Սուրէն Սանինեան
Սուրէն Սանինեան, ծնած է Երեւանի մէջ եւ Երկրորդ աշխարհամարտէն ետք հաստատուած է Միաց. նահանգներ։ 1940ական թուականներէն ի վեր կ՚աշխատակցի արտասահմանեան մամուլին եւ պարբերականներու՝ որոնց մէջ ցրուած կը մնան իր ստեդծագործութիւններէն շատեր,- հաւանօրէն աւելի՜ն՝ քան ինչ որ կրցած է համադրել իր երկու հատորներուն մէջ. «Տասներկու նորավէպեր եւ պատմուածքներ» (1963) եւ «Հեռաւոր թաց ու լուսաւոր մայթերի վրայ» (1974)։
Կենսագրական այս ամփոփ գիծերուն հետ իր գրականութենէն իբրեւ նմոյշ ստորեւ հրատարակուած քանի մը եջերը արտագրած ենք «Բագին» ամսագրի 1970 Յունուարի թիւէն (թիւ 1, Թ. տարի)՝ «Դէպքերը Ջորջըզ խմիչքարանում» իարագրուած երկարաշունչ փորձէ մը, որ կը միտի բարքերու եւ տիպարներու սեւեոումով մը մերօրեայ կեանքը ուրուագծել՝ իր լաց ու քրքիջով[1]։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Մինաս Թէօլէօլեան, Դար մը գրականութիւն, հ. Ա (Բ. հրատարակութիւն), Հալէպ, 2005։