Վոյէճըր ծրագիրը տակաւին գոյութիւն ունեցող եւ հարգուած ծրագիր մըն է Ամերիկեան ծագումով, որ տիեզերքի մէջ շրջակայող 2 արհեստական տիեզերական կայաններ ունի՝ Վոյէճըր-1 եւ Վոյէճըր-2 որոնք կ'ուսումնասիրեն տարբեր մոլորակներ, լուսիններ եւ տիեզերքը ընդահնրապէս: Կայանները արձակուեցան 1977-ին: Երկուքն ալ իրենց համար պատրաստուած ժամանակաշրջանէն աւելի մնացած են սիեզերք, ղրկելով շատ աւելի տեղեկութիւն քան ծրագրուած:

Վոյէճըր-1

Խմբագրել
 

Վոյէճըր-1 (անգլ.՝ Voyager 1) տիեզերական կայան մըն է արձակուած ՆԱՍԱ-ի կողմէ 5 Սեպտեմբեր, 1977-ին: Իբրեւ բաժին մը Վոյէճըր ծրագրին, ճամբայ ելաւ 16 օր ետք իր երկւորեակ կայան Վոյէճըր-2-ի արձակումէն ետք: 38 տարիէ ի վեր Վոյէճըր-1-ը տակաւին կ'աշատի ղրկելով տարբեր տեսակի տեղեկութիւններ որոնք հաւագած կ'ըլլայ իր ճամբորդութիւններու ժամանակ: Ներկայիս 135 AU (2.02×1010 km) հեռու է արեւէն (Յունիս 2016-ի տեղեկութին),[1] ամէնէն հեռու մեզմէ գտնուող տիեզերային կայանն է, եւ միակը որ միջաստղային տիեզերքի (interstellar space) մէջ կը գտնուի:

 

Կայանին նախնական ու սկզբնական նպատակը թռիչքներ կատարել է Ճուփիթըրի, Սէթըրնի եւ Սէթըրնի հսկայ լուսնի Թայթընի շուրջ: Թեպէտ Վոյէճըր-1-ը կարէլիութիւնը ունէր Փլութոյի շուրջ դառնալ, պայմանաւ որ Թայթընի չի մօտենար, սակայն այդ գործողութիւնը չ'իրականացաւ, որովհետեւ Թայթընը աւելի կարեւորութիւն ունէր ՆԱՍԱ-ի համար:[2][3] Կայանը ուսումնասիրեց օդային պայմանները, մակնիսային շրջանակները, եւ մատանիները. նաեւ եղաւ առաջին կայանը, որ հայթաթեց մեզի երկու մոլորակներուն բոլոր լուսիններուն լուսանկարները:

Սէթըրնի շուրջ պտտումները կատարելէ ետք 20 Նոյեմբեր, 1980-ին, Վոյէճըր-1-ի ծրագիրը շատ աւելի երկարաձգուեցաւ եւ առիթը տրուեցաւ կայանին որպեսզի հասնի մինչեւ միջաստղային տիեզերք, ըլլալով առաջին կայանը հոն հասնելու եւ հոնկէ տեղեկութիւն հաւաքելու:[4] Վոյէճըր-1-ի ծրագրի երկարաձգումը պիտի երկարի մինչեւ 2025, երբ ալ կայանը բաւարար ելեկրդրական ուժի որեւէ մէկ աղբիւր չ'ունի եւ բոլորովին կը դադրի աշխատելէ:

 

Վոյէճըր-2

Խմբագրել

Վոյէճըր-2 (անգլ.՝Voyager 2) տիեզերական կայան մըն է արձակուած ՆԱՍԱ-ի կողմէ 20 Օգոստոս, 1977-ին: Իբրեւ բաժին մը Վոյէճըր ծրագրին, ճամբայ ելաւ 16 օր առաջ իր երկւորեակ կայան Վոյէճըր-1-ի արձակումէն: 38 տարիէ ի վեր Վոյէճըր-2-ը տակաւին կ'աշատի ղրկելով տարբեր տեսակի տեղեկութիւններ որոնք հաւագած կ'ըլլայ իր ճամբորդութիւններու ժամանակ: Ծրագրէն աւելի ժամանակ խլեց այս կայանը հասնելու համար Ճուփիթըր եւ Սէթըրն, բայց նաեւ ատոր կողքին ունեցաւ առիթը հանդիպելու Իւրանուսի եւ Նեփթունի հետ: Միակ տիեզերական արհեստական կայանն է, որ այցելած է Իւրանուսն ու Նեփթունը:

Իր զկսբնական ծրագիրը ստացուեցաւ Նեփթունի հետազօտութեամբ 2 Հոկտեմբեր 1989-ին՝ հետազօտելէ ետք Իւրանուսը 1986-ին, Սէթըրնը 1981-ին, եւ Ճուփիթըրը 1979-ին: Վոյէճըր-2-ն հիմա իր երկարաձգուած ծրագրին մէջ է հետազօտելու արտաքին տիեզերքը Ծիր Կաթինին 38 տարիէ ի վեր: Տակաւին կապ կը պահէ ՆԱՍԱ-ի հետ:[5]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. JPL.NASA.GOV։ «Where are the Voyagers - NASA Voyager»։ voyager.jpl.nasa.gov։ արտագրուած է՝ 2016-05-23 
  2. «New Horizons conducts flyby of Pluto in historic Kuiper Belt encounter»։ արտագրուած է՝ 2 September 2015 
  3. «What If Voyager Had Explored Pluto?»։ արտագրուած է՝ 2 September 2015 
  4. Barnes Brooks (September 12, 2013)։ «In a Breathtaking First, NASA Craft Exits the Solar System»։ New York Times։ արտագրուած է՝ September 12, 2013 
  5. NASA Voyager - The Interstellar Mission Mission Overview