Մովսէս Գ. Տաթեւացի

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս։

Մովսէս Գ. Տաթեւացի Կաթողիկոս (անհայտ[1] - 1632[1]), Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս։ Յաջորդած է Դաւիթ Դ․ Վաղարշապատցիին։

Մովսէս Գ. Տաթեւացի
Ծնած է անհայտ[1]
Մահացած է 1632[1]
Մասնագիտութիւն հոգեւորական
Վարած պաշտօններ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս[1]

Կենսագրական գիծեր

Խմբագրել

Ծնած է Սիւնեաց Աշխարհի Խոտանան գիւղը։ Այդ պատճառով ալ հայոց մատենագիտութեան մէջ ան յիշատակուած է նաեւ Մովսէս Սիւնեցի, Աճարաննցի եւ Խոտանանցի անուններով։

Մովսէս Տաթեւացի իր կրթութիւնը ստացած է Տաթեւի վանքին մէջ։ Իր առաջին ուսուցիչին՝ Սրապիոն Վարդապետի մահէն ետք, քանի մը տարիներ աշակերտած է Գրիգոր Վարդապետին, որ մեծ դեր ունեցած է պատանի Մովսէսի հոգեմտաւոր եւ ազգային-քաղաքական կազմաւորման մէջ։

Տասնըհինգ տարիքը նոր թեւակոխած էր Մովսէս, երբ աբեղայ ձեռնադրուած է։

Ան շրջած է իր ժամանակի հայաշատ բոլոր կեդրոնները։ Մեկնած է Երուսաղէմ, եղած է Եգիպտոս, ուր մօտէն ծանօթացած է ղպտիներու վանքերուն եւ անապատներուն։ Վերադարձած է Երուսաղէմ, ուր եւ ստանձնած է «Ս. Յարութիւն» տաճարի լուսարարութիւնը:

Մովսէս Վարդապետ 1613-ին վերադարձած է Տաթեւի վանք՝ քանի մը տարի Կոստանդնապոլսոյ, Տիգրանակերտի, Վասպուրականի եւ Թաւրիզի մէջ հոգեւոր քարոզչութեան ծառայելէ ետք։

Ամէնուր քարոզելով ճշմարտութիւնը՝ շինած է եկեղեցիներ, կարգած՝ վարդապետներ, հիմնած՝ դպրոցներ, կրթած՝ բնակչութիւնը:

Հակառակ այս ամբողջ ագզանուէր գործունէութեան՝ հալածանքներու ենթարկուած է, ստիպուած եղած է տեղափոխուիլ Թէոդապոլիս` Կարին քաղաք:

Այդ ժամանակ Երեւանի եւ Արարատեան Աշխարհի մեծ ու հզօր իշխանն էր Ամիրգունա խանը, որուն հաւանութեան արժանացած էր Մովսէս Վարդապետ: Խանի յորդորով՝ վարդապետը հաստատուած է Երեւան, վերաշինած՝ Սբ. Անանիա Առաքեալի անապատը, կարգաւորած՝ Այրարատի եկեղեցիներն ու վանքերը, վերաբացած՝ Յովհաննավանքի եւ Սաղմոսավանքի վանական դպրոցները:

1623-ին, Մովսէս Տաթեւացին ձեռնադրուած է եպիսկոպոս՝ Մելիքսէթ Կաթողիկոսի օրհնութեամբ: 1626-ին եղած է Սպահան՝ քաղաքի ջուղայեցի վաճառականներու, տեղւոյն քահանաներու եւ աշխարհականներու յորդորով:

Ան տիրապետած է մոմի սպիտակեցման արհեստին՝ Երուսաղէմ գտնուելու տարիներէն։ Մովսէս Վարդապետ ամէն տարի եկեղեցական բոլոր ժամերգութիւններուն վառած է սպիտակամոմ եւ մեծ հանդիսաւորութեամբ կատարած է տէրունական եւ նշանաւոր սուրբերու տօները:

Իրանի Շահ-Աբաս Արքային հրաւէրով արքունիքի արհեստաւորներուն սորվեցուցած է սպիտակ մոմի պատրաստութեան արհեստը, արժանացած է Շահի գնահատանքին։

Իբրեւ վարձատրութիւն՝ Մովսէս Վարդապետ Շահի հրովարտակով կարգուած է Ս. Էջմիածնի լուսարար եւ ստացած՝ Մայր Աթոռի վերանորոգման ու եկեղեցական ծառայութեան վերականգնման արքայական արտօնութիւն[2]։

Նախորդը՝
Դաւիթ Դ․ Վաղարշապատցի
Կաթողիկոս
1629–1632
Յաջորդը՝
Փիլիպոս Ա․ Աղբակեցի

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել