Սպանա-Իսրայէլական Յարաբերութիւններ
Կաղապար:Տեղեկաքարտ Միջազգային հարաբերություններ Սպանա-իսրայէլական յարաբերութիւններ դիւանագիտական, մշակութային եւ տնտեսական յարաբերութիւններն են Իսրայէլի եւ Սպանիոյ միջեւ։ Երկու պետութիւններն ալ հաստատած են դիւանագիտական յարաբերութիւնները 1986-ին։ Իսրայէլը ունի դեսպանատուն Մատրիտի մէջ, իսկ Սպանիան ալ ունի դեսպանատուն Թէլ Ապիպի մէջ, պատուաւոր հիւպատոսութիւն՝ Հայֆայի եւ գլխաւոր հիւպատոսութիւն Երուսաղէմի մէջ, որ դիւանագիտական առաքելութիւն կ՛իրականացնէ Երուսաղէմի մէջ (ներառեալ Արեւելեան Երուսաղէմը), Ղազայի հատուածին եւ Արեւմտեան ափի տարածքներուն մէջ (Պաղեստին)[1]։ Երկու պետութիւններն ալ կը հանդիսանան՝ ՄԱԿ-ի անդամ, ինչպէս նաեւ Միջերկրածովեան դաշինքի անդամ են։ Երկու պետութիւններն ալ ներգրաւած են տարբեր ծրագրերու եւ համաձայնագրերու Եւրամիութեան շրջանակներուն մէջ, որու անդամ է Սպանիան։
Պատմութիւն
ԽմբագրելՖրանչիստական Սպանիան չէր ճանչնար Իսրայէլը՝ հենուելով հրեայներու ու մասոններու միջազգային դաւադրութեան վրայ՝ Հրեամասոնական դաւադրութեան տեսութիւն ընդդէմ Սպանիոյ[2]։ 1949-ին Իսրայէլը դէմ է քուէարկել ընդդէմ Սպանիոյ պատժամիջոցներ կիրառելուն ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Ասամպլեային մէջ, քանի որ ֆրանքոնեան ռեժիմը նիւթական աջակցութիւն կը ցուցաբերէր առանցքի երկրներուն[3]։ Չնայած դիւանագիտական յարաբերութիւններու բացակայութեան, Ֆրանքոյի կառավարութիւնը օգնեց 1960-ականներուն եւ 1967-ին Վեցօրեայ պատերազմի ժամանակ հրեայներու արտագաղթին Մարոքէն[4]։
Պրոարաբական դիալեքտիկան Ֆրանքոյին նախորդած կառավարութիւններուն ստեղծած էր մշտական դիրքորոշում, որ բաւական դժուար յաղթահարած էր դեմոկրատիայի անցնելէն ետք[2]։ Ֆրանքոյի մահէն ետք ձեւաւորուած առաջին սպանական կառավարութիւնը Ատոլֆօ Սվարէսի գլխաւորութեամբ յայտարարեց, որ այն չի ճանչնար Իսրայէլը, եթէ այն չլքէ օկուպացուած տարածքները եւ չթոյլատրէ Պաղեստին պետութեան ստեղծման[5]։
1982-ին Սվարէսի պաշտօնաթողութիւնէն ետք Սպանիոյ կառավարութեան նոր վարչապետը[6] Լեոբոլտ Քալուա-Սոտելօն կողմ էր, որպէսզի դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատուէին Սպանիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ, բայց այս իրադարձութիւնը պէտք է տեղի ունենար յաջորդ կառավարութեան ժամանակ, քանի որ այդ ժամանակուան արտաքին գործերու նախարար՝ Խոսէ Փետրօ Փերէս-Լորքէն ունէր պրոարաբական դիրքորոշում[7] եւ ան հանդէս կու գար ընդդէմ Իսրայէլը ճանչնալուն, պատճառաբանելով, որ Իսրայէլը կապ ունի Սապրա եւ Շաթիլայի մէջ տեղի ունեցած կոտորածներուն հետ, եւ բացի այդ, ան կը վախնար, որ արաբական պետութիւնները նաւթային էմպարկօ կը կիրառեն[8][9]։ Փերէս-Լորքէն աւելի ուշ դարձաւ «Kuwait Petroleum» ընկերութեան խորհրդականը։
Այդուհանդերձ քանի մը քայլեր ձեռնարկուեցան յարաբերութիւնները հաստատելու համար, ինչպէս ոչ օրինական շփումները Սամուէլ Հատասի, որ Իսրայէլի ներկայացուցիչն էր Համաշխարհային զբօսաշրջային կազմակերպութեան մէջ, որու շտապ-բնակարանը կը գտնուի՝ Մատրիտի մէջ։ Հատասը իսրայէլական աշխատաւորական կուսակցութեան անդամ էր եւ պատասխանատու էր Իսրայէլի ընկերներ ասոցիացիայի ստեղծման համար, որ պէտք է իր մէջ ներառէր սպանական խորհրդարանի քանի մը անդամներու սպանական սոցիալիստական աշխատանքային կուսակցութենէն, ինչպէս նաեւ կառավարող կուսակցութենէն՝ ժողովրդավարական կեդրոն միութեէն[10]։
Նպատակ ունենալով հաստատել ամբողջական դիւանագիտական յարաբերութիւններ Իսրայէլի հետ, վարչապետ Ֆելիփէ Կոնսալէսը, որ ընտրուած էր սոցիալիստական կուսկացութենէն, 25 Ապրիլ 1985-ին ուղարկեց անձնական նամակ ԱՊԼ-ի գլխաւոր քարտուղար՝ Շետլի Քլիպին, տեղեկացնելով սպանական կառավարութեան գործողութիւններուն վերաբերեալ[11]։ «Փայտէ ոտք» գործողութենէն ետք սպանական կառավարութիւնը քննադատեց յարձակումը եւ ժամանակաւորապէս դադարեցուց Իսրայէլի ճանաչման գործընթացը։ Երկու պետութիւնները հաստատեցին դիւանագիտական յարաբերութիւններ 17 Յունուար 1986-ին[12]։ Սամուէլ Հատասը նշանակուեցաւ առաջին իսրայէլական դեսպանը Մատրիտի մէջ[13]։ Այս բանէն ետք, Մատրիտի մէջ բացուեցաւ Պաղեստինի ազատութեան կազմակերպութեան ներկայացուցչական բիւրոն, որպէս ապացոյց Սպանիոյ աւանդական բարեկամութեան պաղեստինեան ժողովուրդին հետ եւ որպէս միջոց, որով պէտք է գտնուէր արաբա-իսրայէլական հակամարտութեան կարգաւորման ուղղին[14][15]։
2000-ին Սպանիան հանեց Իսրայէլի նկատմամբ կիրառուած վէթօն, որմով Իսրայէլը կը դառնար Արեւմտաեւրոպական եւ այլ պետութիւններա խումբի[en] անդամ, որ կը գործէ՝ ՄԱԿ-ի շրջանակներուն, եւ այդպիսով վերջ դրուեցաւ վարչական անորոշութեան, քանի որ Իսրայէլը չէր կրնար դառնալ Ասիական խումբի անդամ, քանի որ այնտեղ շատ են իսլամական պետութիւնները, որոնք կ՛արգելափակէին անոր յայտը անդամակցութեան[16]։
Հոկտեմբեր 2011-ի սպանական արքայազն Ֆելիփէն եւ անոր կինը արքայադուստր Լետիցիան ժամանեցին Իսրայէլ երկօրեայ պետական այցով, որպէսզի նշեն դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25 ամեակը եւ հանդիպեցան տեղի գիտնականներուն հետ[17]։
Հոկտեմբեր 2017-ի սկիզբը Քաթալոնիայի մէջ անցած հանրաքուէն, որմով այն անկախութիւն կը ցանկար ստանալ Սպանիայէն։ Անոր արդիւնքները առաջացրեցին ոչ միանշանակ ռեակցիայ երկրի ներսը եւ անկէ ետք յաջորդեց քաղաքական ճգնաժամ։ Սպանիոյ կառավարութիւնը դիմեց Իսրայէլի կառավարութեան խնդրանքով, որպէսզի այն չճանչնայ հանրաքուէի արդիւնքները եւ հնրաւոր պարագային նաեւ անոր յաջորդող մարզի անկախութիւնը։ Իսրայէլի կառավարութիւնը որոշում ընդունեց ոչ մէկ ձեւով անդրադառնալ տուեալ խնդրանքին․ չճանչնալ Քաթալոնիայի անկախութիւնը եւ ոչ ալ հերքել այն։ Այս կատարուեցաւ այն բանի համար, որպէսզի միջազգային ասպարէզին մէջ միայնակ չմնայ, քանի որ պետութիւններու մեծամասնութիւնը չեր շտապեր ճանչնալ Քաթալոնիայի անկախութիւնը անոր հնարաւոր անկախութեան հռչակման պարագային, չնայած անոր, որ Քաթալոնիայի բնակչութեան մեծամասնութիւնը կ՛աջակցէր Իսրայէլին, քան Սպանիոյ այլ շրջաններու բնակիչները[18][19]։
Կրօնական եւ մշակութային կապեր
ԽմբագրելԲազում հրեայներ մշակութային կապ ունին Փիրէնեան թերակղզիի հետ, ուրկէ 15-րդ դարու աւարտին հրեայները վռնտուած են։ Բազում հրեայներ նաեւ կը հանդիսանան սպանացի եւ փորթուքալցի հրեայներու հետնորդներ, որոնք վռնտուած են թերակղզիէն մինչ 15-րդ դարը։ Որոշ հրեայներ կ՛ապրին այսօր Սպանիոյ մէջ, երկրին մէջ այժմ կայ ոչ մեծ ժամանակակից հրէական համայնք։ Բազում սպանացիներ նոյնպէս կը հանդիսանան քրիստոնէութիւն ընդունած հրեայներու ժառանգներ, որոնց տոկոսը կը կազմկէ 20%[20]։ Իսրայէլական «Մաարիվ» թերթը կը նշէ, որ համաձայն իր խոստովանութեան Խոսէ Լուիս Ռոտրիկէս Սափատերոյի ընտանիքը ունի հրէական ծագում[21]։
Դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատաման 25 ամեակի եւ Սպանիոյ ու Իսրայէլի միջեւ մշակութային կապերու կապակցութեամբ Մատրիտի մէջ գտնուող Փրատօ թանգարանը ժամանակաւորապէս ցուցադրելու համար տրամադրեց Էլ Կրեքոյի նկարը Երուսաղէմի մէջ գտնուող Իսրայէլի թանգարանին։ Կազմակերպուեցաւ յատուկ ընդունելութիւն Իսրայէլի հինգերորդ նախագահ Եիցակ Նաւոնի եւ Իսրայէլի մէջ Սպանիոյ դեսպան՝ Ալվարօ Իրանզօ Կուտիերէշի ներկայութեամբ[22]։
Երկկողմանի առեւտրաշրջանառութիւն
Խմբագրել2010-ին երկողմանի առեւտրաշրջանառութիւնը հասած է՝ €1,69 մլրդ-ի, որմէ €853 մլն կազմած Իսրայէլէն Սպանիա ապրանքներու ներկրումը, իսկ €836 մնլ ալ սպանական ապրանքներու ներկրում Իսրայէլ։ Խոսէ Ռաներոն, որ տնտեսական եւ առեւտրային խորհրդական է սպանական դեսպանատան, նշած է, որ ինքը կը սպասէ աւելի մեծ փոխադարձ ծրագրերու իրականացման, յատկապէս արուեստագիտութիւններու ոլորտէն ներս[17]։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Consulado de España en Jerusalén Արխիւացուած է Նոյեմբեր 8, 2011 Wayback Machine-ի միջոցով:, Ministerio de Asuntos Exteriores y de Cooperación de España»[permanent dead link]
- ↑ 2,0 2,1 Bautista Delgado 2009, էջեր. 299–316
- ↑ Hadas 2007, էջ. 46
- ↑ Hadas 1992–1993, էջեր. 191–206
- ↑ Bautista Delgado 2009, էջեր. 309–310
- ↑ «NB: President of the Government of Spain is the official English denomination for the head of government, a figure known as in some countries Prime Minister»
- ↑ Pérez-Llorca had been a member of the Popular Liberation Front in his youth, a New Left Pre-Trotskyist of Third-Worldist «Anti-imperialist» ideology
- ↑ Bautista Delgado 2009, էջ. 311
- ↑ Hadas 2007, էջ. 48
- ↑ País Ediciones El (2010-01-12)։ «Samuel Hadas, embajador de la tradición de Sefarad»։ El País
- ↑ Álvarez-Ossorio 2003, էջ. 81
- ↑ «ABC (Madrid) - 18/01/1986, p. 17 - ABC.es Hemeroteca»։ hemeroteca.abc.es
- ↑ International United Press։ «Israel Designates Ambassador to Spain»։ Los Angeles Times։ ISSN 0458-3035
- ↑ Álvarez-Ossorio 2003, էջ. 83
- ↑ «Ministerio de Asuntos Exteriores y de Cooperación | Gobierno de España»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2010-09-22-ին
- ↑ País Ediciones El։ «España admite a Israel en el grupo europeo de la ONU tras ser presionada por EE UU»։ El País։ ISSN 1134-6582
- ↑ 17,0 17,1 «Economic, commercial ties with Spain continue to shine»։ The Jerusalem Post | JPost.com
- ↑ «Израиль не отреагирует на просьбу Испании выступить против независимости Каталонии»։ NEWSru.co.il
- ↑ «בישראל הוחלט: לא נתנגד פומבית לעצמאות קטלוניה»։ NRG։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-11-02-ին
- ↑ País Ediciones El։ «Reportaje | Sefardíes y moriscos siguen aquí»։ El País։ ISSN 1134-6582
- ↑ Internet Unidad Editorial։ «Zapatero, a un diario israelí: 'Antisemitismo había con Franco' | España | elmundo.es»։ www.elmundo.es
- ↑ «Visiting Masterpiece from the Prado Museum, Madrid»։ www.diplomacy.co.il։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-04-07-ին
Գրականութիւն
Խմբագրել- Hadas Samuel (2007)։ «Un legado para la transición: Israel»։ in Enrique Gadea։ La contratación bancaria։ Librería-Editorial Dykinson։ ISBN 978-84-9849-046-6
- Hadas Samuel (1992–1993)։ «España e Israel: Quinientos años después»։ Política exterior։ Vol. 6, Nº 30։ Estudios de Politica Exterior։ ISSN 0213-6856
- Bautista Delgado Juan (2009)։ «From Ostracism to a Leading Role: Spain's Foreign Policy Towards the Middle East Since 1939»։ in Sanford R. Silverburg։ Palestine and International Law: Essays on Politics and Economics։ McFarland։ ISBN 978-0-7864-4248-5
- Mesa Roberto (1988)։ Democracia y política exterior en España։ Eudema։ ISBN 978-84-7754-022-9
- Álvarez-Ossorio Ignacio (2003)։ España y la cuestión palestina։ CYAM։ ISBN 978-84-8319-155-2