Սինկափուրի ֆրանսական Համալսարան

Սինկափուրի ֆրանսական համալսարան (IFS), կը հանդիսանայ ֆրանսական համալսարաններու համաշխարհային ցանցի անդամ[1]։

Սինկափուրի ֆրանսական Համալսարան
Հիմնադրուած է 2011
Տիպ Ներկայացչութիւն
Ռեկտոր Լաուրենց Լոչօ
Երկիր  Սինկափուր
Կայք institutfrancais.sg

Պատմութիւն Խմբագրել

2011-ին ֆրանսական մշակութային ցանցը պաշտօնապէս միաւորուած է Ֆրանսական Համալսարան անունով՝ հետեւելով համաշխարհային մշակութային բարեփոխման եւ գործակցական ցանցի Արտաքին գործերու նախարարութեան, նաեւ Ֆրանսայի եւրոպական գործերու նախարարութեան կողմէ հաստատուած 24 Յունիս 2010֊ի օրէնքին` փոխելով ֆրանսական մշակութային գործունէութիւնը, որ նախապէս կը մտնէր Culturesfrance միաւորման մէջ[2]։ Այս վերակազմակերպումը նպաստած է միասնութեան եւ աւելի պարզ կառավարման։ Ֆրանսական դեսպանատան համալսարանը կրթութեան լեզուական եւ մշակութային համագործակցութեան ծառայութիւնները միաձուլած է` դառնալով Սինկափուրի ֆրանսական համալսարան։ Այն սերտ կապեր կը պահպանէ գլխաւոր հիւպատոսութեան, ինչպէս նաեւ երկրի ֆրանսական դաշինքի գրասենեակի եւ ազգային ու տեղական իշխանութիւններու հետ։ Այսպիսով, միակ քննական կեդրոնը ստեղծուած է Սինկափուրի ֆրանսական կեդրոնի նախարարութեան կողմէ հմտութիւններու գնահատման համար, որու հիմքը կ՛իյնայ լեզուներու եւրոպական ընդհանուր շրջանակը։ Այն հաւատարմագրուած է նաեւ ֆրանսական լեզուներու միջազգային հաւաստագրերով։

Մշակութային գործունէութիւն Խմբագրել

Համալսարանի մշակութային կեդրոնը մասնակցութիւն ունի ազգային- մշակութային կեանքին մէջ` կազմակերպելով մօտ 200 միջոցառում՝ ըստ նախագիծերու[3]։ IF- ը կը մասնակցէր նաեւ արտաքին միջոցառումներու մշակութային աջակցութեան շրջանակներուն մէջ, եւ ֆրանսայի եւ Սինկափուրի փոխհամագործակցութեամբ կը զարգանար գործընկերային յարաբերութիւն ուրիշ կառավարութեան կամ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու հետ։ Սինկափուրի համալսարանը յատուկ առաքելութիւն ունի կինոյի եւ տեսալսողական գործունէութեան վերաբերեալ։ Անոր իրաւասութիւններու շրջանակը կը ներառէ Հարաւային Ասիոյ վեց երկիր` Սինկափուր, Ինտոնեզիա, Մալազիա, Ֆիլիպպիններ, Պրունէյ եւ Արեւելեան Թիմօր։ Ան կը գործէ յատկապէս հարաւասիական CMN մէկ կողմէ Ֆրանսէայի եւ եւրոպացիներու հետ, միւս կողմէ նաեւ ֆրանսական multimedia-ի զարգացում (գեղարուեստական տեսախաղեր, համացանց֊ հարթակներ, փաստագրական ֆիլմեր, ժամանակակից երաժշտութիւն)[4].։ Սինկափուրի ֆրանսական համալսարանը դերակատարում ունի Սինկափուրի գիտութեան եւ ճարտարագիտութեան մէջ ֆրանսերէնի օգտագործման գործին մէջ։ IF-ը կ՛օգնէ յայտնաբերել օրինական գործընկերներ եւ կը նպաստէ անոնց հաղորդակցութեան ֆրանսական հաստատութիւններու հետ ինչպէս տեղական, այնպէս ալ եւրոպական մակարդակով[5]։ IFS-ը մշակուած է Սինկափուրի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութեան հետ հաղորդակցութիւն Merlion գիտական ծրագրով, որ իր ստեղծման օրէն կ՛աջակցի աւելի քան 200 նախագիծեր Ֆրանսայի եւ Սինկափուրի միջեւ[6]։

Վոլիա փառատօն Խմբագրել

2014-էն IF կը կազմակերպէ organise փառատօն Voilah[7]։ Ան հաւաքագրած է աւելի քան 265000 այցելու եւ հանդիսատես 2017-ի կէս ամսուան ընթացքին։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Արտաքին յղումներ Խմբագրել