Տարօն Մալաքեան (անգլերէն՝ Daron Malakian, 18 Յուլիս 1975(1975-07-18), Հոլիվուտ, Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ)։ Հայ կիթառիստ է, կը նուագէ հանրայայտ System of A Down խումբէն, իսկ 2003-ին մէկ այլ հայազգի երաժիշտի հետ՝ System of A Down խումբի թմբկահար Ճոն Տոլմայեանի հետ կը հիմնէ նոր խումբ՝ Scars on Broadway:

Տարօն Մալաքեան
Ծնած է 18 Յուլիս 1975(1975-07-18) (49 տարեկան)
Ծննդավայր Հոլիվուտ, Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Քաղաքացիութիւն  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Ուսումնավայր Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Վարժարան
Glendale High School?
Տեսակ ալտերնատիվ մետալ?
Մասնագիտութիւն կիթառահար, երգիչ, երաժիշտ, Երգահան
Անդամութիւն Scars on Broadway? եւ System of a Down?
Ծնողներ հայր՝ Վարդան Մալաքյան?
Կայքէջ systemofadown.com

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Տարօն Վարդան Մալաքեանը ծնած է 1975-ին Hollywood: Վարդան եւ Զեփիւռ Մալաքեաններուն[1] միակ զաւակը։ Հայրը՝ Վարդան Մալաքեանը նկարիչ եւ պարուսույց էր, իսկ մայրը՝ Զեփիւռ Մալաքեանը քանդակագործ, կանուխէն նաեւ եղած է քոլէճի ուսուցչուհի[1]:

Մանուկ հասակին երազած է ունենալ հարուածային գործիքներ, սակայն 12 տարեկանին ծնողքը անոր կը նուիրէ ելեկտրական կիթառ։ Սկիզբը Տարօն Մալաքեանը կը սորվի այն նոյն դպրոցը, որտեղ կը սորվէին հայազգի Շաւոյ Օտաճեանը եւ Սերժ Թանգեանը, որոնց հետ ան ապագային կը նուագէ System of a Down խումբէն։ Այնուհետեւ Տարօն Մալաքեանը կը փոխէ իր դպրոցը եւ կ'աւարտէ Ռուզվելթի անուան դպրոցը։ Այնտեղ ան 16 տարեկանէն կը սկսի նուագել Hard Rock Band խումբէն։ 90-ականներու սկիզբը Տարօն կը ծանօթանայ Սերժ Թանգեանին հետ, որուն հետ կը ստեղծէ Soil խումբը, որուն կազմով անոնք կը գրեն քանի մը երգեր, իսկ այնուհետեւ խումբի անունը կը փոխեն եւ կը դառնայ System of a Down: Անունը հիմնուած է Տարօն Մալաքեանի բանաստեղծութիւններէն մէկուն վրայ, որու անունն էր Victims Of A Down: Տարօն Մալաքեանի հետ System of a Down խումբը ձայնագրած է 5 ալպոմ եւ ամբողջ աշխարհին մէջ վաճառուած է 20 միլիոն ձայնագրութիւն։

2003-ին Տարօն Մալաքեանը շարք մը երաժիշտներու հետ ձայնագրութիւն մը կը ստեղծէ Scars on Broadway նորաստեղծ խումբով, որմէ ետք կը տարածուի տեղեկութիւնը, եւ այս պատճառով System of a Down խումբը կը ցրուի։ Սակայն տարածուած այդ տեղեկութիւնը չէր համապատասխաներ իրականութեան, իսկ ստեղծուած ձայնագրութիւնը օգնեց System of a Down խումբին իր հիթային՝ BYOB երգի ձայնագրութեան հարցով։

Ամենայնդէպս, 2005-ի Դեկտեմբերին Տարօն Մալաքեանը կը յայտարարէ, որ կ'ուզէ զբաղիլ անհատական փրոճեքթով։ 2006-ին Տարօն Մալաքեանը System of a Down խումբին թմբկահար Ճոն Տոլմայեանի եւ ուրիշ երեք երաժիշտներու հետ կը հիմնէ Scars on Broadway խումբը, իսկ իր նախկին խումբը 2006-ից կը գտնուի ժամանակաւոր դադարի մեջ, որը ի վերջոյ կը ցրուի 2011 թուականին։

Նորաստեղծ խումբին ոճը բաւական նման էր System of a Down խումբի ոճին։ Խումբին ստեղծագործութիւններուն մէկ անգամ ուշադրութիւն կը դարձնէ կիթառահար-մեներգիչ Տարօն Մալաքեանի վառ արտայայտուած ձայնը եւ էքսպերիմենտալ ոճը։ Scars on Broadway խումբին հետ Տարօն Մալաքեանը կը ձայնագրէ նոյնանուն՝ Scars on Broadway ալպոմը։

2009-ին խումբի պաս-կիթառահար Տոմինիք Ցիֆառելին կը յայտարարէ խումբի ցրուելու մասին։ Այդ ընթացքին տեղի ունեցող համերգները ամբողջովին կը դադրին։

2010-ին խումբը կը վերամիանայ քանի մը համերգներ տալու համար։

2011 թուականին System of A Down խումբը կը վերամիաւորուի եւ կը շարունակէ իր գործունէութիւնը մինչեւ այսօր։ Անոնք կը մէկնին հիւրախաղերու եւ առաջուայ պէս համաշխարհային հռչակ ունին։

Ամէնօրեայ

Խմբագրել

Այժմ Տարօն Մալաքեանը կ'ապրի Կլենտէյլ՝ նահանգ Քալիֆորնիա: Կը սիրէ հաւաքէլ մոմեր, գորգեր, կմախքներ, երաժշտական գործիքներ՝ յատկապէս՝ կիթառներ: Իր կիթառներուն մեծ մասը արդէն արտադրութենէ դուրս են եւ իսկական անդիք են։ Մինչեւ 2005 ան կ'օգտագործէր Ibanez ֆիրմայի կիթառներ, իսկ ատկէ յետոյ սկսաւ նախապատուութիւն տալ Gibson ֆիրմայի կիթառներուն։

Տարօն Մալաքեանը իր մասին խօսելու ատէն կը նշէ, որ գրեթէ չ'այցելyր երեկոյթներ, ակումբներ, չի հանդիպիր մoտելներու հետ, միայն երբեմն ներկայ կ'ըլլայ հոքիի խաղերու։ Ըստ անոր՝ ամենակարեւոր խումբն է, որուն հետ կապուած արգելքները բաւականին ծանր կ'անդրադառնան անոր վրայ։

Տարօն Մալաքեանը կը զբաղեցնէ 30-րդ դիրքը համաշխարհային՝ «բոլոր ժամանակներու 100 լաւագոյն հեւի-մէթըլ կիթառահարները» ցանկին մէջ։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Արտաքին Յղումներ

Խմբագրել