Սիմոն Մնակեան
Սիմոն Մնակեան, ծնած է Պէյրութ, Լիբանան: 6 Սեպտեմբեր 2017-ին իր մահկանացուն կնքեց Մարսէյլի մէջ։ Լիբանանի մէջ Մնակեանի բեմադրութիւնները հանդիսացան արտացոլացումը լիբանանահայ ընկերային եւ քաղաքական կեանքին: Այդ պատճառով ալ կրնանք ըսել, որ Սիմոն Մնակեան ապրած ու գործած է թէ՛ որպէս արուեստագէտ եւ թէ որպէս մշակութային գործիչ:
Սիմոն Մնակեան | |
---|---|
Ազգութիւն | Հայ |
Կարողութիւն | ուսուցիչ եւ մշակութային գործիչ |
Աշխատավայր | Բեմադրիչ, դերասան |
Ամուսին | Սօսէ Մնակեան |
Անոր բեմադրութիւնները նորարար ու համարձակ էին: Ան իր մասնակցութիւնը բերած է լիբանանահայ սփիւռքահայ թատերական կեանքին: Բեմադրած է նաեւ թարգմանութիւններ եւ ֆրանսերէն ներկայացումներ:
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելՍիմոն Մնակեան իր թատերական ուսումը ստացած է Պրիւքսել: Պէյրութ վերադառնալէ ետք բեմադրած է դպրոցական ու միութենական մակարդակի թատրոններ, «Վասպուրական»ի եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլէճի սրահներուն մէջ:
«Նոր թատրոն» թատերախումբը
Խմբագրել1969-ին Զոհրապ Եագուպեանին հետ Սիմոն Մնակեան հիմնած է «Նոր թատրոն» թատերախումբը:
Հրատարակած է մանուկներու հեքիաթներու ձայնասկաւառակ մը
ԽմբագրելԻր եղբօր` Ալեքսան Մնակեանին հետ հրատարակած է մանուկներու հեքիաթներու ձայնասկաւառակ մը: Լիբանանահայ անուանի երաժիշտ Ալեքսան Մնակեան կարեւոր ներդրում ունեցած էր Լիբանանի մշակութային կեանքին մէջ, երկար տարիներ համագործակցելով երգչուհի Ֆէյրուզի համար երաժշտական-թատերական յօրինումներ պատրաստած Մանսուր եւ Ասի Ռահպանի եղբայրներուն հետ:
Բեմադրութիւն
ԽմբագրելՍիմոն Մնակեան բեմադրած է Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» թատերախումբի ներկայացումներէն քանի մը հատը:
1960-1970-ական թուականներուն լիբանանահայ թատերական կեանքի եռուն ընթացքը, որուն մէջ իր դրոշմը ունեցած է նաեւ Սիմոն Մնակեան, յաջողած է քանդել հանդիսատեսին եւ թատերախաղին միջեւ գոյութիւն ունեցող երեւակայական պատնէշը, կամուրջ մը հանդիսանալով երկուքին միջեւ, ինչպէս նաեւ ինքնաքննարկումի ու ինքնաքննադատութեան էջ մը բանալ: Սիմոն Մնակեան իր ներկայացումներով մասնակից դարձած է լիբանանահայ թատերական կեանքը քաղաքականացնելու ճիգին եւ անոր համար ալ թերեւս իր մասին կարելի է ըսել մշակութային գործիչ:
Ֆրանսա, Մարսէյլի մէջ բեմադրիչ Սիմոն Մնակեան կը շարունակէ մաս կազմել թատերական կեանքին: Արդարեւ, ան ո՛չ միայն որպէս բեմադրիչ, այլ նաեւ որպէս ուսուցիչ եւ մշակութային գործիչ արտադրած է Ֆրանսայի համար, նոր շունչ բերելով ֆրանսահայ թատերական մարզին:
Սիմոն Մնակեան իր թատերական գործունէութիւնը շարունակեց Ֆրանսայի մէջ` ընթերցումներով, մատուցումներով եւ բեմադրութիւններով, սակայն Ֆրանսայի ժլատ պայմանները այնքան ալ ձեռնտու չեղան եւ իրեն անհրաժեշտ ուժականութիւնը չպարգեւեցին:
Վերջին տարիներուն, Սիմոն Մնակեան կը վարէր Վալանս քաղաքի Համազգայինի թատրոնի գլխաւոր պատասխանատուի պաշտօնը: Ան նաեւ բեղուն գործունէութիւն ունեցած է համայնքի ազգային-կուսակցական կեանքէն ներս։
Սիմոն Մնակեան բեմադրութիւններէն Լիբանանի մէջ
Խմբագրել«Երջանիկը» (1968),
«Անշնորհք տղաքը» (1968),
«Տրամներ» (1969),
«Կաղամբ» (1969),
«Արա Գեղեցիկ» (1970),
«Շողոքորթը» (1970),
«Մըթթըրին երգը եւ թիւրիմացութիւն» (1972),
«Արա եւ Արշակ» (1973),
«Գիքորը» (1973),
«Լեռը Մարգարէին քով չերթայ նէ» (1974),
«Վաճառորդի մը մահը» (1975),
«Պարահանդէս» (1977),
«Տատրագոմի հարսը» (1974):
Սիմոն Մնակեան բեմադրութիւններէն Ֆրանսայի մէջ
ԽմբագրելՌուբէնի յուշերէն հատուածներու ներկայացում (1978),
«Պարահանդէս» (1979),
«Անլռելի զանգակատուն» (1979),
«Շողոքորթը» (1980),
«Մուսա Լերան 40 օրերը» (1990):
Ֆրանսայի մէջ Սիմոն Մնակեան բեմադրած է նաեւ թարգմանութիւններ եւ Ֆրանսերէն ներկայացումներ, կատարած է գրական ընթերցումներ, ինչպէս նաեւ ունի վաւերագրական ժապաւէններ:
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբի Վարչութիւն. Յուշ-Երեկոյ` Նուիրուած Բեմադրիչ Եւ Դերասան Սիմոն Մնակեանի
- Սիմոն Մնակեան` դրօշմ Ձգած Բեմադրիչը
- Մահացած Է Մշակութային Գործիչ Սիմոն Մնակեանը Archived 2019-07-31 at the Wayback Machine.
- Համազգային Վալանս
- Յուշ-երեկոյ` նուիրուած բեմադրիչ եւ դերասան Սիմոն Մնակեանի (Լիբանան)