Կաղապար:Տեղեկաքարտ Սպորտ Սնուքըր (անգլերէն՝ snooker), պիլիարտ խաղի տեսակ։ Կը Դասուի գնդապարկի պիլիարտի տեսակներուն շարքին։ Առաւելապէս տարածուած է Մեծ Պրիտանիոյ մէջ։

Սնուգըր խաղի գնդակներու սկսբնական տեղաւորում

20-րդ դարու վերջերուն սկսած՝ սնուքըր խաղը, ձեռք ձգած է հանրաճանաչութիւն եւ ներկայիս արդէն լայնօրէն տարածուած, մասնաւորապէս Եւրոպական երկրներուն մէջ, Չինաստանի եւ Աւստրալիոյ մէջ։ Սնուքըրի գլխաւոր մրցաշարքը՝ աշխարհի առաջնութիւնն է, որ տեղի կ՛ունենայ ամէն տարի։ Մինչեւ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմը առաջնութեան կը մասնակցէին պրիտանացիներ եւ աւստրալիացիներ։

Պատմութիւն

Խմբագրել

Սնուքըրը իր ժամանակակից տեսքով ծագած է 19-րդ դարու երկրորդ կիսուն։ Պիլիարտը եղած է պրիտանական բանակի սպաներու յայտնի գործունէութիւններու շրջանակներուն մէջ, որոնք տեղակայուած էին Հնդկաստանի մէջ։ Ապա մշակուած են աւանդական պիլիարտի խաղերու տարբերակներ։ Առաջին տարբերակը, մշակուած է սպաներու կողմէն 1874-1875 թուականներուն, անկարգութեան ժամանակ, սկիզբը աւելցուած՝ գունաւոր 4 գնդակներ, իսկ 1890 թուականին գնդակներուն թիւը դարձած է՝ 6։