Սուրբ Լոյս Լեռնաշղթայ

Սուրբ Լոյս լեռնաշղթայ, կը գտնուի Բիւրակն-Մնձուրեան լեռնաշղթայի արեւմտեան հատուածին մէջ։

Սուրբ Լոյս Լեռնաշղթայ
Տեսակ լեռ
Երկիր  Թուրքիա
Վարչատարածքային միաւոր Պինկէօլ նահանգ
Բարձրութիւնը ծովու մակարդակէն 2884 մեթր

Սրբլուս, Սրբլիս, Սիլբիս, Սիպլուս, Սուլփուս, Տիզկին պապա եւ այլ անուններով յայտնի Սուրբ Լոյս լեռնաշղթան 2 աղեղով սկիզբ կ'առնէ Բագուտ լեռնագագաթէն եւ 80 քմ. երկարելով դէպի հարաւ՝ կը հասնի մինչեւ Մնձուր եւ Քղի գետերու խառնուրդը՝ դառնալով վերջիններուս ջրբաժանը:

Լեռնաշղթան հարուստ է մութ անտառներով, որոնց մէջէն կը հոսին սառնորակ աղբիւրներ եւ կը ծաղկեցնեն փարթամ կանաչով լանջերը: Ունի իւրայատուկ քարայրներ, որոնք միշտ գրաւուած են հայ եւ քիւրտ ուխտաւորներու ուշադրութիւնը[1]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Սուրբ Լոյս Լեռը՝ Հայերու Եւ Քիւրտերու Ուխտատեղի»։ Asbarez - Armenian (en-US)։ 2018-10-01։ արտագրուած է՝ 2023-06-29 
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։