Տաք տուրմը
Տաք տուրմը, ըմպելիք, որուն բաղադրութեան մաս կը կազմէ քաքաօ, կաթ (կամ ջուր) եւ շաքար։
Անիկա ոչ ալքոհոլային խմիչք է։
Նեկայիս գոյութիւն ունի տաք տուրմի երկու հիմնական տեսակներ։
- Տաք տուրմ, որ կը պատրաստուի տուրմի հալած սալիկներէ, կաթով` աւելցնելով վանիլ, շաքար, կասիա եւ կը հարեն մինչեւ փրփուր յառաջանալը։
- Աւելի մատչելի եւ պարզ պատրաստուող ըմպելի, զոր կ'անուանեն քաքաօ, կ'եփեն կաթով կամ ջուրով` աւելցնելով քաքաոյի փոշի։ Կ'օգտագործուի ե՛ւ պաղ, ե՛ւ տաք վիճակի մէջ։
Իտալիոյ եւ Սպանիոյ մէջ կը նախընտրեն քաքաոյի թանձր տեսակը (իտալ. cioccolata densa'''):
Առաջին տաք տուրմ պատրաստողները
ԽմբագրելՄայաները Եւ Ազթէքները առաջին տաք տուրմ պատրաստող Ժողովուրդներն Էին[1]:
Անոնք տաք տուրմը կը գործածէին կրօնական արարողութիւններու ընթացքին, ինչպէս ամուսնութիւնները կամ տարեդարձի տօնակատարութիւնները: Անոնք այս խմիչքը կը պատրաստէին ճզմուած քաքաոյի հատիկներու խմորով մը, որուն կը խառնէին ջուր, եգիպտացորենի կորկոտ, համեմներու տեսակներ եւ ուրիշ տարբեր նիւթեր:
Այս տաք տուրմը համեմոտ եւ լեղի էր, շատ տարբեր այսօրուան քաղցր տաք տուրմի խմիչքէն[2]: