Վտանգուած Լեզու

Վտանգուած, Մերձիմահ, Մեռնող կամ Մահամերձ Լեզուն այն լեզուն է, որ կը գտնուի կորստեան եւ անհետանալու վտանգին տակ, քանի որ այս լեզուն խօսողներուն թիւը կը նուազի կամ ալ անոր ժառանգորդները ուրիշ լեզու մը կը սկսին խօսիլ։

Լեզուի մը մահը կրնայ ուրիշ լեզու մը խօսելու հետեւանքը ըլլալ, երբ որ ցեղախումբի մը (ազգի մը) զաւակները իրենց ժառանգած Լեզուն չեն սորվիր իբրեւ Առաջին-Լեզու։

Համաշխարհայնացման համայնակուլ ժամանակաշրջանի հրատապ խնդիրներէն է բազմաթիւ ժողովուրդներու լեզուներու նահանջը: Մասնագէտներ, լեզուաբաններ եւ լրագրողներ տարատեսակ մեկնաբանութիւններ կ'ընեն, ուսումնասիրութիւններ կը պատրաստեն, սակայն լեզուները կը շարունակեն մահանալ, երբ խօսող չի մնար:

«Մեռած» կամ «մեռեալ» լեզու

Խմբագրել

Լեզուն «մեռած» կամ «մեռեալ» կը դառնայ, երբ ոչ մէկը զայն կը գործածէ իբրեւ մայրենի լեզու, իսկ «շիջանած» լեզու (անգլերէն՝ Extinct Language)՝ երբ ոչ ոք կը խօսի անով, ոչ իսկ կաճառական (ակադեմական) մակարդակով։ Մեռած լեզուն, նոյնիսկ եթէ ուսումնասիրուի ձայնագրութիւններու եւ գրութիւններու միջոցով, կը շարունակուի «մեռած» կամ «շիջանած» դասուիլ այնքան ատեն, որ սահուն խօսողներ չունի։[1] Մարդկութեան պատմութեան ընթացքին լեզուները միշտ ալ շիջանած են, սակայն ներկայիս անոնք արագընթաց կը մեռնին համաշխարհայնացումի, զանգուածային գաղթի, մշակութային տեղատուութեան, կայսերապաշտութեան (անգլերէն՝ Imperialism), նոր-գաղթարարութեան[2] (անգլերէն՝ Colonialism), լեզուասպանութեան[3] (անգլերէն՝ Լinguicide) պատճառով։

Ուրիշ լեզու մը խօսելու անցումը յաճախ տեղի կ'ունենայ, երբ լեզուն խօսողները իրենց լեզուն կը փոխարինեն ուրիշ լեզուով մը՝ ընկերային կամ տնտեսական դրդապատճառներով, եւ կամ քանի որ երկրորդը աւելի լայն տարածում կրնայ ունեցած ըլլալ աշխարհի տարածքին, անոր վերջին արդիւնքը կ'ըլլայ առաջին լեզուին մահը։

Ընդհանուր համաձայնութիւն մը կայ, որ այսօրուան խօսուող լեզուներուն թիւը 6000[4]-էն 7000 է։ Վտանգուած լեզուներու հիմնարկը կը նշէ, որ այդ լեզուներէն 500-1000-ը միայն քանի մը անձեր կը խօսին: Լեզուաբանները կը կարծեն, թէ անոնցմէ 50%-էն 90%-ը խիստ վտանգի տակ պիտի գտնուի կամ պիտի մեռնի մինչեւ 2100 թուական։[5]

Ամէնէն տարածուած 20 լեզուները, որոնցմէ ամէն մէկը ունի 50 միլիոնէ աւելի խօսող, կը խօսուին աշխարհի բնակչութեան 50%-ին կողմէն։ Սակայն լեզուներուն մեծ մասը ունի 10,000-էն նուազ խօսող։[5]

Ամէն տարի աշխարհը կը կորսնցնէ շուրջ 25 մայրենի լեզուներ[6]:

Աշխարհի ամէնէն շատ խօսուած լեզուներն են` չինարէնը, սպաներէնը, անգլերէնը, հինտին, արաբերէնը, փորթուգալերէնը, պենկալերէնը եւ ռուսերէնը: Ներկայիս կան շուրջ 5000 լեզուներ: Տասնհինգ օրը մէկ լեզու մը կը մեռնի: Լեզուներուն 50 տոկոսը անհետացման վտանգի ենթակայ է,  90 տոկոսը մինչեւ դարավերջ կրնայ կորսուիլ, եթէ զանոնք պաշտպանելու համար նախաձեռնութիւններ չըլլան:

Մոլորակի բնակչութեան 40 տոկոսը զրկուած է իր խօսած եւ հասկցած լեզուով ուսում ստանալու հնարաւորութենէն: Այսինքն անոնց լեզուները վաղ թէ ուշ պիտի կորսուին:

Վտանգուած Լեզուի մը Շիջման եւ Մահուան քայլերն ու աստիճանները

Խմբագրել

Աշխատանքի մէջ կան մրցունակ ուժեր, որոնք կ'որոշեն աւելի փոքր լեզուներու գոյատեւելու ճակատագիրը: Համաշխարհայնացումը բազմաթիւ լեզուներ պիտի անհետացնէ, բայց կարգ մը հաւաքականութիւններ միշտ իրարմէ անջատ պիտի ապրին, բաժնուած` ծովով, տարածութեամբ կամ սահմաններով, եւ ուրեմն պիտի պահեն իրենց սեփական լեզուն: Ժամանակակից հաղորդակցութիւններով եւ ժողովրդային մշակոյթով պիտի յայտնի դառնայ, որ եթէ բաւարար թիւով  մարդիկ ուզեն լեզու մը խօսիլ, պիտի յաջողին»

  1. Լեզուի մը մեռնելուն առաջին քայլը հաւանական վտանգն է։ Այս մէկը կ'ըլլայ, երբ լեզուն կ'ենթարկուի արտաքին զօրաւոր ճնշման, բայց դեռ կան խօսողներ, որոնք լեզուն կը փոխանցեն իրենց զաւակներուն։
  2. Երկրորդ ՝ երբ լեզու մը կը հասնի վտանգի աստիճանին, արդէն փոքրաթիւ խօսողներ կը մնան եւ մեծ մասամբ փոքրիկները չեն սորվիր այդ լեզուն։
  3. Լեզուներու «մեռնելուն» կամ «շիջման» երրորդ աստիճանը Լրջօրէն վտանգուած ըլլալն է։
  4. Չորրորդ աստիճանը մահամերձութեան աստիճանն է,
  5. որուն կը հետեւի հինգերորդ՝ շիջման (անգլերէն՝ Extinction) աստիճանը։

Վտանգի Սահմանում

Խմբագրել

Երբ լեզու մը կը կորսուի, անոր հետ գիտելիքներու մեծ մասը եւս կը կորսուի: Մարդիկ հոգ կը տանին ինքնութեան, որովհետեւ կ'ուզեն տարբեր ըլլալ:

 
 
Արեւմտահայերէնը Որոշապէս Վտանգուած (Definitely Endangered) լեզուներու շարքին կը դասուի
Եունէսքոյի «Աշխարհի Վտանգուած Լեզուներու Աշխարհացոյց (Աթլաս)»ին լեզուներու դասակարգման ձեւը
Հայերէնով անգլերէնով անգլերէնի Յապաւումով
Վտանգուած «Մեռած» կամ «Շիջած» լեզու Extinct EX
Ճգնականօրէն Վտանգուած (Ճգնաժամային վիճակի մէջ գտնուող) Critically Endangered CR
Խստօրէն Վտանգուած Severely Endangered SE
Որոշապէս կամ Յստակօրէն Վտանգուած Definitely Endangered DE
Խոցելի կամ Վտանգի Ենթակայ Vulnerable VU
Զերծ Անվտանգ կամ Ապահով Not Endangered կամ Safe NE կամ NT
Նուազագոյն Մտահոգութիւն Least Concern L կամ LC

Պատճառներ

Խմբագրել

Համաշխարհայնացում, գիտութեան եւ սպառողական ընկերութեան յառաջացուցած նոյնացում, զբօս-ժամանցի ընդհանրացում եւ միօրինականացում, համակարգչային հնարաւորութիւններ եւ ընկերային ցանցեր, հաղորդակցութիւններու համար գործածուող  լեզուի տեսակները կը նուազեցնեն: Ընթացքը այն է, որ քանի մը լեզուներ պիտի ըլլան միջազգային, միւսները պիտի դատապարտուին գաւառականի վիճակին կամ անհետանան[7]:

Ըստ Քէմպրիճի վտանգուած լեզուներու ձեռագիրքին (անգլերէն՝ Cambridge Handbook of Endangered Languages),[8] լեզուներու վտանգումի պատճառներու չորս գլխաւոր տեսակներ կան՝

1․ Պատճառներ, որ այդ լեզուները խօսող ժողովուրդները կը դնեն մարմնական վտանգի տակ, ինչպիսիքն են՝

  • Պատերազմ եւ ցեղասպանութիւն։
  • Բնական աղէտներ, սով, համաճարակ հիւանդութիւններ։

2․ Պատճառներ, որոնք լեզուն խօսողները կը խոչընդոտեն ու կ'արգիլեն կամ կը սրտաբեկեն ու կը վհատեցնեն իրենց լեզուն գործածելէն՝

  • Մշակութային, քաղաքական կամ տնտեսական անշքացում եւ նուաստացում։
  • Քաղաքական ճնշում։
  • Քաղաքայնացնում։
  • Խառն ամուսնութիւն։

Լեզուներու զանազանութիւնը

Խմբագրել

Լեզուներու զանազանութիւնը մարդ տեսակի երեւումին եւ դարերու ընթացքին ձեռք բերած հաղորդակցութեան եւ հաղորդութեան ինքնայատուկ միջոց է: Որպէսզի օր մը մարդկութիւնը չդառնայ անինքնութիւն արտադրող եւ սպառող ընկերութիւն, պէտք է պահել լեզուներու այլազանութիւնը, եւ հաւաքականութիւնները իրենց տարբերութիւններով հարստացնեն համամարդկային ընտանիքը: Կը կրկնուի, որ լեզուներ կ՛անհետանան եւ իրենց հետ կը տանին աշխարհայեցողութեան, մտածելու եւ զգալու ձեւեր, աւանդութիւններ օր մը թերեւս հասնելու համար անապատային անգոյն պատկերի:

Մայրենի լեզուին կարեւորութիւնը

Խմբագրել

Մայրենի լեզուն ինքնաճանաչողութեան եւ ինքնութիւն ունեցող հաւաքականութեան մուտքի դուռն է: Օտար լեզուն որդեգրելով, կամովին կամ պարտադրաբար, մարդ կը խզուի իր իւրայատկութենէն: Երբ կը կորսուի մայրենին, կ'որդեգրուին մտածելու ուրիշ ձեւեր եւ աւանդութիւններ, ժամանակ մըն ալ կը պահուին կարգ մը յիշատակներ, կը սկսի այլասերումը, ապա մարդ կ՚այլասերի:

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Crystal, David (2002). Language Death. Cambridge University Press. p. 11. ISBN 0521012716. A language is said to be dead when no one speaks it any more. It may continue to have existence in a recorded form, of course traditionally in writing, more recently as part of a sound or video archive (and it does in a sense 'live on' in this way) but unless it has fluent speakers one would not talk of it as a 'living language'.
  2. Austin, Peter K; Sallabank, Julia (2011). "Introduction". In Austin, Peter K; Sallabank, Julia (eds.). Cambridge Handbook of Endangered Languages. Cambridge University Press. ISBN 978-0-521-88215-6.
  3. See pp. 55-56 of Zuckermann, Ghil'ad, Shakuto-Neoh, Shiori & Quer, Giovanni Matteo (2014), Native Tongue Title: Proposed Compensation for the Loss of Aboriginal Languages, Australian Aboriginal Studies 2014/1: 55-71.
  4. Moseley, Christopher, ed. (2010). Atlas of the World's Languages in Danger. Memory of Peoples (3rd ed.). Paris: UNESCO Publishing. ISBN 978-92-3-104096-2. Retrieved 2018-05-15.
  5. 5,0 5,1 Austin, Peter K; Sallabank, Julia (2011). "Introduction". In Austin, Peter K; Sallabank, Julia (eds.). Cambridge Handbook of Endangered Languages. Cambridge University Press. ISBN 978-0-521-88215-6.
  6. Ամէն տարի աշխարհը կը կորսնցնէ շուրջ 25 մայրենի լեզուներ
  7. Պատճառներ
  8. Austin, Peter K; Sallabank, Julia (2011). "Introduction". In Austin, Peter K; Sallabank, Julia (eds.). Cambridge Handbook of Endangered Languages. Cambridge University Press. ISBN 978-0-521-88215-6.