Նարնջագոյն՝ տաք գոյն մը, որուն անունը եկած է նարինջէ, եւ ինքը կը գտնուի կարմիրին եւ դեղինին միջեւ։ Ալիքին հասակը 585-620 նանոմեդր է։

Նարնջագոյն
Գունային կոորդինատներ
Hex եռյակ #FF6600
sRGBB  (rgb) (255, 102, 0)
B: Նորմալիզացված՝ [0–255] (բայթ)
Աանվանուած է Նարնջենի?
Նարնջագոյնը բնութեան մէջ ամենատարածուած գոյներէն մեկն է

Նարնջագոյնին Նշանակութիւնները Խմբագրել

  • Նարնջագոյնը հայկական եռագոյն դրօշի երրորդ գոյնն է եւ անիկա կը նշանակէ ժողովուրդի ստեղծագործ եւ յամառ աշխատանքը[1]
  • Նարնջագոյնը սաթի, ամեթիսդ կիսաթանկարժէք քարի, մեղրի գոյնն է:
  • Նարնջագոյնը օրհնուած գոյն է Հինտուիզմի կրօնքին մէջ։
  • Իրլանտային մէջ բողոքականներու կրօնքի նշանն է եւ կայ Իրլանտայի դրօշակին վրայ։
  • Նետէրլանտներու ազգային գոյնը կը համարուի, ազգային տօնի օրը բոլոր ժողովուրդը նարնջագոյն կը հագնի։
  • «Նարնջագոյն յեղափոխութիւն» կը կոչուի 2004-ին Ուքրաինայի մէջ կատարուած իշխանափոխութիւնը։
  • Քանի որ նարնջագոյնը շատ յստակ գոյն մըն է եւ լաւ կ'երեւայ հեռուէն, ան կ'օգտագործուի որպէս ճանապարհային աշխատողներու տարազներու գոյն։
  • Նարնջագոյն գօտին քարաթէի եւ ճիւտոյի մէջ կը նշանակէ չորրորդ մակարդակ։
  • Իսլամը իր հաւատացեալներուն կ'արգելէ կրել նարնջագոյն հագուստ։
  • Օդանաւերու մէջ կիրառուող ձայնագրող սարքերը, որ կը կոչուին՝ «Սեւ արկղեր», իրականից նարնջագոյն են

Գոյնին Անունը Խմբագրել

    • «Նարնջագոյն» բառը, որ նարինջ միրգին անունէն է, կարգ մը այլ լեզուներու մէջ միեւնոյն ծագումն ունի[2]
    • ազրպէյճաներէնին մէջ նարնջագոյնին կ'ըսուի՝ narinci [նարինջի], բայց նարինջին՝ portağal [փօրթաղալ], որ յունարէն πορτοκαλιά-էն է: Նոյն պատկերը վրացերէնին մէջ է՝ գոյնը կ'ըսուի ნარინჯისფერი [նարինջիսփէրի], իսկ միրգին՝ ფორთოხალი [փորթոխալի]

Մշակոյթի Մէջ Խմբագրել

Մեր Շուրջի Նարնջագոյնը Խմբագրել

Կենդանական Աշխարհի Մէջ Խմբագրել

Տեղը Այլ Գոյներու Մէջ Խմբագրել

 
Գոյներու սփէքթրին մէջ նարնջագոյնը կը գտնուի կարմիրի եւ դեղինին միջեւ։
 
RYB համակարգին մէջ նարնջագոյնը կը ստացուի կարմիրի եւ դեղինի խառնուրդէն

Երկիրներու Դրօշակներուն Վրայ Խմբագրել

Սպորտ Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. «General Information: section the Flag»։ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւն։ արտագրուած է՝ 2010-10-21  (անգլերէն)
  2. Հայերէն արմատական բառարան (1926)
  3. National Flag, Taoiseach.gov.ie, 2007. Retrieved on 11 June 2007.