Սենտուիչ (անգլ.` sandwich), սնունդ, որ կը պատրաստուի հացի երկու շերտերով, որոնց միջեւ կը դրուի մէկ կամ մի քանի կտոր կերակուրի տեսակներ։

Բրիտանական եւ ամերիկեան խոշոր քաղաքներու մէջ Սենտուիչը ամէնօրեայ սնունդի անբաժանելի մաս է։ Աշխարհի բազմաթիւ քաղաքներու մէջ Սենտուիչ վաճառող խոշոր ընկերութիւններ կան, որոնցմէ ամէնէն յայտնիներէն են` Մըք Տօնըլտզ, Սապուէյ, Պըրկըր Քինկ եւ այլն։

ԱՄՆ-ի մէջ կը պատրաստուին Սենտուիչներու տարբեր տեսակներ, օրինակ Շիքակոյի մէջ Սենտուիչը կը պատրաստեն իտալական միսով, Ֆիլատէլֆիայի մէջ կը պատրաստեն միսով եւ պանիրով, իսկ Լոս Անճըլըսի մէջ Ֆրանսական սոուսով։

Անուան Ստուգաբանութիւն

Խմբագրել

Բառը կը ծագի Սենտուիչ կոմսութեան անունէն (կը գտնուէր հարաւ-արեւելեան Անգլիոյ մէջ)։ Ըստ աւանդութեան 18-րդ դարուն ապրած Սենտուիչի կոմսը՝ Ճոն Մոնթեկիւն խաղամոլ էր, եւ անոր խոհարարը յօրինած է «Սենտուիչը»՝ բարակ հացի մէջ դրուած մսեղէն եւ բանջարեղէն, որպէսզի կոմսը կարենայ թէ՛ սնուիլ եւ թէ՛ ալ շարունակել թղթախաղը։ Կոմսութեան անուան նախնական ձեւը՝ «Sandwicæ»-ը կը նշանակէ «աւազոտ նաւահանգիստ» կամ «աւազոտ շուկայ»։

Հետաքրքրական Փաստեր

Խմբագրել
  • Լոնտոնի մէջ կարելի է գտնել մինչեւ 85 փաունտ ստերլինկ (մոտ 50.000 ՀՀ դրամ) արժողութեամբ Սենտուիչ։[1]

Լուսանկարներ

Խմբագրել

Տե՛ս Նաեւ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Ամենաթանկ կերակուրները Լոնտոնեան կուրմաններու համար»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2008-03-16-ին։ արտագրուած է՝ 2015-12-08