Ս. Թէոդորոս Զօրավար
Ս. Թէոդորոս Զօրավար (275 -306), Ամասիացի քաջ եւ առաքինի երիտասարդ մը, Հերակլիոյ (Թրակիա) հրամանատար, Քրիստոնէութեան նահատակ, համաքրիստոնէական սուրբ:
Ս. Թէոդորոս Զօրավար | |
---|---|
| |
Ծնած է | 3-րդ դար |
Ծննդավայր | Ամասիա, Թուրքիա |
Մահացած է | 17 Փետրուար 306 |
Մահուան վայր | Ամասիա, Թուրքիա |
Քաղաքացիութիւն | Հին Հռոմ |
Կրօնք | Ուղղափառութիւն |
Մասնագիտութիւն | զինուորական, զինուոր |
Կեանքը
ԽմբագրելՍ. Թէոդորոս զօրավար համաքրիստոնէական սուրբ մըն է, որուն յիշատակութիւնը Հայ եկեղեցին կը տօնէ Մեծ պահքի առաջին շաբաթ օրը[1]։
Ըստ վարքագիրներու ծնունդով Ամասիա քաղաքի Սարու գիւղէն էր, քրիստոնեայ բարեպաշտ ծնողներու զաւակ[2]։ Կանուխ տարիքէն կորսնցուցած է իր հայրն ու մայրը: Հակառակ զօրավար կոչումին, ան նախընտրած է երկնաւոր թագաւորին պարզ զինուոր մնալ, քան երկրաւոր թագաւորին զօրավարը: Նշանաւոր եղած է իբրեւ վիշապասպան: Օր մը ճամբորդութեան ընթացքին գետեզերքի մը ծառին տակ հանգչած ատեն, գետէն հսկայ վիշապ օձ մը ելլելով կը յարձակի իր վրայ: Ան անմիջապէս սուրը հանելով երկուքի կը բաժնէ վիշապը:
Դ. դարու սկիզբը, Դիոկղետիանոսի հալածանքներուն ատեն, ապացուցելու համար կուռքերու հնարուած եւ կեղծ ըլլալը, գիշերով կրակի կը մատնէ հեթանոսական Ռէա աստուածուհիին մեհեանը։ Այս արարքին համար բանտ կը նետուի եւ ծանր չարչարանքներու կ'ենթարկուի: Բանտին մէջ շղթայակապ եւ խարոյկին վրայ կապուած, անդադար սաղմոս կ'երգէ, օրհնաբանելով զԱստուած, մինչեւ իր նահատակութեան վերջին վայրկեանը:
306-ին կը նահատակուի՝ հրկիզուելով[3]։
Օտար եկեղեցիներուն մէջ ծանօթ է նաեւ «Դիռոն» անունով, որ յունարէն կը նշանակէ «նորեկ» զինուոր։
Ս. Գրիգոր Նիւացին ներբող մը նուիրած է Թէոդորոսին: