Սուխումի Հայկական Թատրոն
Սուխումի հայկական թատրոն, կազմակերպուած է 1928-ին, Աբխազական պետթատրոնին կողմէ որդեգրուած է՝ Հ․ Շահէնի ղեկավարութեամբ։
Սուխումի Հայկական Թատրոն |
Կայք |
---|
Պատմութիւն
ԽմբագրելԲացուած է Բ․ Լավրենյովի «Բեկում» կտորի ներկայացումով։ 1930-1931-ականներուն գեղարուեստական ղեկավարը եղած է Արմէն Արէենեան: Բեմադրութիւններով հանդէս եկած են նաեւ Աբխազական ԻՀ ժողովրդական արտիստուհի Է․ Շահինեանը, Հ․ Մանվելեանը եւ ուրիշներ։
Թատրոնը ելոյթներ ունեցած է Պաթումի, Սոչիի եւ այլ շրջաններու մէջ։ Խաղացանկին մէջ եղած են Շիրվանզադէի «Նամուս»ը, «Մորգանի խնամին», «Չար ոգի»ն, Գաբրիէլ Սունդուկեանի «Պեպօ»ն, «Խաթաբալա»ն, Յակոբ Պարոնեանի «Պաղտասար աղբար»ը, Ս․ Պաղտասարեանի «Արիւնոտ անապատ»ը, Լ․ Միքայէլեանի «Գոշ»ը, Նիքոլա Գոգոլի «Ռեւիզոր»ը, Ս․ Լեւիտինայի «Դատավճիռ»ը, Ջ․ Զաբարլիի «Սեւիլ»ը, «Ցաշար»ը, Շեքսպիրի «Օթելլօ»ն, Շիլլերի «Աւազակներ»ը եւ այլ կտորներներ։ Թատրոնին մէջ աշխատած են՝ է․ Շահինեանը, Լ․ Խշտոեանը, Վ․ Նիկողոսեանը, Բ․ Վարդանեանը, Ա․ Նալչաջեանը, Պ․ Թադէոսեանը, Լ․ Թորոսեանը, Ա․ Ջիդարեանը, Ա․ եւ Մ․ Սանամեանները եւ ուրիշներ։ Սուխումի հայկական թատրոնին մէջ հիւրախաղերով հանդէս եկած են Յովհաննէս Աբելեանը, Վահրամ Փափազեանը, Ա․ Աւետիսեանը։ Թատրոնը փակուած է 1938-ին։ 1950-1960 թուականներուն գործած է թատերական խումբ՝ Ա․ Զիդարեանի աշխոյժ մասնակցութեամբ։ Բեմադրուած են Շիրվանզադէի «Պատուի համար»ը, «Չար ոգի»ն, Յակոբ Պարոնեանի «Մեծապատիւ մուրացկաններ»ը, «Ատամնաբոյժն արեւելեան»ը եւ այլ թատերգութիւններ։