Վիժըն փրօ էփըլ, համակարգիչի նոր տեսակ մը: «Վիժըն փրօ էփըլ» ամերիկեան հաստատութեան վերջին գիւտն է: Կարելի է զայն երեսին վրայ դնել ձիւնի ակնոցներու նման,սակայն ո՛չ շուրջը դիտելու համար[1]:

Նկարագրութիւն

Խմբագրել

«Վիժըն փրօ» ակնոցին ետեւը գոյութիւն ունի երկու պաստառ, իւրաքանչիւր աչքի համար` մէկ պաստառ:

Անոնք կարելիութիւնը կու տան տեսնելու իսկական աշխարհը, որուն վրայ կ'աւելցուին տեսողական (վիրչուըլ) տարրեր, ինչպէս` գրութիւն, կերպարներ, նկարներ եւ ժապաւէններ: Դիտողը այն տպաւորութիւնը կ'ունենայ, որ անոնք իսկապէս գոյութիւն ունին: Այս երեւոյթը կը կոչուի «խառն իրականութիւն»:

Այս համակարգիչը գործածելու համար մկնիկի (մաուսի) մը կարիքը չկայ: Նկարչական մեքենաներ «կ'ըմբռնեն» աչքերուն եւ ձեռքերուն շարժումները: Այս ձեւով, պատկերի մը վրայ սեղմելու համար կը բաւէ միայն անոր նայիլ եւ մատներով զայն «սեղմել»:

Անիկա կարելիութիւնը կու տայ երազելու եւ նոյն ատեն հետաքրքրութիւն կը ստեղծէ:

Ան կը կշռէ մօտաւորապէս 600 կրամ, կողովագնդակի գնդակի մը չափ: Կարգ մը գնողներու համար ան շատ ծանր է դէմքին վրայ[2]:

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել