Սարգիս Համպոյեան

Սարգիս Համպոյեան, ծնած է Հալէպ 1934-ին։

Սարգիս Համպոյեան
Ծնած է 1934
Ծննդավայր Հալէպ
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Քրիստոնեայ
Մասնագիտութիւն Երաժիշտ
Աշխատավայր «Շողակաթ» երգչախումբը

1947-ին աւարտած է Հալէպի Հայկազեան վարժարանը: Մասնաւոր սէր ցոյց կու տայ երաժշտութեան հանդէպ եւ մտնելով Անթիլիասի դպրեվանքը եւ Միջնակարգ ուսման բաժինը աւարտելէ ետք կը վերադառնայ Հալէպ եւ կը յաճախէ Ալէփօ Գոլէճ, զոր կ'աւարտէ 1956-ին: Ապա կու գայ Պէյրութ եւ կը մտնէ Ամերիկեան Համալսարան, ուրկէ շրջանաւարտ կ'ըլլայ պսակաւոր արուեստից տիտղոսով։

Ապա կը նուիրուի Հայկական եկեղեցական երաժշտութեան։ Որպէս ուսուցիչ կը պաշտօնավարէ Հայ Աւետ. գոլէճը եւ այս ատեն է որ կը կազմէ 40 հոգինոց «Շողակաթ» երգչախումբը։

Յուլիս 1961-ին Պետական Երաժշտանոցին մէջ տեղի ունեցաւ ղեկավարութեամբ Սարգիս Համպոյեանի «Շողակաթ» երգչախումբին կրօնական համերգը[1]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Սիսակ Վարժապետեան, Հայերը Լիբանանի մէջ: Հանրագիտարան Լիբանանահայ գաղութի, հ. հատոր, Պէյրութ, էջ 178։