Տեղեկատուական Գիտութիւններու Ֆրանսախօս Հիմնարկ

21°00′11″N 105°50′52″E / 21.003122°N 105.847718°E / 21.003122; 105.847718

Տեղեկատուական Գիտութիւններու Ֆրանսախօս Հիմնարկ
Տեսակ համալսարան
Հիմնադրուած է 1995
Երկիր Վիեթնամ
Կայք ifi.auf.org

Տեղեկատուական Գիտութիւններու Ֆրանսախօս Հիմնարկ (ֆր.՝ The Institut de la Francophonie pour l'Informatique (IFI)), տեղեկատուական գիտութիւններու բնագաւառին մէջ մագիստրոսի աստիճան շնորհող ուսումնական հաստատութիւն Վիեթնամի մէջ:

Հիմնարկը ստեղծուած է Վիեթնամի կառավարութեան պահանջով եւ ֆինանսաւորուած է 1995-ին, Ֆրանսախօսութեան Համալսարանական Գործակալութեան կողմէ Վիեթնամի մէջ բարձր մակարդակի երկրաչափներ եւ տեղեկատուական գիտութիւններու դասախօսներու վերապատրաստման համար: Ծրագիրը ֆինանսաւորող երկրներն ու տարածաշրջաններն են. Վալոնիա, Պելճիքա, Քէպէք, Քանատա, Ֆրանսա, ֆրանսախօս Զուիցերիա եւ Լիւքսեմպուրկ:

Տեղեկատուական Գիտութիւններու Ֆրանսախօս Հիմնարկը ուսանողներ կը հաւաքագրէ Վիեթնամէն եւ այլ ֆրանսախօս երկիրներէ: Ֆրանսախօսութեան Համալսարանական Գործակալութեան անդամ համալսարանի (ինչպիսին են Télécom ParisTech, Լեովենի Կաթողիկէ Համալսարան, Մոնրեալի մէջ Քէպէքի համալսարան եւ այլն) դասախօսները դասաւանդեն նաեւ Տեղեկատուական Գիտութիւններու Ֆրանսախօս Հիմնարկին մէջ։ Բոլոր դասախօսութիւնները կ՛ընթանան ֆրանսերէն լեզուով:

Սովորաբար, աւարտական փորձաշրջանը տեղի կ՛ունենայ Վիեթնամէն դուրս (Եւրոպա կամ Քանատա) ճարտարարուեստական գործարաններու, համալսարաններու եւ կամ հետազօտական տարրալուծարաններու մէջ։ Արդիւնաբերական փորձաշրջանները կ՛իրականացուին ծրագրային ապահովման զարգացման նախագծային առաջնորդի շրջագիծ փնտռող կազմակերպութիւններւ կողմէ:

Տեղեկատուական Գիտութիւններու Ֆրանսախօս Հիմնարկը Վիեթնամի մէջ կը նկատուի տեղեկատուական գիտութիւններու լաւագոյն համալսարաններէն մէկը: Ուսանողներուն մօտ մէկ երրորդը կը շարունակէ յետհամալսարանական կրթութիւն ստանալ այլ երկիրներու համալսարաններու մէջ։ Շրջանաւարտներէն շատեր կը դառնան Վիեթնամի մէջ ծրագրային ընկերութիւններու մասնագէտներ կամ նոր ընկերութիւններու հիմնադիրներ:

Հիմնադրում եւ զարգացում

Խմբագրել
  • 1997 թ.` հիմնադրուած է իբրեւ Տեղեկատուական Գիտութիւնների Ֆրանսախօս Հիմնարկ
  • 2006 թ.` հիմնադրուած է Հանոյի ֆրանսական Համալսարանի կեդրոնը
  • 2014 թ.` Ֆրանսական Լեզուի Հիմնարկը միաւորուած է Հանոյի Ֆրանսական Համալսարանին եւ անուանափոխուած՝ Ֆրանսախօսութեան Միջազգային Հիմնարկի[1]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել