Ստեփան Բաբելեան

Բաբելեան Ստեփան (3 Դեկտեմբեր 1875, Կ.Պոլիս- 17 Օգոստոս 1960, Իսթանպուլ), հայ երգահան եւ դաշնակահար։

Ստեփան Բաբելեան
Պատկեր:Ստեփան Բաբելյան..jpg
Ծնած է 3 Դեկտեմբեր 1875
Ծննդավայր Պոլիս
Մահացած է 17 Օգոստոս 1960
Մահուան վայր Պոլիս, Թուրքիա
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
 Թուրքիա
Ուսումնավայր Պէրպէրեան Վարժարան
Մասնագիտութիւն Երգահան եւ դաշնակահար

Շրջանաւարտած՝ Պէրպէրեան վարժարանէն, Պոլսահայ երաժշտական շարժումին առաջնակարգ մշակներէն. 1906-էն ի վեր դաշնակի անխոնջ ուսուցիչ, որ իր արուեստագէտի խառնուածքին կը միացնէ հոգեբան մանկավարժի թանկագին յատկութիւններ: Կարելի է ըսել թէ իւրաքանչիւր աշակերտի համար մասնաւոր մէթոտ մը ունի, մէթոտ մը՝ որ պիտի համապատասխանէր տղուն ֆիզիքական եւ մտաւոր ուժերուն: Այսօրուան դաշնակի մեր լաւագոյն ուսուցիչներուն կարեւոր մէկ մասը կամ օժտուած դաշնակարուհիները, Առաքելեան, Տիկին Բաբելեան, Ա. Գավաֆեան (Պոլիս), Տիկին Զապէլ Ընքապապեան (Փարիզ), կարգ մը երգչուհիներ եւս իրմէ ստացած են երգի եւ երաժշտութեան ճաշակը: Ինքը եղած է հրապարակային ռէսիթալներու առաջին հիմնադիրը Պոլսոյ մէջ (1912-ին):

Դաշնակի առաջին դասերը առած է իր քրոջմէն Օր. Նազիկ Աբէլեանէն. Անկէ վերջ ինքնաշխատութեամբ յառաջանալով, անսպառ ջանքերով ու նուիրումով ստեղծած է սերունդ մը, որ իր կարգին այսօր ուսուցանելու ասպարէզը ընդգրկած է: Իբրեւ երաժշտական քննադատ Ս. Բաբելեան համբաւ կը վայելէ, թափանցելու եւ յստակօրէն վերլուծելու իր կարողութիւններուն միացնելով ճաշակաւոր եւ նուրբ գրողի ճշմարիտ ձիրքեր, կշռոյթաւոր ոճ, իւմէօռ, պայծառ դատողութիւն եւ յստակ վճիռներ:

Ստեփան Բաբելեան ունի նաեւ իտէալին հասած վիպակ մը, որ Հանրագիտակ թերթին մէջ իբրեւ թերթօն հրատարակուելէ ետք 1900-ին առանձին ալ լոյս տեսած է:

1959 թուականին Պոլսոյ մէջ նշուած է անոր երաժշտական գործունեութեան 60-ամեակը։

Աղբիւրներ Խմբագրել

  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Հատոր Բ, էջ 341-342: