Սոնա Խտըշեան
Սօնա Խտըշեան-Ծառուկեան (1928), ծնած է Պէյրութ: Նախնական ուսումը ստացած է տեղւոյն Սահակեան Ազգային վարժարանը: Յետոյ աւարտած է Պէյրութի Անգլիական Գոլէճը: Երկու տարի հետեւած է Հայկազեան գոլէճի մանկաուարժական դասընթացքներուն։ Ուսուցչական պաշտօն վարած է, դասաւանդելով հայերէն եւ անգլերէն լեզուները։
Սոնա Խտըշեան | |
---|---|
Ծնած է | 1928 |
Ծննդավայր | Պէյրութ |
Ազգութիւն | Հայ |
Կրօնք | Քիստոնեայ |
Աշխատավայր | գրագետ |
Ամուսին | Անդրանիկ Ծարուկեան |
Երեխաներ | 2 |
Կանուխէն սկսած է գրել, բայց իր պատմուածքները առաջին անգամ լոյս տեսած են վաթսունական թուականներուն, Պէյրութ հրատարակուող «Նայիրի» գրական շաբաթաթերթին մէջ։
Կ'ամուսնանայ «Նայիրի»ի խմբագիր եւ գրագէտ Անդրանիկ Ծառուկեանի հետ եւ միատեղ կը շարունակեն հրատարակել զայն, մինչեւ 1983: Լիբանանի ողբեգական դէպքերուն պատճառով կը փոխադրուին Փարիզ, միշտ վերադառնալու յոյսով:
Փարիզ հաստատուելէ ետք, Սօնա Ծառուկեան կ'աշխատակցի Լոս Անճելըս հրատարակուող «Նոր Կեանք» շաբաթաթերթին, ստորագրելով պատմուածքներ եւ տոմսեր։
Այժմ կ՚ապրի Փարիզ, իր միակ դստեր Նայիրիին հետ։
Սօնա Ծառուկեան օժտուած է դէպքերը բնականօրէն եւ համով-հոտով պատմելու ձիրքով։ իր տիպարները իրենց անհատականութեամբ եւ գործածած հարազատ բարբառով համակրելի կը դառնան ընթերցողին։
Աղբիւրներ
ԽմբագրելՍփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։: