Վասպուրականի Կանացի Զգեստներ

Վասպուրականի կանացի զգեստները ունին երկու տեսակ: Առաջինը աւանդականն էր, իսկ երկրորդը՝ առաջինին կատարելագործուած տեսակը, մշակուած էր Վանի մէջ, 19-րդ դարու վերջերուն: Քաղաքային տարազին ամբողջութիւնը բաղկացած էր ճերմակեղէնէ, ներքրազգեստէ, վերարկուէ եւ գլխու յարդարանքէ: Վանայ լիճի գաւառներու կանացի եւ արական զգեստները կը տարբերուին Հայաստանի այլ շրջաներու տարազներէն:

Վասպուրականի տարազին հիմնական մասերէն է զպունը, որ կը նշանակէ վերնազգեստ: Ամէնօրեայ եւ տօնական վերնազգեստները ունէին նմանօրինակ ձեւուածք, կը կարուէին նոյն կերպասէն, սակայն կը տարբերուէին գծանաշխաւոր մանուսայի գոյներով: Վասպուրականի կիներուն նախընտրելի գոյնն էր կարմիրը: Անոնք իրար վրայ կը հագնէին երկու-երեք վերնազգեստ, իսկ տօնական օրերուն վերնազգեստներուն թիւը կը հասնէր հինգի: Տօնական վերնազգեստը ունէր զարդարման յատուկ ձեւ. կրծքամասի եզերքին կ'ամրացուէր արծաթեայ շամշիկ զարդը, որ կը բաղկանար տասներկու մեծ եւ փոքր արծաթ շարաններէ: Վերնազգեստին տակէն կը հագնէին պարզ կերպասէ կարուած շապիկ, որ կը կոչուէր շիլա եւ որուն երկարութիւնը կը հասնէր մինչեւ կոճերը: Տարազին ամէնօրեայ օգտագործման նախատեսուած տարբերակը ունէր կարմիր կերպասէ կարուած երկար վարտիք, որուն փողքերը անհրաժեշտ էր որ երեւէր վերնազգեստի տակէն։ Նաեւ կը գործածուէր երկու տեսակ գոգնոց՝ տօնական եւ աշխատանքային: Տօնականը ասեղնագործուած կ՛ըլլար եւ կը կոչուէր մեզար:

Կարճ վերնազգեստը կը հագցուէր երկար վերնազգեստին վրայ, որ յայտնի էր «կոլոտիկ» կամ «կոճիկ» անունով։ Զայն կարելու համար կ՛օգտագործուէր չիթ կամ կտաւ։ Այս վերնազգեստը կը հասնէր մինչեւ գօտկատեղը:

«Դալման»ը կանացի ձմեռնային վերնազգեստն էր, որ իր ձեւուածքով կը յիշեցնէր Կարինի ճուպպան:

Վասպուրականի կիներու տարազին գօտին

Խմբագրել

Գօտին ընդհանրապես հայկական տարազներու բաղկացուցիչ եւ կարեւոր մասն էր։ Բացի գործածական եւ զարդարանքի օգտագործման իմաստներէն, գօտին կը պաշտպանէր նաեւ կնոջ մէջքը եւ ունէր ծիսական մեծ խորհուրդ։ Հայերը կը հաւատային, որ գօտին իր տիրոջը կը պաշտպանէր չար ուժերուն ազդեցութենէն։

Վասպուրականի կիներու գօտին՝ մէջկապը, նոյնպէս տարազին ամբողջութեան մէջ կարեւորութիւն ունէր։ Զայն կը կարէին ասուիէ (բուրդէ կերպաս) եւ մէջքին շուրջ քանի մը անգամ կը փաթթէին: Նաեւ կը գործածուէին արծաթեայ կամ ոսկեայ գօտիներ, որոնք կ՛արտայայտէին Վանի ոսկերիչներուն եւ արծաթագործներուն վարպետութիւնը։

Արծաթեայ կամ ոսկեայ գօտիները կ՛ամրացուէին գեղեցիկ ճարմանդներով, որոնց ամէնէն տարածուած ձեւը գորտաձեւն էր։ Այս ճարմանդը կը բաղկանար իրար կցուած երեք մասերէ՝ գործուած ոսկերչութեան եւ արծաթագործութեան բնորոշ թելքաշ եւ կամ հատիկանախշ ձեւով։ Գորտաձեւ ճարմանդները ունէին պտղաբերութեան եւ կրողին չար աչքերէ պաշտպանելու խորհուրդ, այդ իսկ պատճառով ալ նորահարսերն ու յղի կիները մշտապէս զանոնք կը կապէին իրենց մէջքին։

Վասպուրականի կիներու գլխահարդարանքը

Խմբագրել

Վասպուրականցի աղջիկներուն մազերուն հիւսքերուն թիւը կը տարուբերէր 16-էն 50-ի միջեւ: Զանոնք գլխուն կ'ամրացնէին արծաթեայ ծամքաշով կամ ծամկալով: Գլխուն կը դնէին 50 սմ. բարձրութիւն ունեցող կարմիր ֆէս, որուն վրայ կ'ամրացուէին նշաձեւ կախիկներով թասակ եւ արծաթ դրամներու շարաններ: Ամուսնացած կիներու գլխայարդարանքը տարբեր էր: Անոնք ծամքաշ չէին գործածեր եւ ֆէսի փոխարէն կը դնէին չիթ կտաւէ գլանաձեւ բարձր գլխարկ: Ճակտոցները եւ քունքակախիկները նոյնպէս ունէին լայն տարածում: Գլխայարդարանքին մէջ յատուկ տեղ կը գրաւէր արծաթ մախչային (քնար), զոր կ'ամրացնէին ճակատին վրայ: Մախչային ճոխութիւնը ցոյց կու տար կիներու հարուստ կան աղքատ դասակարգի պատկանիլը: Գլխայարդարանքը կ'ամբողջանար բոլորաձեւ կոտիկով, որ կը պատրաստուէր փայտէ եւ կ՛երեսապատուէր կարմիր կերպասով: Կոտիկին վրայէն կը կապէին լալիկ կոչուող գլխաշորը:

Զարդեր

Խմբագրել

Վասպուրականի հայ կիները իրենց ձեռքերը կը զարդարէին ոսկի, արծաթ մատանիներ՝ առանց քարի եւ կամ զարդարուած թանկագին կամ կիսաթանկագին քարերով։ Նշանուած աղջիկները իրենց աջ ձեռքի մատնեմատիին կը կրէին սոկի մատանի, իսկ հարսերը իրենց աջ ձեռքի բութ մատին կը դնէին արծաթէ մատանիիներ, որոնք յաճախ զարդարուած կ՛ըլլային կիսաթանկագին մեծ քարերով։

Վասպուրականի հայ կիները նաեւ կը զարդարուէին քթի օղերով եւ փիրուզէ քարով ոսկի կամ արծաթ ականջի օղերով։

Ձեռքի զարդերէն տարածուած էին նաեւ արծաթէ եւ ոսկի ապարանջաները, որոնցմէ միաժամանակ մի քանի հատ կը հագնէին նոյն ձեռքին վրայ։

Աղբիւր

Խմբագրել