Սթանիսլաւ Սուքալսքի

Սթանիսլաւ Սուքալսքի (13 Դեկտեմբեր 1893(1893-12-13)[1][2], Warta, Sieradz County, Լոձի վոյեվոդություն, Լեհաստան - 19 Մայիս 1987(1987-05-19)[1][2], Պըրպենք, Լոս Անճելըս շրջան, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), լեհ քանդակագործ ու նկարիչ։

Սթանիսլաւ Սուքալսքի
Նաեւ յայտնի է իբրեւ Stach z Warty
Ծնած է 13 Դեկտեմբեր 1893(1893-12-13)[1][2]
Ծննդավայր Warta, Sieradz County, Լոձի վոյեվոդություն, Լեհաստան
Մահացած է 19 Մայիս 1987(1987-05-19)[1][2] (93 տարեկանին)
Մահուան վայր Պըրպենք, Լոս Անճելըս շրջան, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Քաղաքացիութիւն  Լեհաստան
Ուսումնավայր Կրակովի արվեստի ակադեմիա?
Մասնագիտութիւն գեղանկարիչ, քանդակագործ, գծանկարիչ, արվեստի տեսաբան
Անդամութիւն The Tribe of the Horned Heart?

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Սուքալսքի ծնած է Լեհաստան։ 1907 թուականին ընտանեօք գաղթած են Միացեալ Նահանգներ։ Դրսեւորած եզակի տաղանդին շնորհիւ ընկերները Սուքալսքին կոչած են «քանդակագործ», երբ ան տակաւին եօթ տարեկան էր։

13 տարեկանին ան ընդունուած է Շիքակոյի Արուեստի կաճառը։ Իր արտասովոր ձիրքը գրաւած է քանդակագործ Անթոնի Փոփիէլի ուշադրութիւնը։ Փոփիէլ համոզած է Սուքալսքիի ընտանիքը, իբրեւզի զինք ուղարկեն Քրաքովի Գեղարուեստական ակադեմիա։ Այնտեղ շուրջ երեք տարի Կոնստանդին Լաշչքայի մօտ ուսում ստանալէ վերջ 1913-ին վերադարձած է Շիքակօ[3]։

Ան իր առաջին գեղարուեստական ցուցահանդէսը իրականացուցած է 14 տարեկան հասակին։ Սուքալսքի 13 տարեկանին դժբախտութիւնը ունեցած է իր հայրը կորսնցնելու։ Շիքակոյի մէջ Սուքալսքիի հայրը արկածի մը զոհ գացած է։ Սթանիսլաւ մօտեցած է հօր ջարդուած մարմնին եւ դիակը տարած է դիահերձարան։ Ոմանք կ՚ենթադրեն, որ Սուքալսքի իր հօր մարմինը ուսումնասիրելով սորված է անդամազննութիւնը եւ որոշ քանդակներու սարսափելի աղաւաղուած կերպարները ոգեշնչուած են մահուան այդ ահռելի տեսարանէն։

Գործերը

Խմբագրել

Մինչեւ 1914

Խմբագրել

Սուքալսքիի վաղ գործերը հիմնականին կիսանդրիներ եղած են, որոնք կը վկայեն նկարչին վիթխարի ոճին մասին։ Իր արուեստը կը համադրէ «Art Nouveau»ի զարդարիչ ծաղկումը[3], վիպապաշտութեան զգացական թատերականութիւնը եւ 20-րդ դարու սկիզբի Եւրոպական արդիապաշտութեան բազմաթիւ հոսանքներ. ինչպէս՝ քիւպիզմ, արտայատչապաշտութիւն, ապագայապաշտութիւն, նախաքոլումպիական արուեստ։

1914-էն ետք

Խմբագրել

1914 թուականէն յետոյ քանդակագործը մշակած է երեւակայական վառ ստեղծագործութիւններ։ Ան ներկայացուցած է այլանդակուած մարդկային մարմիններ, ուշադրութեամբ փորագրած էր անդամազննական մանրասնութիւններ։ Ան ձգտած է իր աշխատանքները ողողել բարդ փիլիսոփայական գաղափարներով։ Անոր քանդակները յաճախ անհասկնալի եղած են, եթէ չըլլային հեղինակի մեկնաբանութիւնները։

Քրաքովի ցուցահանդէսը

Խմբագրել

1929-ին՝ Քրաքով, ունեցած է ցուցահանդէս մը, որուն բացման ելոյթին մէջ ան դաժանօրէն թիրախաւորած է Քրաքովի գեղարուեստական շրջանակներու նշանաւոր անդամները եւ Քրաքովի արուեստի ակադեմիայի դասաւանդման մեթոտները։ Ան դատապարտած է լեհական արուեստի վիճակը, որ իր կարծիքով ստրկական կերպով կ՚ընդօրինակէր Արեւմտեան օրինաչափութիւնները եւ կը կորսնցնէր իր իսկութիւնը։

Շուտով ան կազմակերպած է իր արուեստի հետեւորդներու խումբը՝ Եղջիւրաւոր սրտի ցեղը։ Անոնց հիմնական նպատակը եղած է տարանջատուիլ Արեւմտեան ազդեցութիւններէ եւ իրենց արուեստին մէջ ընդունիլ ազգային եւ նոյնիսկ «ցեղային» սլավոնական մոթիֆները։

Վերադարձ դէպի Լեհաստան, ապա Քալիֆորնիա

Խմբագրել

1930-ականներուն, իբրեւ յայտնի արուեստագէտ, որուն Լեհաստանի կառավարութիւնը նուիրած է իրեն յատուկ թանգարան մը, Սուքալսքի իր ամբողջ ստացուածքով վերադարձած է Լեհաստան, բայց անոր աշխատանքները «քարուքանդ» եղած են Վարշաւայի գրաւումով։

1939-ի Սեպտեմբերին գերմանական ռումբերը թաղած են անոր բոլոր նախագիծերը, ներառեալ Պոլեսլաւ Քրոպրիի՝ Լեհաստանի առաջին թագաւորի բնական մեծութեամբ յուշարձանը:

Վհատած Սուքալսքի վերադարձած է Քալիֆորնիա, ուր շարունակած է ապրիլ իր կնոջ՝ Ճոան Տանըվընի հետ։ Բայց եւ այնպէս, իր ամբողջ կեանքի գործը կորսուած էր՝ ռմբակոծումներու հետեւանքով ոչնչացած կամ գողցուած էր պատերազմի ժամանակ:

Վերջին տարիներու գործերը

Խմբագրել

Իր 75-ամեայ ասպարէզի վերջին տարիներուն Սուքալսքիի գլխաւոր գործերէն է «Փրոմեթէուս»ը (1943), որ նախագծուած է Փարիզի համար՝ ի պատիւ ֆրանսիացի համախոհներու։ Ան կը փափաքէր, թէ այդ հսկայական ու բարդ կառոյցը ԱՄՆ-ի Ազատութեան արձանի համար նուիրէ Ֆրանսային:

Սուքալսքի մահացած է Պըրպենքի մէջ, Քալիֆորնիա: Տարի մը անց իր եւ կնոջ մոխիրը ցրուեցան Զատիկի կղզիի վրայ, մտերիմ ընկերներու կողմէ։ Սուքալսքիի բոլոր աշխատանքները այժմ կը պահպանուին Սուքալսքիի Արխիւներու կողմէ[4]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 Discogs — 2000.
  2. 2,0 2,1 2,2 2,3 2,4 Կերպարվեստի արխիվ — 2003.
  3. 3,0 3,1 «Stanisław Szukalski»։ Culture.pl (անգլերէն)։ արտագրուած է՝ 2022-02-22 
  4. ՍԹԱՆԻՍԼԱՒ ՍՈՒՔԱԼՍՔԻ. ԿՈՐՈՒՍԵԱԼ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆ ՄԸ