Տաթեւեր կամ Տաթեւի Թեւեր (անգլերէն՝ Wings of Tatev, ֆրանսերէն՝ Téléphérique de Tatev), աշխարհի ամենաերկար յետադարձ ճոպանուղին[1]։ 2010 թուականի Հոկտեմբեր 16-ին գործարկուած է աշխարհի ամենաերկար յետադարձ ճոպանուղին` անցնելով Որոտանի կիրճի վրայով եւ հնարաւորութիւն ընձեռելով Հալիձորէն Տաթեւի միջնադարեան վանական համալիր հասնիլ կարճ, յարմարաւէտ օդային ճանապարհով: Հալիձորը եւ Տաթեւի վանքը իրար հետ կապող ճոպանուղի, Հայաստան։

Պատկեր:Տաթեւեր Ճոպանուղի.JPG
Տաթեւեր Ճոպանուղի

«Տաթեւեր» ճոպանուղին կառուցուած է «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» (IDeA) հիմնադրամի «Տաթեւի վերածնունդ» ծրագրի ծիրէն ներս[2]:

«Կինես»-ի մրցանիշներու գիրքին մէջ արձանագրուած է որպէս աշխարհի ամենաերկար յետադարձ ճոպանուղի (5752 մ)[3], 11 րոպե անմոռանալի թռիչք Որոտանի կիրճի վրայով[4], երկնային մայրուղի 320 մեթր բարձրութեան վրայ:

Տեղացիք ճոպանուղին կը գործածեն անվճար: Ճոպանուղիի նկատմամբ հետաքրքրութիւնը յատկապէս մեծ է տօնական եւ հանգստեան օրերուն, որոնց ընթացքին ճոպանուղին կը սպասարկէ օրական 700- 800 ուղեւոր:

«Տաթեւեր» ճոպանուղին նաեւ տեղի բնակիչներուն համար աշխատատեղերու, գիւղմթերքի իրացման, զբօսաշրջային առաջարկներու մշակման նոր հնարաւորութիւններ ստեղծած է: Ճոպանուղիի շուրջ 60 աշխատակիցներուն մեծ մասը տեղացիներ են:

Ճոպանուղին իւրօրինակ խթան դարձած է տարածաշրջանի զարգացման համար[5]: Զբօսաշրջային հոսքերու աճը նաեւ նպաստած է համապատասխան ենթակառուցուածքներու զարգացման. վերջին մի քանի տարիներու ընթացքին Գորիսի մէջ բացուած է 10 նոր հիւրանոց, վանական համալիրի յարակից համայնքներուն մէջ կը գործեն շուրջ երկու տասնեակ հիւրատուներ եւ սպասարկման այլ կառոյցներ:

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Longest non-stop double track cable car»։ Guinness World Records։ արտագրուած է՝ 23 August 2011 (անգլերէն)
  2. Новое Время // Татевская канатка и будущее Сюника [1] // 16.02.10 (ռուս.)
  3. Wings Of Tatev Aerial Tramway(անգլերէն)
  4. Wings of Tatev: Armenia debuts “world’s longest aerial tramway” Archived 2016-08-08 at the Wayback Machine.(անգլերէն)
  5. The Wings of Tatev: Armenia Launches World’s Longest Areal Tramway(անգլերէն)

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել