Երկուորեակ (համաստեղութիւն)

Երկուորեակ (լատ.՝ Gemini), կենդանակերպ համաստեղութիւններէն։ Երրորդ աստղագուշակը։ Նշանն է՝ ։ Արեւը կ'անցնի Երկուորեակի աստղերուն կողմէն Մայիս 21-էն Յունիս 21-ի միջեւ, հետեւաբար այս ամսաթիւերուն ծնած անհատներուն աստղը երկուորեակ կ'ըլլայ։

{{{անուն}}}


Երկուորեակ համաստեղութեան աստղերու դասաւորութիւնը ըստ H.A.Rey-ի:
Լատիներէն Gemini
Սեռական Geminorum
Հապաւում Gem
Նշանը Երկուորեակ
Ամէնապայծառ
աստղ

Ամէնամօտ
աստղ
Ուոլֆ 359
7.78 լտ, 2.39 փք ( լտ)
Ասուպներու
հոսքեր
Կեմինիտներ
Հարեւան
համաստե-
ղութիւններ

Տեսանելի է +90° եւ −60°. լայնութիւններու միջեւ:
Ամէնատեսանելին է Փետրուար ամսուան ժամը 21:00-ին (երեկոյան 9-ին):

Պատմութիւն Խմբագրել

Համաստեղութիւնը յիշատակած է Արիսթոտելեսը, որ Μετεωρολογικά (1 343b30) աշխատութեան մէջ նշած է, որ դիտարկած է Իւպիտերը Երկուորեակ համաստեղութեան աստղի մը քովը, որ այնուհետեւ զայն իրմով ծածկած է: Ասիկա Երկուորեակին մասին առաջին յիշատակութիւնը եղած է:[1] 1990-ին հրատարակուած աշխատութեան մը մէջ կը նշուի, որ նկարագրած աստղը Երկուորեակին 1-ը եղած է եւ դէպքը Ք.ա. 337-ին Դեկտեմբեր 5-ին տեղի ունեցած է:[2]
Կլաւդիոս Պտղոմեոս «Երկուորեակ» ներառած է իր «Ալմակեսթ» աստղային երկինքին հաւաքածուին մէջ:
Յայտնի է, որ երբ Ուիլիըմ Հէրշելը (William Hershel) 1781-ին բացայայտեց Ուրան մոլորակը, անիկա Փրոբուս (Երկուորեակի η) աստղին մօտ կը գտնուէր[3], իսկ 1930-ին Քլայտ Թոմպօ (Clyde Tombauh) բացայայտեց Պլուտոն գաճաճ մոլորակը Վասադ (Երկուորեակի δ) աստղին մօտ[4]:

Հին յոյները կը համարէին, թէ Երկուորեակ համաստեղութեան երկու ամենավառ աստղերը երկինքին վրայ յայտնուած Կաստոր եւ Պոլիդեւքես (Պոլլուքս) երկուորեակ եղբայրներն են: Յունական դիցաբանութեան մէջ Երկուորեակներ կը շաղկապէին առասպելի մը հետ, որ կը պատմէ Լետային որդիներ Քասդորի եւ Բոլիտեւքեսի մասին, ովքեր երկուքով արկոնաւորդներ եղած էին: Փօլիդեւքես (Փոլլուքս) Զեւսին որդին եղած էր, երբ ան Լետան գայթակղած էր, այն պարագային, երբ Կաստոր՝ Սպարտային արքայ եւ Լետայի ամուսին Թինտարեւսի զաւակը: Կաստոր եւ Փոլլուքս նաեւ դիցաբականական կապ մը ունեցած էին Ելմոյի կրակին հէտ, որպէս նաւաստիներուն պաշտպան: Կաստորին մահանալէն ետք Փոլլուքսը աղերսեց իր հայր Զեւսին, որ Կաստորը պարգեւէ անմահութիւն եւ ան ատիկա ըրաւ՝ միաւորելով զանոնք երկինքի վրայ:

Դիրքը Խմբագրել

Երկուորեակը կը գտնուի Ցուլ համաստեղութեան արեւելքին եւ Խեցգետին համաստեղութեան արեւմուտքին։ Աւգոստոսին կէսերուն Երկուորեակը կը յայտնուի հորիզոնի արեւելքին երկայնքով, առաւօտեան՝ արշալոյսէն առաջ:
Երկուորեակը դիտելու համար ամենայարմար ժամանակները Յունուարէն մինչեւ Փէտրուար ամիսներուն է, երբ անիկա մեր գլխավերեւը կը գտնուի: Ապրիլ եւ Մայիս ամիսներուն համաստեղութիւնը կ'երեւայ հորիզոնի արեւմուտքին, անմիջապէս մայրամուտէն ետք:

Երկնակամարին մէջ համաստեղութիւնը գտնելու ամենադիւրին եղանակը անոր երկու ամենավառ Կաստոր եւ Փոլլուքս աստղերը գտնելն է: Գլխաւոր աստղերն են՝ Փոլլուքսը (փայլը՝ 1.16) եւ Կաստորը (փայլը՝ 1.59): Համաստեղութեան մէջ Արեգակը կը գտնուի Յունիս 20-էն մինչեւ Յուլիս 20-ը:[5]

Աստղերը Խմբագրել

Համաստեղութիւնն ունի անզէն աչքով տեսանելի 85 աստղ[6][7]
Ամէնավառ աստղ Փօլլուքսն է եւ երկրորդը՝ Կաստորը: Ճոհան Պայէրը (Johann Bayer) սխալ ընելով, 1603-ին Քասդորին «Ալֆա» մականունը տուաւ[8]

  • Երկուորեակի α (Կաստոր)՝ ունի երկրորդ պայծառութիւնը՝ Պոլլուքսէն ետք: Աստղերու համակարգ մըն է, կը գտնուի Երկիրէն 52 լոյս-տարի հեռաւորութեան վրայ, անզէն աչքով կ'երեւայ որպէս 1.6 մագնիթուտով կապոյտ-ճերմակ աստղ: Երկու սպեկտրալ-պինըրի կ'երեւան 1.9 եւ 3.0 մագնիթուտներով 470 տարի պարբերութիւնով: Համակարգի մաս կը կազմէ նաեւ լայն տեսականիով կարմիր թզուկ մը:
  • Երկուորեակի β (Պոլլուքս)՝ Երկուորեակին ամէնէն վառ աստղն է՝ նարնջագոյն հսկայ աստղ 1.2 մագնիտուտով, Երկիրէն 34 լոյս-տարի հեռաւորութեան վրայ: Պոլուքսն ունի իր շուրջը պտտուող մոլորակ մը, ինչպէս Երկուորեակի երկու այլ աստղեր՝ HD 50554-ը եւ HD 59686-ը:

Այլ Տեսիլներ Խմբագրել

 
Մէտուզա միգամածութեան սիրտին մէջ գտնուող աստղը կը ցուցանէ անոր վախճանը:[9]

Երկուորեակին նայիլը կը նշանակէ նայիլ Ծիր Կաթինի միջով, հետեւաբար, կան համեմատաբար հեռաւոր տիեզերքի երեւելիքներ: Եսքիմոյ եւ Մէտուզա միգամածութիւնները Մեսիէյին M35 երեւելիքը եւ Geminga-ն այն երեւելիքներն են, որ առաւել ուշադրութիւն կը պահանջեն:

Էսքիմոս[10] եւ Մէտուզա միգամածութիւններ երկուքով մոլորակային միգամածութիւններ են, մէկը՝ Երկիրին մօտ 2 870, միւսը՝ 1 500 լոյս-տարի հեռաւորութեան վրայ: M35-ը բաց աստղաբոյլ մըն է, որ 1745-ին բացայայտուեցաւ զուիցերիացի աստղագէտ Ժան Ֆիլիբ տը Շիզոյ: Եւ Geminga-ն չեզոք աստղ մըն է՝ Երկիրէն մօտ 500 լոյս-տարիին վրայ:
Մեսիէ 35-ը մէծ, երկարաւուն, 5 մագնիթուտով աստղաբոյլ մըն է, ունէ մօտ 0, 2 քառ.աստ. մակերես՝ լիալուսինին չափով: Անոր բարձր մագնիթուտը ցոյց կը տայ, որ M35-ը մութ երկինքին մէջ տեսանելի է անզէն աչքով: M35-ին 200 աստղերը շղթայաձեւ խումբով են, որոնք կը ձգուին աստղաբոյլին միջով, ան Երկիրէն 2000 լոյս-տարիին վրայ կը գտնուի: Երկուորեակին մէկ այլ բաց աստղաբոյլ մըն է NGC 2158, որ կ'երեւայ սիրողական աստղադիտակով, Երկիրէն մօտ 12 000 լոյս-տարիին վրայ է:[8]

Էսքիմոս միգամածութիւնը, կամ՝ Ծաղրածուին Դէմքով միգամածութիւնը (NGC 2392) 9, 2 մագնիթուտով է, Երկիրէն կը գտնուի 4 000 լոյս-տարիին վրայ: [11] Պզտիկ սիրողական աստղադիտակով կ'երեւայ անոր կեդրոնական աստղը, իր շուրջի կապտա-կանաչ ձուածիրային սկաւառակին հետ միասին: Ան իր միմոսին անունն ստացած է դիմակ հագած երեսին նմանութեան համար:[8]

Ասուպներու Ցնցուղ Խմբագրել

Կէմինիտները[12] յայտնի վառ ասուպներու ցնցուղ մըն է, որուն բարձրակէտը Դեկտեմբեր 13-14-ին կ'ըլլայ: Առաւելագոյն հոսքը կը կազմէ ժամը հարիւր ասուպներ, ինչ որ զինք կը դարձնէ ամէնէն հարուստ ասուպներու ցնցուղէն մին:[8]

Պատկերասրահ Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Star Names: Their Lore and Meaning by Richard Hinckley Allen, Dover, 1963, page 229
  2. Cohen Sheldon M., Burke Paul (1990)։ «New Evidence for the Dating of Aristotle Meteorologica 1-3»։ Classical Philology 85 (2): 126–129։ JSTOR 269702։ doi:10.1086/367188 
  3. Star Names: Their Lore and Meaning by Richard Hinckley Allen, Dover, 1963, page 236
  4. The Cambridge Guide to the Constellations by Michael E. Bakich, Cambridge University Press, 1995, page 210
  5. Constellations of the zodiac
  6. E H Burritt - The geography of the heavens and class book of astronomy: Accompanied by a celestial atlas Huntington, 1840 Retrieved 2012-06-25
  7. E ColbertAstronomy without a telescope: being a guide-book to the visible heavens, with all necessary maps and illustrations George & C.W. Sherwood, 1869 Retrieved 2012-06-27
  8. 8,0 8,1 8,2 8,3 Ridpath, Tirion, էջեր 150-152
  9. «The Dreadful Beauty of Medusa»։ արտագրուած է՝ 12 June 2015 
  10.   Ngc 2392
    Յայտնաբերած է՝
    1787 յունուար 7
    Կողմէ՝
    Ուիլիըմ Հէրշել
    Չափսերը՝
    48"×48"
    Հեռաւորութիւնը՝
    2 870 լ.տ.
    Մագնիթուտ՝ 0.4
  11. Levy, 2005, էջ 126
  12.  

Արտաքին յղումներ Խմբագրել

  1. A Spring Sky Over Hirsau Abbey
  2. The Eskimo Nebula from Hubble