«Կոստան Զարեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «'''Կոստան Զարեան (Եղիազարեան)''', (1885-1969), ծած է Պաքուի մօտ Շամախի: Դեռ մանուկ՝ կը կորսնցնէ հա...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

12:54, 20 Օգոստոս 2014-ի տարբերակ

Կոստան Զարեան (Եղիազարեան), (1885-1969), ծած է Պաքուի մօտ Շամախի: Դեռ մանուկ՝ կը կորսնցնէ հայրը՝ բարձրաստիճան զինուորական ռուսական բանակին մէջ: Կը տարուի Պաքու, ապա՝ Փարիզ. ուրեմն կը սորվի ռուսերէն եւ ֆրանսերէն. գրական առաջին էջերը լոյս կ՛ընծայէ ֆրանսերէն: Կը գրէ նաեւ իտալերէն, որուն կը տիրապետէր: 1910 թուականին միայն կ՛երթայ Ս Ղազար կղզին, գրական հայերէն սորվելու բուռն փափաքով:

1920 թուականին կ՛անցնի Պոլիս, ուր կը մնայ մինչեւ 1915, գրական կեանքին մասնակցելով: Դ. Վարուժանի եւ Յ. Օշականի հետ կը հրատարակէ «Մեհեան» գրական պարբերաթերթեը: Պատերազմի սկիզբը կը մեկնի Եւրոպա, ուր որոշ մասնակցութիւն կը բերէ հայկական հարցի քարոզչութեան: 1919 թուականին կրկին Պոլիս է, ուր՝ մինչեւ 1922 թուականի վերջնական մեկնումը՝ կ՛ունենահ գրական-հրապարակագրական գործունէութիւն, Վ. Թէքէեանի եւ ուրիշ գրագէտներու հետ միասին հիմնելով ու խմբագրելով «Բարձրավանք» թերթը: Կ՛արտադրէ մանաւանդ բանաստեղծութիւններ:

Պոլիսէն Խորհրդային Հայաստան անցած՝ քանի մը տարի կը դասախօսէ Երեւանի համալսարանը: 1925 թուականին կը մեկնի Ֆրանսա, ապա Միաց. Նահանգներ: Հոս կը հրատարակէ իր մեծ վէպերըեւ տպաւորոկան-մտածողական ծաւալուն փորձերը, գլխաւորաբար՝ «Հայրենիք» ամսագիրին մէջ մինչ «Հայրենիք»ի հրատարակչականէն լոյս կը տեսնէր իր «Նաւը Լերան վրայ» վէպը:

Մինչեւ 1952 թուականը, Զարեան շրջուն գործունէութեան մէջ է Միաց. Նահանգներ, Միջին Արեւելք ու Եւրոպա: Կը դասախօսէ Քուլումպիա համալսարան (Նիւ Եորք) ու Պէյրութի ամերիկեան համալսրան. կը հիմնէ կամ կը վարէ թերթեր՝ Փարիզ եւ Պոսթըն:

1961 թուականին կը հաստատուի Երեւան, ուր եւ կը մահանայ:

Գործերէն՝

  • «Օրերի Պսակը» (1922)
  • «Տատրագոմի Հարսը»(1930)
  • «Նաւը Լերան վրայ»(1943)
  • «Անցորդը եւ իր ճամբան»(1975)
  • «Բանկօօպը եւ Մամութի Ոսկորները»(1997)

Կատեգորիա:Վիքիպեդիա:Արևմտահայերեն հոդվածներ Կատեգորիա:1885 ծնունդներ Կատեգորիա:1969 մահեր