Սֆիրեա

(Վերայղուած է Սֆիրիա-էն)

Սֆիրեա, Σφυριά (ՍուլալեզուԱտիա գիւղ, Քարիստոս, Էվիա, Յունաստան)․ սուլալեզու որ կը խօսուի Յունաստանի Էվիա կղզիին հարաւը գտնուող Օխի լերան Ատիա (կը հնչուի շեշտելով վերջին «ա» ձայնաւորը) գիւղի բնակիչներէն։  Սֆիրեա (կը հնչուի շեշտելով վերջին «ա» ձայնաւորը) բառը յառաջ եկած է սֆիրիզօ բայէն, որ սուլել կը նշանակէ։ 

Էվիա կղզին

Սֆիրեա սուլալեզուին ամէն մէկ սուլոցը կը համապասխանէ յունական այբուբենի մէկ գիրի մը։  Անոր ձայնային ալիքը կրնայ հասնիլ մինչեւ 4 քմ․ հեռաւորութիւն, ինչ որ անհրաժէշտ է լեռնային առանձնացած շրջանի մը բնակիչներուն զանազան զբաղումներուն (հովուութիւն, երկրագործութիւն, անասնաբուծութիւն, ձկնորսութիւն, որսորդութիւն) համար։  Գիւղը, ըստ 2011-ի մարդահամարին ունի 59 բնակիչ։

Ընդհանուր տեղեկութիւններ

Խմբագրել
 
Օխի լեռը եւ Քարիստոս քաղաքը Էգէականի ափերուն, հարաւէն դիտուած

Ատիա լեռնային ծառախիտ առանձնացած գիւղը, ունի 2500 տարուան պատմութիւն եւ տարածուած է Միլիա եւ Այիտոնի լեռներուն հովիտին մէջ, որ կը գտնուի Օխի լերան հարաւ-արեւելեան կողմը։  Մաս կը կազմէ Քարիստոս քաղաքապետութեան (Էվիա կղզիին հարաւի ծայրամաս)։

Հազարամեակներ շարունակ գիւղին բնակիչները՝ հովիւներ, ձկնորսներ, որսորդներ եւ երկրագործեր, իրար միջեւ կը հաղորդակցին սուլալեզուով մը, ծանօթ իբրեւ Սֆիրիա։  Այս իւրայատուկ լեզուն միայն իրենք կը հասկնան եւ դարերէ ի վեր սերունդէ սերունդ կը փոխանցուի։ Գիւղին երեխաներուն մեծամասնութիւնը, սուլալեզուն կը սորվի 8-9 տարեկան հասակին։ 

Ատիա գիւղին սուլալեզուն լրատուական միջոցները երեւան կը հանեն Մարտ 1969-ին։   Շրջանի լեռներուն մէջ օդանաւ մը ինկած էր եւ երբ փրկարար ջոկատները կ՛ որոնէին անհետ կորսուած օդաչուն, ականատես կ՛ ըլլան թէ ինչպէս հովիւները ձորերուն մէջ իրարու սուլելով կը հաղորդակցին:

Սֆիրիա սուլալեզուն անհետացման գտանգին տակ

Խմբագրել

Վերջին քանի մը տասնամեակներու ընթացքին Ատիայի բնակչութեան թիւը բաւական նուազած է եւ լեզուն անհետացման վտանգին երթարկուած է։  Ներկայիս միայն 6 հոգի կը խօսին այս լեզուն։

Պատմական տեղեկութիւններ

Խմբագրել

Սֆիրիա սուլալեզուին մասին պատմաբաններուն եւ Ատիա գիւղին բնակիչներուն ենթադրութիւները բաւական են․-

  • Լեզուն շրջանը եկած է պարսիկ զինուորներէ, որոնք Սալամինայի ճակատամարտէն ետք, Քարիստոսի միջոցով ապաստան գտած են լեռներուն բնակիչներուն մօտ, շուրջ 2500 տարի առաջ:
  • Թրակիոյ հնագոյն Էնոս Αίνος քաղաքին բնակիչները կը սեպուին Սֆիրիա սուլալեզուին հայրերը։  Անոնք, 1469-ին իբրեւ Վենետիկցիներուն գերիներ բռնի Էվիա կղզիին շրջանը կը փոխադրուին։
  • Բիւզանդական ժամանակաշրջանին, Սֆիրիա լեզուն բնակիչներուն միջեւ հաղորդակցութեան գաղտնի միջոցն է` նախազգուշացնելու թշնամիներէն եւ ծովահէններէն:
  • Հին Աթէնքի մէջ, Ատիայէն սուլողներ կը տեղադրէին լեռներու գագաթներուն, իբրեւ պահակախումբեր, որպէսզի զգուշացնեն յարձակումի մը պարագային:

Ջանքեր Սֆիրիա սուլալեզուին պահպանման համար

Խմբագրել

Վերջին տասնամեակներուն զանազան նախաձեռնութիւններով ջանք կը թափուի, որպէսզի հասարակութիւնը շփուի Սֆիրիա սուլալեզուին հետ եւ քաջալերուի սորվելու համար․-

  • Վաւերագրական ժապաւէններ․ «Ատիա» Αντιά (1980)[1], «Գիւղը որ կը սուլէ» Το χωριό που σφυρίζει (2010)․
  • Գիւղի բնակիչներուն կողմէ Աթէնքի հասարակութեան սուլալեզուին ներկայացում (2005)․
  • «Le Monde Siffle» (Աշխարհը կը սուլէ) Ոչ Կառավարական Կազմակերպութեան այցելութիւնը Ատիա գիւղը (2004)[2]
  • 2010-ին կը հիմնուի «Աշխարհասփիւռ Ատիացիներու Մշակութային Միութիւն»ը
  • Սուլալեզուի առաջին փառատօն, (2013)․
  • 23-8-2014-ին կազմակերպուած «Գիտական Միջազգային Առաջին Հանդիպում սերտելու եւ յառաջացնելու Սուլալեզուն» համագումարը տեսերիզի կ՛ արձանագրուի Լոնտոնի Ափրիկեան եւ Արեւելեան Ուսումներու համալսարանին կողմէն SOAS University of London եւ ուսումնասիրութեան համար գիտնականներու տրամադրութեան տակն է[3]
  • «Աթէնք - Էփիտաւրօ փառատօն»ին ծիրէն ներս, 15 – 25 Յուլիս եւ 28 Յուլիսին Սիրոս կազմակերպուած «Հաղորդակցութեան առաջին ձեւերը» միջ-համալսարանական ցերեկոյթին կը ներկայացուի «Սուլալեզու» նիւթը․
  • Մարտ 2016-ին, «Օնասիօ Հիմնարկ»ի նիւթական ներդրումին շնորհիւ, Նիու Եորքի Մեթրոփոլիթան Թանգարանին մէջ 45 օրուան համար կը ցուցադրուի Սուլալեզուի զրուցատրութիւններով վաւերագրական ժապաւէն մը․
  • Մայիս 2016-ին «Աշխարհասփիւռ Ատիացիներու Մշակութային Միութեան» ատենապետը կը հրաւիրուի Փիրինեան Փօ Pau եւ Ա՜սի Aas Լա Ռան La Reuns համալսարաններուն կողմէ եւ կը ներկայացնէ Ատիայի Սուլալեզուն։  Շնորհիւ այս նախաձեռնութան, ֆրանսական լրատուական միջոցները կը հետաքրքրքուին եւ նոյն տարուան Յունիսին գիւղը կ՛ այցելեն: 20 վայրկեանոց վաւերագրակաn ժապաւէն մը կը պատրաստեն, որ քանիցս ցուցադրուած է ֆրանսական հեռատեսիլի կայաններէն։

Թեկնածութիւն Եունեսքոյի Անշօշափելի Մշակութային Ժառանգութեան Ցանկին

Խմբագրել

Ատիայի Սֆիրիա սուլալեզուն արձանագրուած է Յունաստանի Ազգային Գրացանկին մէջ եւ 24 Մայիս 2013-ին դիմում եղած է[4], որպէսզի լեզուն ընդգրկուի Եունեսքոյին Անշօշափելի Մշակութային Ժառանգութեան Ցանկին մէջ։

[5] [6] [7] [8] [9] [10] [11] [12] [13] [14] [15] [16] [17]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Ատիա(յունարէն)
  2. Le Monde Siffle ընկերութեան յօդուածը Ատիայի մասին(ֆր.)
  3. «Գիտական Միջազգային Առաջին Հանդիպում սերտելու եւ յառաջացնելու Սուլալեզուն» 23-24 Օգոստոս 2014(անգլերէն)
  4. Քարիստոս․ Սֆիրիա սուլալեզուն Եունեսքոյի թեկնածու, 24-5-2013(յունարէն)
  5. Յունաստանի անհետացող սուլալեզուն (անգլերէն)
  6. Հին սուլալեզուները անհետացումով վտանգուած են, 5-9-2017(անգլերէն)
  7. BBC. Յունաստանի սուլալեզուն որ կ՛ անհետանայ, 1-8-2017, Էլիոթ Սթէյն(անգլերէն)
  8. Ատիա․ փոքրիկ գիւղը որուն բնակիչները կը հաղորդակցին սուլալեզուով, 6-2-2021(յունարէն)
  9. BBC Սուլալեզու խօսող ժողովուրդները(անգլերէն)
  10. Տեսերիզ․ յունական գիւղի բնակիչներ սուլալեզուով կը հաղորդակցին
  11. PBS – յունական հին սուլալեզուն անհետացումի վտանգին տակ(անգլերէն)
  12. Անտիայի սուլալեզուն, 13-6-2017
  13. Քավօ Տորոյի լեռներն ու գիւղերը, 13-6-2021, Վակելիս Սերիոփուլոս(յունարէն)
  14. «ΦΕΚ – Յունաստանի մնայուն բնակչութեան մարդահամար, 10652, էջ 178 (յունարէն)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-11-24-ին։ արտագրուած է՝ 2021-08-06 
  15. Քարիստոս․ Կարեւոր առաջնթաց Ատիայի լեզուին պահպանման համար, 18-10-2019 (յունարէն)
  16. Հարցազրոյց Ատիայի սուլողներուն հետ, 26-8-2012(անգլերէն)
  17. Յօդուած Սֆիրիա սուլալեզուին մասին(ֆր.)

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել
  1. Քարիստոս (անգլերէն)
  2. Էվիա կղզի(անգլերէն)
  3. Տեսերիզ․ հարաւային Էվիայի գիւղերը
  4. Սֆիրիա․ պաշտօնական կայքէջ