Սուրէն Ազիրեան
Սուրէն Ազիրեան (1890, Սիս, Ատանա, Թուրքիա - 1917, Դամասկոս, Օսմանեան Կայսրութիւն), հայ բժիշկ։
Ծնած է | 1890 |
---|---|
Ծննդավայր | Սիս, Ատանա, Թուրքիա |
Մահացած է | 1917 |
Մահուան վայր | Դամասկոս, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մահուան պատճառ | Ժանտախտ |
Կրթութիւն | Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան |
Մասնագիտութիւն | բժիշկ |
Ռազմական ծառայութիւն | Օսմանեան կայսրութեան զինուած ուժեր |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելՍուրէն Ազիրեան ծնած է 1890 թուականին, Ատանայի նահանգի, Գոզանի գաւառի՝ Սիս քաղաքին մէջ։ 1908 թուականին աւարտած է նախնական կրթութիւնը եւ նոյն տարին ընդունուած՝ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի բժշկական բաժինը։ 1914 թուականին, Առաջին համաշխարհային պատերազմն սկսելէ ետք, ուսումը թերաւարտ ձգելով, զօրակոչուած է Օսմանեան բանակ եւ ծառայած որպէս զինուորական օգնական բժիշկ։ 1917 թուականին՝ Դամասկոսի մէջ, վարակուած է ժանտախտով եւ մահացած։ Հայրենասիրական ստեղծագործութիւններ ունեցած է, որոնք կորուստի մատնուած են։
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։