Տիմա Թահպուպ (արաբ.՝ ديمة طهبوب, 1976, Հեպրոն), գրող, քաղաքական վերլուծաբան, Յորդանանի Իսլամ Եղբայրներ կրօնաքաղաքական կազմակերպութեան անդամ[1], Յորդանանի Իսլամական Գործողութեան Ճակատի լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչ (անգլերէն լեզուով)[2]: Տիմա Թահպուպի ամուսինը՝ Թարեք Այուպը, եղած է Ալ-Ճազիրա հեռուստաընկերութեան լրագրող եւ զոհուած է 2003-ին, երբ Իրաքի մէջ ամերիկեան երկու հրթիռներ հարուածած են Ալ Ճազիրայի շէնքը:

Տիմա Թահպուպ
Ծնած է 1976
Ծննդավայր Հևրոն, Hebron Governorate, Հորդանան գետի արևմտյան ափ, Պաղեստին
Քաղաքացիութիւն Յորդանան, Պաղեստին
Կրօնք Իսլամութիւն
Ուսումնավայր Մանչեսթըրի Համալսարան
Հորդանանի համալսարան?
Մասնագիտութիւն Լրագրող
Վարած պաշտօններ Member of the House of Representatives of Jordan?
Կուսակցութիւն Islamic Action Front?

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Տիմա Թահպուպ ծնած է 1976-ին, Յորդանանի բժշկական ընկերութեան նախկին ղեկավար Թարեք Թահուպի ընտանիքին մէջ[3]: 2000-ին ամուսնացած է Թարեք Այուպի հետ, 2002-ին ծնած է անոնց դուստրը՝ Ֆաթիման[4]: ԱՆգլերէն լեզուի Պսակաւոր Արուսետից (BA) աստիճան ստացած է Յորդանանի Համալսարանէն, իսկ նոյն ճիւղին մէջ գիտութիւններու դոկտորի կոչում՝ Մանչեստրի համալսարանէն[4]:

Պարբերաբար հրատարակուած է Յորդանանի «Assabeel» թերթին մէջ եւ գրած է աւելի քան 800 յօդուած: Հրապարակուած է նաեւ Al-Quds Al-Arabi, Islam today եւ Al-Jazeera Talk, ինչպէս նաեւ պաղեստինեան թերթերու եւ լրատուական այլ կայքերու մէջ։ Անոր յօդուածներուն հիմնական մասը կը վերաբերի Պաղեստինին:

Հակասութիւններ

Խմբագրել

2016-ին Թահպուպը լոպպիիստական գործունէութիւն ծաւալած է՝ արգիլելու լիբանանեան Մաշրուը Լեյլա խումբին ելոյթը Ամմանի մէջ։ Ան նաեւ բողոք ներկայացուցած է Յորդանանի մէջ My Kali միակ առցանց LGBTQ+ ամսագրին դէմ: Թահպուպը 2017-ին հարցումով դիմած է Արդարադատութեան նախարարին, Յորդանանի կառավարութեան՝ երկրին մէջ համասեռամոլութեան հանդէպ հանդուրժողականութեան վերաբերեալ[5]:

Յուլիս 2017-ին, Deutsche Welle-ի հակամարտութեան գօտիի հարցազրոյցին ընթացքին Թահպուպ բարձր գնահատեց յորդանանցի այն զինուորին, ով պատասխանատու էր 1997-ի Խաղաղութեան կղզիին մէջ կազմակերպուած ջարդին, որուն ընթացքին զինուորը կրակ բացած էր իսրայէլցի աշակերտուհիներու մեծ խումբի մը վրայ՝ սպանելով եօթը աշակերտուհի եւ վիրաւորելով վեց այլ անձեր: Հարցազրոյց վարողը Թահպուպին հարցուցած է. «Դուք մայր էք եւ երջանիկ էք, որ ունիք 13 եւ 14 տարեկան աղջիկներ: Արդեօ՞ք դպրոցականները սպանուած են այն պատճառով, որ իսրայէլցի են, սպանուած են անպաշտպան երեխաներ», որուն Թահպուպ պատասխանած է. «Սպանուած են, քանի որ թշնամիներ են»[6]:

Հոկտեմբեր 2017-ին Թահպուպ բողոք ներկայացուցած է յորդանանցի ակթիվիսթի մը դէմ, ով Թահպուպին դիմանկարը զետեղած էր հեծեալի մը վրայ, որ ԻԼԻՊ դրօշի դիմաց սուր կը ճօճէր: Ակթիվիսթը կը քննադատէր Թահպուպին՝ սատարելու համար ոստիկանութեան այն աշխատակիցին, ով առանց հրամանի ոտնահարած էր Ռամատանի ժամանակ մինչեւ մայրամուտը ճաշարանի մը մէջ աշխատող ուսանողներու: Ակթիվիսթը ձերբակալուեցաւ զրպարտութեան համար եւ ազատ արձակուեցաւ այն ժամանակ, երբ անոր ընտանիքը Թահպուպէն ներողութիւն խնդրեց[7]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել