալսարանի արտօնագիրը։ Դատարանը պարտադրեց Էփլ ընկերութեան վճարել 862 միլիոն ամերիկեան տոլար բարոյական վնասի փոխհատուցման համար[96]։

Տես Նաեւ Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. ROR Data — v1.19 — 2023. — doi:10.5281/ZENODO.7644942
  2. BBC News Online — 1997.
  3. 3,0 3,1 The Daily Telegraph, Daily telegraph / C. EvansLondon, Thailand: 1855. — ed. size: 622719 — ISSN 0307-1235; 1477-3805
  4. https://www.apple.com/leadership/tim-cook/
  5. Կոմյունիկե
  6. Կոմյունիկե
  7. Կոմյունիկե
  8. https://www.apple.com/newsroom/2015/10/01James-Bell-Joins-Apples-Board-of-Directors/
  9. https://www.apple.com/newsroom/2003/03/19Former-Vice-President-Al-Gore-Joins-Apples-Board-of-Directors/
  10. https://www.hollywoodreporter.com/news/general-news/disney-bob-iger-apple-board-261834/
  11. https://www.reuters.com/article/us-apple-board/disney-ceo-bob-iger-resigns-from-apple-board-as-tv-battle-looms-idUSKCN1VY2G9
  12. http://bits.blogs.nytimes.com/2014/07/17/apple-adds-susan-wagner-of-blackrock-to-board/
  13. Կոմյունիկե
  14. https://apple.com
  15. https://www.apple.com
  16. 16,0 16,1 16,2 Apple Financial Results 2021
  17. 17,0 17,1 17,2 Form 10-K — 2023.
  18. Apple (AAPL) Stock Key Data
  19. https://www.statista.com/statistics/273439/number-of-employees-of-apple-since-2005/
  20. http://www.beatsbydre.com/aboutus
  21. https://ec.europa.eu/commission/presscorner/detail/en/IP_14_663
  22. https://money.cnn.com/quote/shareholders/shareholders.html?symb=AAPL&subView=institutional
  23. 23,0 23,1 23,2 Знакомьтесь: компьютер // Под ред. В. М. Курочкина. - М.: Мир, 1989. ISBN 5-03-001147-1
  24. MacNN Staff (2006-06-11)։ «Apple, Google tops in loyalty survey»։ Macnn News։ MNM Media, LLC։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2010-07-12-ին։ արտագրուած է՝ 2010-05-19 
  25. Apple Inc.: NASDAQ:AAPL quotes & news - Google Finance
  26. История компании Apple: 16.02.2010 :: История компании Apple Archived 2010-03-29 at the Wayback Machine.
  27. 27,0 27,1 27,2 27,3 <Apple повторила успех Microsoft и Cisco Systems>
  28. Ю.Аммосов. Проект «Корона»: откуда в вашем смартфоне фотоаппарат, slon.ru, 6 февраля 2016г.
  29. 29,0 29,1 Apple перестала быть самой дорогой компанией мира. // Ведомости
  30. Самые дорогие компании мира: Apple, ExxonMobil, Samsung Archived 2013-12-03 at the Wayback Machine.. Бизнес и финансы на interfax.by
  31. Новый рекорд Apple: капитализация компании превысила $660 млрд
  32. Крупнейшие производители мобильных процессоров последуют за Apple.
  33. Ъ-Новости - На устройствах Apple появится полное шифрование звонков и сообщений
  34. «Archive copy»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-09-02-ին։ արտագրուած է՝ 2016-08-12 
  35. «Archive copy»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-07-30-ին։ արտագրուած է՝ 2016-08-12 
  36. http://www.wired.com/2003/09/apple-doin-the-logo-motion/
  37. http://macovod.net/2009/04/istoriya-poyavleniya-samogo-izvestnogo-logotipa-apple/
  38. «Официально: Apple купила Beats за 3 млрд долларов»։ CyberSecurity։ արտագրուած է՝ 2014-05-29 
  39. Рыночная стоимость компании Apple превысила рыночную стоимость компании Microsoft[permanent dead link]
  40. Apple потеряла $17,4 млрд на землетрясении в Японии
  41. Олег Сальманов, Александр Силонов.։ «Apple повторила успех Microsoft и Cisco Systems»։ // vedomosti.ru։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-10-09-ին։ արտագրուած է՝ 2011-8-11 
  42. 42,0 42,1 42,2 10.02.2012 :: cnews.ru:: Apple стоит больше Google и Microsoft вместе взятых
  43. 43,0 43,1 43,2 Executive Profiles and Board of Directors.
  44. 15.03.2010 Временный глава Apple получил бонус в $22 млн.
  45. На странице руководства Apple появилось 5 новых имён Archived 2014-09-11 at the Wayback Machine..
  46. «Боб Мансфилд возглавит Project Titan в Apple» (ռուսերեն)։ «DeepApple.com»։ 26 июля 2016։ արտագրուած է՝ 27.07.2016 
  47. Гендиректора Google уволили из Apple.
  48. Глава Apple Store получит почти 70 млн долларов.
  49. Apple стала вторым по величине интернет-ретейлером.
  50. «Annual Report 2005 (SEC Filing Form K-10)» (անգլերեն)։ Apple Inc.։ 2005-12-01։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-08-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-08 
  51. «Annual Report 2010 (SEC Filing Form K-10)» (անգլերեն)։ Apple Inc.։ 2010-10-27։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-08-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-08 
  52. «Apple iPad» (ռուսերեն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2010-09-29-ին։ արտագրուած է՝ 2010-09-21 
  53. Martin LaMonica.։ «Apple pushes Safari on Windows via iTunes updater» (անգլերեն)։ CNET։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-08-24-ին։ արտագրուած է՝ 2008-03-21 
  54. «Dirty Data Report Card». Greenpeace. Retrieved August 22, 2013.
  55. McMillan R. (2012-05-17)։ «After Greenpeace Protests, Apple Promises to Dump Coal Power» (անգլերեն)։ Wired 
  56. «Powering Our Facilities with Clean, Renewable Energy»։ Apple Inc 
  57. «Apple Says Data Centers Now Use 100 % Renewable Energy». Business Week. March 21, 2013. Retrieved August 30, 2013.
  58. «Climate Counts scorecard». Climatecounts.org. Retrieved October 7, 2011.
  59. 59,0 59,1 «iTox + iWaste». Archived from the original on July 21, 2008. Retrieved August 12, 2008.
  60. «Greenpeace Slams iPhone». ABC News. Retrieved November 22, 2010.
  61. 61,0 61,1 «Apple - A Greener Apple». Archived from the original on July 25, 2008. Retrieved August 12, 2008.
  62. Tasty news from Apple!. Greenpeace International. Retrieved August 12, 2008.
  63. «Apple - Environment - Update». Apple Inc. Archived from the original on November 22, 2010. Retrieved November 22, 2010.
  64. «Which companies are phasing out PVC and BFRs». Greenpeace International. Retrieved January 13, 2011.
  65. «How the companies line up». Greenpeace International. Retrieved January 13, 2011.
  66. EPA Gives Apple Silver Rating on Environment The Mac Observer.
  67. EPA information should make GreenPeace red-faced over Apple targeting, Ars Technica. Retrieved January 8, 2007.
  68. 68,0 68,1 «Apple - Environment - Environmental Progress». Archived from the original on November 22, 2010. Retrieved November 22, 2010.
  69. «Apple - Mac - Green Notebooks». Apple Inc. 2008. Archived from the original on December 22, 2008. Retrieved December 24, 2008.
  70. «Apple: MacBook Pro Graphics». Archived from the original on June 2, 2007. Retrieved June 8, 2007
  71. «Apple - Environment - Reports». Apple Inc
  72. «iMac and the Environment». Apple Inc. Archived from the original on November 29, 2010. Retrieved November 29, 2010.
  73. «China orders Apple supplier plant closure over environmental concerns- The Inquirer mobile» Archived 2014-03-06 at the Wayback Machine.. M.theinquirer.net. Retrieved December 24, 2011.
  74. «Apple u-turn as Mac maker rejoins EPEAT green registry». BBC Online. July 13, 2012. Retrieved July 17, 2012.
  75. «The Stark Reality of iPod’s Chinese Factories». Daily Mail (UK). August 18, 2006
  76. Musgrove, Mike (June 16, 2006). «Sweatshop Conditions at IPod Factory Reported». The Washington Post
  77. Kahney, Leander (June 13, 2006). Judging Apple Sweatshop Charge. Wired
  78. Dean (November 2, 2010). «The Forbidden City of Terry Gou». The Wall Street Journal (Wired). Archivedfrom the original on November 4, 2010. Retrieved November 13, 2010
  79. Morphy, Ericka (January 31, 2008). Apple, IT and the Specter of Sweatshop Labor Archived 2014-03-05 at the Wayback Machine.. Mac New World
  80. «Apple 2010 Supplier Responsibility Report» (PDF).
  81. Chen, Brian X. (May 14, 2010). Workers Plan to Sue iPhone Contractor Over Poisoning. Wired
  82. «Suicides at Foxconn: Light and death». Economist. May 27, 2010. Retrieved April 24, 2012.
  83. Malone, Andrew; Jones, Richard (December 6, 2010)."Revealed: Inside the Chinese suicide sweatshop where workers toil in 34-hour shifts to make your iPod | Mail Online". Daily Mail (London). Retrieved October 7, 2011.
  84. Apple (February 15, 2011). «Apple’s child labour issues worsen». London: Telegraph. Retrieved October 7, 2011.
  85. Workers poisoned while making iPhones ABC News, October 25, 2010
  86. Dirty Secrets ABC Foreign Correspondent, 2010-Oct-26
  87. Apple Supplier Accused Of Labor Abuses By China Watchdog (VIDEO) The Huffington Post. Retrieved July 29, 2013.
  88. ««Offshore Profit Shifting and the U.S. Tax Code - Part 2 (Apple Inc.)».»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-12-22-ին։ արտագրուած է՝ 2016-08-12 
  89. Duhigg, Charles (April 29, 2012)[ «How Apple Sidesteps Billions in Taxes.»] New York Times.(Retrieved 4-20-12.)
  90. Ebrahimi, Helia (November 2, 2012). «Foreign firms could owe UK £11bn in unpaid taxes». Telegraph.
  91. «Patent Database Search Results: AN/apple in US Patent Collection»։ // patft.uspto.gov։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-06-23-ին։ արտագրուած է՝ 2012-10-13 
  92. Tony Bradley (2009-10-22)։ «Nokia Files Patent Lawsuit Against Apple» (անգլերեն)։ PCWorld։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-06-05-ին։ արտագրուած է՝ 2011-06-14։ «Nokia claims that the technologies, ranging from speech coding to security to wireless data transmission, have been used in every iPhone since the iPhone has existed» 
  93. Tony Bradley (2011-04-14)։ «Nokia Wins Patent War with Apple--You're Next, Android» (անգլերեն)։ PCWorld։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-06-16-ին։ արտագրուած է՝ 2011-06-14։ «statement from Nokia says that Apple will pay a one-time lump sum up front, and ongoing royalties as part of a licensing agreement between the two.» 
  94. «Nokia enters into patent license agreement with Apple» (անգլերեն)։ Nokia։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-06-15-ին։ արտագրուած է՝ 2011-06-14։ «The specific terms of the contract are confidential.» 
  95. «Motorola wins Apple wireless patent fight in Germany» (անգլերեն)։ BBC։ 2011-12-09։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-12-10-ին։ արտագրուած է՝ 2011-12-11։ «A German court has ruled in Motorola Mobility's favour in a patents dispute with Apple.» 
  96. Apple выплатит млн за нарушение патента :: Overclockers.ru

Գրականութիւն Խմբագրել

  • Морозов Роман Ослепительная белизна // Железо : журнал. — 2011. — № 1. — С. 84-87.
  • Евгения Савченко Эпоха двух Стивов // ComputerBild : журнал. — 2011. — № 24. — С. 22-29.
  • Адам Лашински   Внутри Apple =   Inside Apple. — Կաղապար:М.: КоЛибри, Азбука-Аттикус, 2012. — 304 с. — 10 000 экз. — ISBN 978-5-389-03423-5

Արտաքին յղումներ Խմբագրել