Սեղէն
Սեղէն, (լատ.՝ Selenium), Se կարգահամարը՝ 34, ատոմական զանգվածը՝ 78.96:
Պատմություն
ԽմբագրելՍեղէնը 1817-ին յայտնաբերած է Եոնս Եաքոպ Պերզելիւսը (շուէտ.՝ Jöns Jacob Berzelius) Ծծմբական թթուի արտադրութեան թափոններուն մէջ։
Անուանում
ԽմբագրելՆշանակութիւնը
ԽմբագրելՍեղէնը կ'օգտագործեն կիսահաղորդչային ուղղիչներ, լուսաելեկտրական սարքեր, ամորֆ սեղէնը՝ ելեկտրալուսանկարչական պատճէնահանող սարքեր պատրաստելու համար։ Սեղէնը կ'օգտագործուի նաեւ կանաչ ապակին գունազրկելու, սուտակապակի ստանալու, պողպատի մեքենայական յատկութիւնները լաւացնելու համար։ Սեղէնը եւ նամանաւանդ անոր միացութիւնները թունաւոր են։ Սնունդի մէջ սեղէնի մեծ պարունակութիւնը (2 մկ/քկ) կը յառաջացնէ սուր եւ տեւական թունաւորում։ Չնայած ատոր, Մարդուն, անասուններուն եւ որոշ բույսերու համար սեղէնը անհրաժեշտ մանրատարր է, կը մեծացնէ աչքի ցանցաթաղանթի լուսազգայնութիւնը, որպէս հակաօքսիտիչ կը ներգործէ ֆերմենթային գործակցութիւններուն վրայ։ Կենդանի հիւսուածքները կը պարունակեն 0,01-1 մկ/քկ սեղէն։
Բնագիտական Յատկութիւններ
ԽմբագրելՊինդ սեղէնը կը յառաջացնէ բիւրեղական (α, β, γ) եւ անձեւական ձեւափոխութիւններ, որոնք կիսահաղորդիչներ են։ Ամէնէն կայուն է՝ հեքսակոնայի, մուգ մոխրագոյն ձեւափոխութիւնը, հալման ջերմաստիճանը՝ 217 °С, եռմանը՝ 685 °С, խտութիւնը՝ 4807 քկ/մ3։ Լուսազգայուն է, ելեկտրահաղորդականութիւնը (10−2- 10−12 օհմ−1·սմ−1, 20 °С մթութեան մէջ) լուսաւորելիս՝ կ'աճէ մինչեւ 1000 անգամ։ Սովորական պայմաններին սեղէնը քիմիապէս կայուն է՝ թթուածինը, ջուրը, չօքսիտացնող թթուները եւ մյուս քիմիական տարրերը (բացառութեամբ F2) անոր հետ չեն փոխազդեր։ Սեղէնը կը լուծուէ բորակածինի թթուին մէջ, արքայաջուրին մէջ։ Արժէքականութիւնը՝ II, IV եւ VI, միացութիւններուն կը ցուցաբերէ մինչեւ +6 օքսիտացման աստիճաններ: Ոչ մետաղ է։
Բնութեան մեջ
ԽմբագրելԵրկրակեղեւին պարունակութիւնը 5•10−6 % է՝ ըստ զանգուածի (տարածուածութեամբ 68րդ տարրն է)։ Կը յառաջացնէ 38 հազւագիւտ հանդիպող միներալ։ Կ'ուղեկցէ ծծումբին։ Սեղէն կը պարունակեն (6-10−5 %) կաւերը եւ թերթաքարերը։ Կենսոլորտին մէջն արագ տեղաշարժուող տարր մըն է։ Յատկութիւններով կը նմանի ծծումբին։
Սեղէնը երկիրի ընդերքին մէջ կը պարունակուէ մօտ 500 մկ/թ։ Սեղէնի խտացուածութիւնը ծովի ջուրին մէջ 4·10−4 մկ/լ է[1]:
Ստացում
ԽմբագրելՍեղէնը կը ստանան ծծմբական թթուի, թաղանթանիւթի, թուղթի արտադրութեան թափոններէն եւ պղինձի ելեկտրաժողովման զտամաքրեցման անոտային նստուածքներէն։ Կիսահաղորդչային բնագաւառին օգտագործուող սեղէնը կը մաքրեն վաքուումային թորումով։ Աւելի մաքուր սեղէն կը ստանան սեղէնաջրածնի ջերմային քայքայմամբ։
Քիմիական Յատկութիւններ
ԽմբագրելՏարրերու պարբերական համակարգի 4-րդ պարբերութեան 6-րդ խումբի քիմիական տարր է:
Սեղէնը p-տարր է, հիիլէի դուրսին ելեկտրոնային թաղանթի կաոուցուածքն է 4s24p4, K,L եւ M թաղանթները լրացուած են։ Աթոմները կը պարունակեն երկուական չզոյգուած ելեկտրոններ։
Բնական սեղէնը բաղկացած է 74Se (0,87%), 76Se (9,02), 77Se (7,58), 78Se (23,52), 80Se (49,82) և 82Se (9,19) կայուն իզոթոփներէ։ Ստացուած են սեղէնի՝ թիւով 16 ռատիոաշխոյժ իզոթոփները, որոնցմէ կարեւոր է 75Se-ը (կիսատրոհման պարբերութիւնը 121 օր է)։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ J.P. Riley and Skirrow G. Chemical Oceanography V. I, 1965