Վարդան Ասլանեան Քահանայ

Վարդան Ասլանեան (1863, Սեբաստիա - 1915, Մեզիրէ, Օսմանեան Կայսրութիւն), հայ բժիշկ, մշակութային գործիչ։

Վարդան Ասլանեան Քահանայ
Ծնած է 1863
Ծննդավայր Սեբաստիա
Մահացած է 1915
Մահուան վայր Մեզիրէ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մասնագիտութիւն բժիշկ
Աշխատավայր Խարբերդի՝ սուրբ Կա­րա­պետ թա­ղի, քա­րո­զիչ քա­հա­նայ

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Վարդան Ասլանեան Քահանան ծնած է 1863 թուականին, Սեբաստիոյ նահանգի Սե­բաս­տի­ա­յի գա­վա­ռի, Ակն գաւառակի Բինկեան աւանին մէջ։ Նախնական կրթութիւնն ստացած է ծննդավայրին մէջ։ Այնուհետեւ Կ. Պոլսոյ մէջ, 3 տարի, ուսանած է դեղագործութււն։ 1884 թուականին, Կ. Պոլսոյ մէջ գրատուն հիմնած է։ 1889 թուականին, շրջած է Եւրոպայի շարք մը երկիրներ եւ այցելածէ Փարիզի արուեստահանդէսը։ Կ. Պոլսոյ մէջ հիմնադած է հիւսուածքեղէնի գործարան, որուն համար պատուանշան ստացելած է։ 1892-1897 թթ. Բինկեանի մէջ ուսուցչութեամբ զբաղած է։ 1897 թուականին քահանայ ձեռնադրուած է։ 1897-1909 թթ. պաշտօնավարած է՝ Սեբաստիոյ գաւառի Տիվրիկի գաւառակի Զմառա աւանին մէջ։ Այնուհետեւ վարած է Խարբերդի սուրբ Կարապետ թաղի քարոզիչ քահանայի պաշտօնը։ Միաժամանակ, աշ­խար­հագ­րու­թիւն եւ կրօն դասաւանդած՝ Թլկատենցիի դպրոցէն ու աղջկանց Սմբատեան ճեմարանէն ներս։ Պատմաբանասիրական, կրօնա-բարոյական եւ այլ բնոյթի յօդուածներով աշխատակցած է «Հայ­րե­նիք», «Արե­ւելք», «Բիւ­զան­դի­ոն» (Կ. Պոլիս) եւ «Արե­ւե­լե­ան մա­մուլ» (Զմիւռնիա) օրաթերթերուն։ Հրատարակած է Հին եւ Նոր Ուխտի դասագիրքեր, պատմական անտիպ երկեր։

1915 թուականին, սարսափի օրերուն իբրեւ յեղափոխական դէմք, բանտարկուած է Խարբերդի բանտին մէջ, եղած՝ Թլկատենցիի խցակիցը եւ երկու գործ գրած։ 1915 թուականին, Խարբերդի բանտին մէջ նահատակուած է ուրիշ հայ մտաւորականներու եւ հոգեւորականներու հետ միասին՝ շէնքի հրկիզումով՝ 52 տարեկան հասակին։

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Ստեփանեան Գառնիկ, Կենսագրական բառարան, հ. Ա., Երեւան, 1973։
  • Թէոդիկ, Յուշարձան նահատակ մտաւորականութեան, Բ. տպագրութիւն, Երեւան, Ապրիլ 24, 1985։

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։