Տիգրան Ժամկոչեան

Տիգրան Ժամկոչեան (1940, Պէյրութ, Լիբանան), լիբանանահայ երգիչ:

Տիգրան Ժամկոչեան
Ծնած է 1940
Ծննդավայր Պէյրութ, Լիբանան
Կրօնք Քրիստոնեայ
Մասնագիտութիւն երգիչ

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Տիգրան Ժամկոչեան ծնած է Պէյրութ, 1940-ին։ Պետական երաժշտանոցը աւարտելէ ետք, մասնագիտանալու համար մեկնած է Իտալիա, ուր Վենետիկի Պետական Երաժշտանոցի Հինգ տարուան դասընթացքը աւարտած է երկու տարիէն, արժանանալով «Մաեսթրօ» տիտղոսին, բարձրագոյն պատուով։ Վենետիկի երաժշտանոցի պատմութեան մէջ առաջին աշակերտը եղած է, որ նման նուաճում մը ձեռք բերած է։ Տիգրան Ժամկոչեան իր առաջին երգահանդէսը տուած է Զուիցերիոյ մէջ 1962-ին։ Այնուհետեւ երգահանդէսներ տուած է Իտալիոյ, Աւստրիոյ, Հոլանտայի, Թուրքիոյ, Հայաստանի եւ Լիբանանի մէջ։

Գործունէութիւն

Խմբագրել

1964-ին մասնակցած է Վենետիկի օգոստոսեան միջազգային փառատօնին։ Մասնակցող 60 երգիչ-երգչուհիներու եօթը լաւագոյններէն մէկը հանդիսացած է եւ արժանացած է Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մրցանակին։

1965-ին Վենետիկի փառատօնին, Տիգրան Ճամկոչեան հանդէս եկած է հայկական տարազով եւ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած է ունկնդիրներուն մօտ։

1965-ին ելոյթ ունեցած է Երեւանի Համերգային մեծ դահլիճին մէջ, Հայաստանի պետական սեմֆոնիք նուագախումբի ընկերակցութեամբ եւ բարձր գնահատուած՝ արուեստասէր հասարակութեան կողմէ։

Երեք տարի աշակերտած է Լիբանանի Պետական Երաժշտանոցին, ուսուցիչ ունենալով Ալեքսի Քարնաուքոֆը։ Մասնակցած է Եւրոպայի 18-րդ Երաժշտական մրցումին, որ տեղի ունեցած է Ժընեւի մէջ, մասնակցութեամբ 36 երկիրներէ եկած 327 ամաթէօր եւ փրոֆեսիոնալ երգիչներու։ Մրցումը տեղի ունեցած է 23 Սեպտ., 1962-ին հեղինակաւոր երաժշտագէտներէ բաղկացած դատական կազմի մը հսկողութեամբ։ Զտումի մնացած 18 արուեստագէտներէն մին կ'ըլլայ Տիգրան։

Լիբանանահայ պարիթոն Տիգրան Ժամկոչեան բազմաթիւ ուրիշ յաջողութիւններու կարգին, երկու տարի յաջորդաբար շահած է Իտալիոյ Արտաքին Նախարարութեան Ա. մրցանակը (200 տոլար) մասնակցելով Վենետիկի միջազգային փառատօնին։ Ան հրաւիրուած է Մոսկուա 1965 Հոկտ.ին, ինչպէս նաեւ Հայաստան, ուր տուած է երգահանդէս մը, ընկերակցութեամբ Երեւանի Ֆիլհարմոնիք նուագախումբին։

Տիգրան Ժամկոչեան իսկապէս պատիւ բերած է հայ ժողովուրդին եւ Լիբանանին։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել