Սիղիկիոն (լատ.՝ Silicium), քիմիական նշանն է Si, կարգահամարը՝ 14, հիւլէական զանգուածը՝ 28.086։ Սիղիկիոնի միացութիւնները, որոնք չափազանց շատ են տարածուած երկրին վրայ, մարդն օգտագործած է տակաւին քարի դարուն (քարէ գործիքներ)։

Պատմութիւն

Խմբագրել

Սիղիկիոնը ամէնատարածուած տարրերէն է՝ կը կազմէ երկրակեղեւի զանգուածի 29.5 %-ը (տարածուածութեամբ երկրորդն է, թթուածինէն յետոյ)։ Մաքուր վիճակին առաջին անգամ յայտնաբերած են 1811 թուականին ֆրանսացի գիտնական Ժոզեֆ Լուի Կէյ-Լուսաքը (ֆրանսերէն՝ Joseph Louis Gay-Lussac 1778-1850) եւ Լուի Ժագ Թենարը։

Անունը կը ծագէ լաթիներէն silex-էն, որ կը նշանակէ կայծքար:

Բնութեան Մէջ

Խմբագրել
 
Բիւրեղային սիղիկիոն

Թթուածինէն յետոյ սիղիկիոնը բնութեան մէջ ամէնատարածուած տարրն է։ Ան կը կազմէ երկրի կեղեւի կշիռքի 1/4 մասը եւ անկենդան աշխարհին համար անոր նշանակութիւնը նոյնն է, որքան ածխածնինը՝ կենդանի բնութեան։ Ի տարբերութիւն ածխածնի, սիղիկիոնը բնութեան մէջ ազատ վիճակին չհանդիպեր։ Անոր բազմաթիւ միացութիւնները կը կազմեն լեռնատեսակներու (գրանիտներ, կնէյսներ, բազալտներ) եւ հանքերու հսկայական մեծամասնութիւնը (քուարզ, դաշտային սփաթեր, փայլար եւ այլն)։ Աւազը եւ կաւը, որոնք կը կազմեն հողի հանքային մասը, նոյնպէս սիղիկիոնի միացութիւններ են։ Ծովու ջուրերուն մէջ համակեդրոնացումը կը կազմէ 3 մկ/լ[1]:

Կենդանի օրկանիզմներուն մէջ սիղիկիոնի պարունակութիւնը փոքր է, հիմնականին կը գտնուէ կարծր հիւսուածքներուն մէջ։ Կը պարունակուէ երիկամներուն, ենթաստամոքսային գեղձին մէջ, հացահատիկային բոյսերու ցողուններուն մէջ։ Մարդուն մեկ օրուան սնունդը կը պարունակէ մինչեւ 1 կրամ սիղիկիոն։ Օդին մէջ սիղիկահողի փոշիի մեծ պարունակութիւնն վտանգաւոր է՝ կ'յառաջացնէ սիղիքոզ։

Բնագիտական Յատկութիւններ

Խմբագրել

Սիղիկիոնը մուգ մոխրագոյն, բիւրեղական նիւթ մըն է, թոյլ մետաղական փայլով, հալման ջերմաստիճանը՝ 1415 °C, եռմանը՝ 3250 °C, խտութիւնը՝ 2328 քկ/մ3։ Կիսահաղորդիչ է, ելեկտրա- եւ ջերմահաղորդականութիւնը կախուած է մաքրութեան աստիճանէն։ Սիղիկիոնի սեպհական ծաւալային տեսակարար ելեկտրադիմադրութիւնը 2,3•103 օհմ է, խառնուրդներ պարունակողինը՝ շատ աւելի փոքր։

Տիամակնիսական է, բարձր ճնշումներու (120-150 քպար) տակ կ'յառաջանէ սիղիկիոնի մետաղական ձեւափոխութիւնը, որը գերհաղորդիչ է (անցման կետը 6,7 K)։ Յայտնի է նաեւ ամորֆ ձեւափոխութիւնը։ Սիղիկիոնը p-տարր է, հիւլէի ելեկտրոնային թաղանթներու կառուցուածքն է 1s2 2s2 2p63s2 Зр2։ Միացութիւններուն մէջ քառարժէք է, համախմբող թիւը՝ 4 կամ 6։ Փոքր ելեկտրաբացասականութիւն (1,5) ունեցող ոչ մետաղ է։

Բիւրեղային սիղիկիոնը որոշ նմանութիւն ունի մետաղներուն հետ․ ան ունի փայլ եւ ելէկտրահաղորդականութիւն․ սակայն թթուներու հետ ան չփոխազդեր։ Մանրացուած սիղիկիոնը զգալի չափով տաքացնելիս օդի մէջ կը բռնկէ, գոյացնելով սիղիկիոնի երկօքսիտ (SiO2)՝

 

Կիրառում

Խմբագրել

Կիսահաղորդչային սիղիկիոնը կը լեկիրացնեն անհրաժեշտ խառնուրդներով (սովորաբար միաբիւրեղը ձգելիս) եւ կ'օգտագործեն ջերմաելեկտրական, ռատիո-լուսաթեքնիքական սարքեր, ուղղիչներ եւ փոխարկիչներ պատրաստելու համար։ Սիղիկիոնի փոշիէն կը ստանան համաձուլուածքներ, սիղիկիտներ եւ սիղիկիոնի քարպիտ։

Սիղիկիոնը կը գործադրուէ համաձուլուածքներու արտադրութեան մեջ։ 4% սիղիկիոն պարունակող պողպատը կ'օգտագործուէ ելեկտրական ձեւափոխիչներ պատրաստելու համար։ Աւելի մեծ տոկոս (15% եւ աւելի) սիղիկիոն պարունակող պողպատը թթուակայուն է եւ կը կիրառուէ քիմիական սարքեր պատրաստելու համար։

Սիղիկիոնի միացութիւնը ածխածնի հետ, սիղիկիոնի (քարպիտը SiC), կը կոչուէ քարպորունտ։ Ան իր կարծրութեամբ կը մոտենայ ալմաստին եւ ատոր համար ալ կ'օգտագործէ հեսանաքարեր, հղկող շրջանակներ պատրաստելու համար։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. J.P. Riley and Skirrow G. Chemical Oceanography V. 1, 1965