Տիգրան Ա. Քհնյ. Խոյեան
ՏԻԳՐԱՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԽՈՅԵԱՆ (1895, Տրապիզոն - 1990, Ֆիլատելֆիա), Սկաուտապետ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ական, քահանայ։
Տիգրան Ա. Քհնյ. Խոյեան ծնած է Տրապիզոն, 1895-ին։ Մանկութիւնը կ'անցնէ Մարմարա ծովուն Գընալը կղզին։ Ան «Փրոթի»ի անդամներէն էր ու անոնցմէ ամէնէն ընդունակը։ Գնալըի մէջ կը ծանօթանայ Վահան Չերազին։ Մեծապէս կ'ազդուի անկէ եւ կը դառնայ օգնականը։ Նախնական կրթութիւնը կղզիին ազգային վարժարանին մէջ ստանալէ ետք՝ Խոյեան կը փոխադրուի Պոլիս եւ կը յաճախէ Կեդրոնական Վարժարան։ Երկրորդական ուսման աւարտին, 1913-ին կը մտնէ սպայից վարժարան, ուր կը յաճախէ մինչեւ 1915, երբ վրայ կը հասնի Ա. Աշխարհամարտը։ Մինչեւ պատերազմի աւարտը ան թրքական բանակին կը ծառայէ իբրեւ սպայ։
1918-ին, Խոյեան «Փրոթի»ն կը ներկայացնէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադիր ժողովին։ Կը դառնայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի անդրանիկ Կեդրոնական Վարչութեան քարտուղարը։
Միաժամանակ կը վարէ Որբախնամ Մարմնի Կեդրոնական Կայանի տնօրէնութիւնը։
1920-ին, իբրեւ մարզանքի ուսուցիչ եւ սկաուտ խմբապետ, մաս կը կազմէ հայրենիք հրաւիրուած Հ.Մ.Ը.Մ.ի եռանդամ մարմնին։ 1920-ին, Հայաստանի խորհրդայնացման նախօրէին, կը վերադառնայ Պոլիս, ուրկէ կը փոխադրուի Նիւ Եորք։ Միացեալ Նահանգներու մէջ ան կ'ունենայ ազգային եւ միութենական բեղուն գործունէութիւն։ Կը յաճախէ Սփրինկֆիլտի մարզական համալսարանը, որմէ կը վկայուի 1926-ին։
Խոյեան 1955-ին կը ձեռնադրուի քահանայ եւ կը ծառայէ Պոսթընի, Շիքակոյի, շրջան մըն ալ՝ Մոնթրէալի մէջ։ Յառաջացած տարիքին կը հաստատուի Ֆիլատելֆիա, ուր կը վախճանի 1990-ին։
1978-ին ան արժանացած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արժանեաց» շքանշանին։
1983-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան մատենաշարով լոյս տեսած է իր յուշերը ներկայացնող «Նահատակ ցեղի անմահներ» գիրքը։
Աղբիւրներ
Խմբագրել- «Նահատակ ցեղի անմահներ» գիրք։
- Մարզիկ Ամսաթերթ 1991։