Ստեփան Ակայեան (1870, Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 1937), հայ մանրանկարիչ, ճարտարապետ։

Ստեփան Ակայեան
Ծնած է 1870
Ծննդավայր Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 1937
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Մասնագիտութիւն ճարտարապետ, նկարազարդող, գեղանկարիչ, մանրանկարիչ

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է Պոլիս։ Նախնական կրթութիւնն ստացած է ծննդավայրի հայկական դպրոցէն ներս, ապա շարունակած Գեղարուեստներու վարժարանին մէջ, զոր աւարտած է 1891-ին։ Պաշտօնավարած է երկաթուղային վարչութեան մէջ ու միեւնոյն ժամանակ զբաղած՝ նկարչութեամբ։ Անոր «Մեծն Աղեքսանդրի գերեզմանի նմանագրութիւնը» ուղարկուած է Փարիզի ցուցահանդէս եւ մետալի արժանացած է։

Թուրքական կառավարութենէն նաեւ ստացած է «Արուեստի ոսկէ մետալ»։ Գերազանցապէս ուշագրաւ եղած է մանրանկարչութեամբ։ Նամականիշի մեծութեամբ եւ գունաւոր նկարած է հայ նշանաւոր դէմքերու նկարները, որոնք ժամանակին արժանացած են ջերմ ընդունելութեան։ Նկարազարդած է Թէոդիկի տարեցոյցները եւ այլ գիրքեր[1]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Գառնիկ Ստեփանեան (1973)։ Կենսագրական բառարան, հատոր Ա.։ Երեւան: «Հայաստան»։ էջ 58-59։ 

Աղբիւրներ

Խմբագրել