Սիւնիք-Արցախեան տոհմիկ տարազներ

Սիւնիք-Արցախեան հայկական տոհմիկ տարազ. Պահպանուած է մինչեւ 20-րդ դարու սկիզբները։

Ընդհանուր տեղեկութիւններ

Խմբագրել

Սիւնիք-Արցախի շրջաններուն տոհմիկ զգեստները, ինչպէս հայ ժողովուրդի տարազը՝ ընդհանուրին մէջ, ազգագրական արժէք կը ներկայացնեն ։  Հայկական տոհմիկ տարազը գեղեցիկ եւ հաղորդական է․ կը դրսեւորէ շրջանի մը տեղական կենցաղային՝ ազգային եւ մշակութային յատկանիշները։

Պատմութեան ընթացքին, Պատմական Հայաստանի մէջ, տարազը զարգացած է եւ կապուած՝ ընկերային, տնտեսական եւ նոյնիսկ քաղաքական հոլովոյթներուն։

Սիւնիք-Արցախեան տոհմիկ զգեստը մաս կը կազմէ հայկական ժողովրդական տարազի ընտանիքին, պահելով իր իւրայատկութիւնները ձեւածքի, գոյներու եւ նաշխերու տեսակներով։   Հիւսուածեղէնը կ՛ըլլայ բամպակեայ, բուրդէ եւ մետաքսէ։  Մետաքսէ կերպասի գործածութիւնը կապուած էր Սիւնիքի շրջանի մէջ զարգացած շերամաբուծութեան։

Կանացի տոհմական զգեստներ

Խմբագրել
 
Արցախի հարսի տարազ

Սիւնիք – Արցախեան կիներու տոհմիկ տարազը կը յատկանշուի իր երկու ամբողջութիւններով․ տեղական բարբառով՝ հալավարի եւ քաղքավարի։

Հալավարին Արցախի աւանդական տարազն է, իսկ քաղքավարին՝ Երեւանի եւ Թիֆլիսի հայ կիներու տարազին տարբերակը։

Շրջանի տոհմական տարազի բաղկացուցիչ մասերն են․ վրայի շապիկը (հալաւ)  եւ ոտնաշորը կամ շալվարը՝ փոխան, կարուած կարմիր կամ կանանչ կերպասէ, ինչպէս նաեւ կանանչ դիպակէ վերնազգեստը՝ պարեգօտ։  Վերջինը կարուած է մուգ կանանչ, կապոյտ կամ մանիշակագոյն բամպակեայ եւ կամ մետաքսիայ կերպասէ։  Զարդերը ընդհանրապէս արծաթեայ են։  Զգեստին անբաժան մասն է նաեւ կիներուն կողմէ հարուստ զարդանախշերով աշխատուած գուլպան։

Գլխայարդարանք

Խմբագրել

Մեծ կարեւորութիւն կը տրուի կիներուն գլխայարդարանքին։  Մազը կը սանտրուի ճակատէն դէպի գագաթ եւ գլխուն կը կապեն ճերմակ գլխաշորը, որուն վրայ կը դնեն կոպի՝ թաւշապատ կամ պարզ կտորով պատրաստուած շրջանակ։ Որպէսզի կոպին գլխուն վրայ հաստատ մնայ, գլուխը երկրորդ գլխաշորով մը կը գոցեն, այսպէս միայն ճակատամասը տեսանելի է։  Կոպիի եզրերուն կը կապուին ճակատը զարդարող դրամաշարը եւ կամ բոժոժներ։  Վերջապէս, գլուխը կը ծածկուի եռանկիւնաձեւ գլխաշորով։

Արցախի հարսնցուի իւրայատուկ տարազ

Խմբագրել

Արցախի հարսնցուի գլխայարդարանքը պարզ է։  Ֆէսի նմանող գդակը դրամաշարով զարդարուած կ՛ըլլայ։  Իսկ գդակին վրայ տարբեր երկարութեամբ երկու շղարշ կայ։ 

Հագուստը ընդհանրապէս բաց գոյնի է եւ անոր վրայի կարճ պարեգօտը եզերուած՝ ոսկեզարդով,  թաւիշէ է։  Հարսին մէջքին կապած գօտիին ոսկեզօծ ճարմանդին վրայ փորագրուած կ՛ըլլան հայկական զարդարուեստին յատուկ թռչունը։  Հագուստին վրայէն երկրորդ ճերմակ գոյնի պարեգօտի թեզանիքին տակէն կ՛երեւի առաջին պարեգօտի թեզանիքը։

Զանգեզուրի եւ Մեղրիի տոհմական տարազներ

Խմբագրել
 
Զանգեզուրի տղամարդու զգեստ

Զանգեզուրի եւ Մեղրիի տոհմական տարազները մօտ են իրարու։  Կը բաղկանան հալաւէ, փոխանէ եւ պարեգօտէ։   Այս զգեստները ունին նաեւ բերնակապ։

Մեղրեցի կիներու տոհմիկ տարազը, կը յատկանշուի բաց գոյներու գործածութեամբ։  Անոնց մէջքի աշխատուած գօտին կը կապուի իւրայատուկ ձեւով եւ կ՛օգտագործուի ձեռքը մէջը զետեղելու համար։

Տղամարդու տարազներ

Խմբագրել

Սիւնիքի եւ Արցախի տղամարդոց տոհմիկ տարազը գրեթէ նոյնանման է։  Անոր բաղկացուցիչ մասերն են՝ շապիկը, վարտիքը, անդրավարտիքն ու արխալուղը (մինչեւ ծունկերը հասնող շոր):   Տարազը կ՛ամբողջանայ չուխա (բրդեղէն) - վերարկուով։

Փեսացուի չուխան կարուած կ՛ըլլայ կարմիր մահուդէ (հաստ բուրդէ գործուածք)։

Գլխայարդարանք

Խմբագրել

Մորթէ գլխարկը տղամարդոց կարեւոր գլխայարդարանքն է։  Իսկ հարուստ դասակարգը, կը գործածէր Պուխարայի (Պուխարա՝ Ուզպեքիստանի գլխաւոր քաղաքներէն) գլխարկ[1][2][3]։

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Տես նաեւ

Խմբագրել

Արցախի Հանրապետութիւն

Արցախի պատմութիւն

Սիւնիք

Աղբիւրներ

Խմբագրել

Հայկական Տարազներու Պատկերագիրք․ հրատ․՝ Համազգային Մշակութային եւ Կրթական Ընկերակցութիւն, Պէյրութի մասնաճիւղ

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել
  1. Սիւնիք – Արցախ, այր մարդոց տարազներ
  2. Հայկական ազգային հագուստ (տարազ)
  3. Արեւելահայ կնոջ տարազ