Սմբատ Բարեջանեան

Սմբատ Բարեջանեան (1880-ական թուականներ, Հալէպի նահանգի Մարաշ քաղաքին էջ), հայ բժիշկ։

Սմբատ Բարեջանեան
Պատկեր:Սմբատ.jpg
Ծննդավայր Մարաշ
Կրթութիւն Եէյլի համալսարան
Մասնագիտութիւն բժիշկ

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է 1880-ական թուականներուն, Հալէպի նահանգի Մա­րա­շի գա­վա­ռի կեդրոն Մա­րաշ քաղաքին մէջ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Մարաշի Ս. Ստեփանոս նախակրթարանէն ներս, միջնակարգը՝ նոյն քաղաքի, Ազգային Կեդրոնական վարժարանէն եւ ամերիկացի միսիոներներու «Ակա­դեմի» (անգլերէն՝ Academy) բարձրագոյն վարժարանէն ներս։ 1899 թուականին աւարտած է ամերիկացի միսիոներներու Տարսոնի Սէյնթ Փօլ գոլէճը։ 1900 թուականին մեկնած է ԱՄՆ։ 1908 թուականին աւարտած է Եէյլի համալսարանի բժշկական բաժինը։ 1911 թուականին վերադարձած է Մարաշ եւ բժիշկ աշխատած։ Եղած է եռանդուն ազգային-հասարակական գործիչ։ 1913 թուականին Ատանայի մէջ ամուսնացած է օրիորդ Սիրվարդ Մ. Ճըռեանի հետ։ 1914 թուականին, ԱՄՆ քաղաքացի ըլլալով հանդերձ, իր կամքին հակառակ զօրակոչուած է Օսմանեան բանակ եւ զինուորական բժիշկ ծառայած։ Ծառայած է Տարտանելի, Կալիցիայի, Պաղեստինի ռազմաճակատներուն վրայ։ Պատերազմի ընթացքին անգլիացիներու ձեռքը գերի է ընկած եւ Անգ­լո-Եգիպ­տա­կան հիւանդանոց ուղարկուած՝ բժիշկ ծառայելու։ 1919 թուականին բրիտանական գրաւման բանակի ընդհանուր հրամանատար գեներալ Ալենբիի հրամանով մեկնած է Կի­լի­կիա եւ բժշկական ու ազգային գործունէութիւն ծաւալած։ 1921 թուականին, երբ ֆրանսացիները լքած են Կիլիկիան, բժիշկն իր ընտանիքով վերադարձած է ԱՄՆ։ 1930 թուականին հաստատուած է ԱՄՆ-ի Մասաչուսեց նահանգի Ուստր քաղաքին մէջ։ Եղած է Ամերիկեան բժշկական ընկերութեան, Մա­սա­չուսեց նահանգի բժշկական ընկերութեան եւ հնչակեան կուսակցութեան անդամ։ Գրիգոր Գալուստեանի «Մա­րաշ» գիրքի հրապարակութեանն աջակցած է, տալով արժէքաւոր տեղեկութիւններ հնչակեան կուսակցութեան մասին։

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Գալուստեան Գրիգոր Հ., Մարաշ, Նիւ Եորք, 1934։
  • Գալուստեան Գրիգոր Հ., Մարաշ կամ Գերմանիկ եւ հերոս Զէյթուն, Նիւ Եորք, 1988։