Սուրբ Ստեփանոս Վանք

Սուրբ Ստեփանոս Նախավկայի Վանք (անգլերէն՝ Saint Stepanos Monastery, արաբերէն՝ دير القديس إستبانوس), իններորդ դարու հայկական համալիր, կը գտնուի Ատրպատականի հայոց թեմի հոգեւոր իշխանութեան տակ, Ճուլֆայէն 16 քմ դէպի արեւմուտք եւ ծովու մակերեսէն 890 մ. բարձրութեան վրայ, Դարաշամբ շրջանին մէջ, ուր նաեւ կը գտնուի համանուն հայկական գիւղը:

Սուրբ Ստեփանոս Նախավկայի Վանք

Եկեղեցւոյ անունը, որ նաեւ վանքին անունն է, կնքուած է ի յիշատակ քրիստոնէութեան համար նահատակուած Սուրբ Ստեփանոս նախավկային:

Սուրբ Ստեփանոս, Սուրբ Թադէոս վանքերը, Դարաշամբ գիւղը, Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին, Հովիւի մատուռը եւ Ձորձորի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին 2008 թուականին ընդգրկուած են ԻՒՆԵՍՔՕ-ի ցանկին մէջ, «Իրանի պատմական եկեղեցիներ» անուան տակ[1]:

Հիմնադրութիւն

Խմբագրել

Վանքի հիմնադրութեան մասին կան տարբեր կարծիքներ: Հայ պատմիչներէն շատեր կ՛ըսեն, թէ անիկա հիմնուած է Քրիստոսի 12 առաքեալներէն Սուրբ Բարթողիմէոսի կողմէ, Ա. դարուն, Քրիստոսի յարութենէն ետք, երբ աշակերտները սկսած են քարոզել Աւետարանը:

Գրաւոր առաջին տեղեկութիւնը Խաչիկ Ա. Արշարունի կաթողիկոսի 976-ի կոնդակն է, որմով հաստատուած են վանքին հարկատու կալուածներու սահմանները։ Նոյն թուականին վանքը վերահաստատած եւ վերաշինած է Բաբգէն եպս. Չարեանը։

Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ օծման ներկայ գտնուած են Խաչիկ Ա. Արշարունին եւ Հայոց Աշոտ Ողորմած թագաւորը, որոնք վանքին նուիրած էին ընդարձակ կալուածներ։ Աշոտի դուստր Հռիփսիմէն 981-ին վանքին կտակած է Աստապատի իր դաստակերտը, այգիներ, արտեր։ Կտակին մէջ նշուած է, որ վանքապատկան երեք եկեղեցիները՝ Սուրբ Ստեփանոսը, Սուրբ Աստուածածինը եւ Սուրբ Գէորգը, խարխուլ էին, եւ գլխաւոր եկեղեցին (Սուրբ Ստեփանոսը) նորոգած է իր հայրը։

13-14-րդ դարերուն վանքը յայտնի մշակութային կեդրոն եղած է, 1332-ին այնտեղ տասէն աւելի վանականներ ձեռագիրներ ընդօրինակած են, գործած է նաեւ դպրոց։

16-րդ դարու վանքը խարխուլ վիճակ ունեցած է: 1589-ին Մարտիրոս վարդապետը նորոգման աշխատանքներ կատարած է։ Մովսէս Գ. Տաթեւացի կաթողիկոսը 1631-ին վանքին դրամահաւաքի իրաւունք տուած եւ յորդորած է ժողովուրդը՝ օժանդակել այս կարեւոր հոգեւոր կեդրոնի պահպանման։

Ըստ 17-րդ դարու պատմիչ Առաքել Դաւրիժեցիի, 1633-ին վանահայր դարձած Յակոբ Ջուղայեցին (ապագայ կաթողիկոս Յակոբ Դ. Ջուղայեցի) մինչեւ հիմքերը քանդած է վանքի եկեղեցին ու միւս շինութիւնները եւ կառուցած է նոր եկեղեցի, պարիսպներ եւ անոնց կից բնակելի ու օժանդակ շէնքեր։ Ըստ Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ գմբէթի թմբուկի արձանագրութեան, այդ կատարուած է 1643–55-ին, սակայն շինարարութիւնը շարունակուած է մինչեւ 1662-ը։ Յակոբ Դ. Ջուղայեցիի Ամենայն հայոց կաթողիկոս ընտրուելէ (1655) ետք վանքին շինարարութիւնը շարունակած են Յովհաննէս, Պետրոս եւ Յակոբ Շամբեցի վանահայրերը. կառուցած են արեւմտեան պարիսպը, սեղանատունը, խուցերը եւ զանգակատունը։ 1759-ին վանքին շէնքերը վնասուած են երկրաշարժէն։ Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցին յետագային նորոգուած է 1704, 1826 եւ 1865-ին, հիւսիսային բակի սենեակները նորոգուած են 1832-ին, իսկ 1840-ին երկրաշարժէն վնասուած զանգակատունը՝ 1879-ին։

1917–21-ին թուրքերը չորս անգամ թալանած են վանքը եւ հրկիզած՝ գրադարանը։ 1973-ին, մինչեւ վանք, կառուցուած է երթուղի։ 1983-ին, իրանահայ համայնքին եւ «Երկիր եւ մշակոյթ» (Փարիզ) կազմակերպութեան նիւթական օժանդակութեամբ Իրանի պետական «Միրասէ ֆարհանգի» («Մշակութային ժառանգութիւն») հաստատութիւնը թիթեղապատած է տանիքները[2], հենակներով ամրացուցած՝ զանգակատան խարխլուած կամարները, վերակառուցած՝ արեւելեան բակի քանդուած խուցերը, վերանորոգած՝ խոհանոցն ու սեղանատունը:

Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցին, որ կը պատկանի Սեֆեան դարաշրջանին, 500-400 տարուան անցեալ ունի:

Ճարտարապետութիւն

Խմբագրել

Եկեղեցին ունի երեք մաս` զանգակատունը, բուն եկեղեցին եւ նախկին Սուրբ Պօղոս-Պետրոս մատուռ: Վանքը պաշտպանուած է բարձր պարիսպներով, որոնք ունին նաեւ եօթը աշտարակ, Վերնահարկ ունի նաեւ արեւմտեան խաչաթեւը[3]: Դարպասը կը գտնուի արեւմտեան կողմը, իսկ դպրեվանքը` շրջափակին մէջ, ուրկէ աւարտած շրջանաւարտները կը ծառայեն եկեղեցւոյ` իբրեւ հոգեւորականներ:

Ամէն տարի Սուրբ Ստեփանոսի տօնին եւ վանքի անուանակոչութեան առիթով թեմի առաջնորդը՝ հոգեւորականութեան եւ հաւատացեալ ժողովուրդին հետ կ՛այցելէ վանք, ուր կը մատուցուի Սուրբ պատարագ` ի յիշատակ քրիստոնէութեան առաջին մարտիրոս Սուրբ Ստեփանոս նախավկային:

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել