Տրդատ Քհնյ. Թաշճեան

Տրդատ Քհնյ. Թաշճեան
Ծնած է 1980
Ծննդավայր Հալէպ
Ազգութիւն Հայ
Աշխատավայր Քահանայ
Ամուսին Տալիտա
Ծնողներ Յարութիւն եւ Արաքսի
Երեխաներ Յարութ եւ Եղիա

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Տրդատ Քհնյ. Թաշճեան, աւազանի անունով Ներսէս, որդի Յարութիւնի եւ Արաքսիի, ծնեալ Հալէպ 1980-ին։

Նախնական կրթութիւնը ստացած է Ազգ. Զաւարեան վարժարանէն, զոր աւարտած է 1992-ին։

Այնուհետեւ կեանքի ազատ ասպարէզ մտած է ու հետեւած ոսկերչութեան մինչեւ 1997։

Մանկութեան եղած է դպիր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ աշակերտ՝ Կիրակնօրեայ վարժարանի։

Ո՛չ կեանքը իր հրապուրիչ երեւոյթներով եւ ոչ ալ ապագայի յաջողութիւնները իր նիւթական առաւելութիւններով, կը յաջողին զինք ներգրաւել ու կապել աշխարհիկ զգլխիչ հաճոյքներուն, որովհետեւ իր նկարագրին ու հոգիին մէջ տիրական ներկայութիւն եղած են քրիստոնէական ճշմարտութիւններն ու բարոյական արժէքները։

Ահա թէ ինչու որոշում կ'առնէ հոգեւորական ըլլալու։ Իր մտադրութիւնը կը փոխանցէ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեանին, որ պարտ ու պատշաճ տնօրինումը կատարելէ ետք, զինք կը ղրկէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքը 1998-ին, երբ տասնութ տարեկան պատանի էր։ Ան երեք տարի կը հետեւի քահանայից դասարանի դասընթացքներուն։

2000-ին սարկաւագ կը ձեռնադրուի Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, ձեռամբ Տ. Զարեհ Արք. Ազնաւորեանի։

Ւսկ քահանայից եռամեայ դասընթացքը կ'աւարտէ 2001-ին եւ կը ստանայ համապատասխան վկայական։

Ան կր վերադառնայ իր ծննդավայրը՝ Հալէպ եւ կը պատրաստուի ամուսնութեան։

Իր կեանքի ընկերը կ'ընտրէ Հալէպլեան Տալիտան, որուն հետ կը պսակուի 2000-ին, ձեռամբ Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի եւ մասնակցութեամբ քահանայից դասուն, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ եւ կը բախտաւորուի երկու մանչ զաւակներով՝ Յարութ եւ Եղիա։

Քահանայական ձեռնադրութիւնն ու օծումը տեղի կ'ունենան 20 Մայիս 2001-ին, ձեռամբ՝ Կիպրոսի Առաջնորդական Փոխանորդ՝ Տ. Վարուժան Արք. Հէրկէլեանի, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, վերակոչուելով Տէր Տրդատ՝ 1700-ամեակի առիթով, եւ օծակից ունենալով Հայր Մակար եւ Հայր Գեղարդ արեգաները, ինչպէս նաեւ Տ. Գառնիկ եւ Տ. Մկրտիչ քահանաները։

Իր քառասնօրեայ քահանայական պատրաստութեան շրջանը կը կատարէ Պիքֆայայի մէջ, իր օծակից եղբայրներուն հետ։

Անդրանիկ պատարագը կը մատուցանէ Պէյրութի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ։

Ապա կը վերադառնայ Հալէպ, Բերիոյ Թեմին մէջ քահանայագործելու։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինութեամբ՝ նորրնծայ Տէր Տրդատ հոգեւոր հովիւ կը նշանակուի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր չորս ամիս պաշտօնավարելէ ետք, Սրբազան Հօր եւ Թեմիս Կրօնական Ժողովի որոշումով, կը փոխադրուի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցիին մէջ պաշտօնավարելու եւ հովուելու իրեն փոխանցուած ընտանիքները։ Առաւել, ան հոգեւոր հովիւ կը նշանակուի Ռագգայի Հայ գաղութի 80 ընտանիքներուն, որոնց ամիսը անգամ մը կ'այցելէ պատարագելու եւ հոգեւոր մխիթարութիւն տալու։

Երեք տարի Ս. քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ պաշտօնավարելէ ետք, նոր տնօրինումով մը կը փոխադրուի Ս. Աստուածածին եկեղեցի եւ հոգեւոր հովիւ կը նշանակուի վախճանեալ Տ. Կարապետ քհնյ. Նալպանտեանի փոխարէն։

Այնուհետեւ, Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Եպս. Սարգիսեանի տնօրինութեամբ, ան կը դադրի Ռագգայի հոգեւոր հովուութենէն կը նշանակուի շրջան հոգեւոր հովիւ Թէլ Ապիատի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ փոքրաթիւ գաղութին։

Իր հովուական աշխատանքներուն զուգահեռ, ան վարած է վարչական պաշտօններ։ Անդամ եղած է Հալէպի դպրոց դասերու կանոնագիրի վերամշակման յանձնախումբին։

Պատասխանատու եւ վարչութեան անդամ եղած է Տ. Արշակ քհնյ. Ալաճաճեանին հետ «Հայ Եկեղեցասիրաց Եղբայրակցութեան»։ Ցարդ կը շարունակէ վարել սոյն պաշտօնը, անոնց ժողովներուն մասնակցելով, յաճախ Կիրակի օրերուն օրուան պատգամը տալով։

Ան ատենապետ է «Ս. Գրոց Սերտողութեան» յանձնախումբին։

2002-ին մասնակցած է միջ-֊թեմական քահանայից համագումարին, նախաձեռնութեամբ ու կազմակերպութեամբ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Պիքֆայայի մէջ։ Իր տեսակին մէջ աննախնթաց էր այս համագումարը, որովհետեւ Կիլիկիան Աթոռի բոլոր թեմերէն ներկայացուցիչ քահանայ հայրեր մասնակցած էին։ Բերիոյ Թեմի պատուիրակութեան բացի Տ. Տրդատէն կը մասնակցէին նաեւ Տէր Յուսիկ, Տ. Մաշտոց, Տ. Արշակ եւ Տ. Գառնիկ քահանայ հայրերը։

Ան պարթեւական հասակով, ներկայանալի դէմքով ու սակաւախօս հոգեւորական մըն է, որ բաւական լաւ փորձառութիւն ունի համակարգիչի գործածութեան մէջ։ Կիրթ ու յարգալիր վերաբերմունք ունի բոլորին հանդէպ։

Շուրջ տասը տարի քահանայագործած այս քահանան դեռ երկա՜ր ճամբայ ունի կտրելիք քահանայագործութեան նուիրական ծառայութեան մարդին մէջ։

Ի սրտէ իր եկեղեցական-ազգային ու մանաւանդ հովուական առաքելութեան կը մաղթենք յաջողութիւն եւ Տիրոջ առաջնորդութիւնը։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

[1]

  1. Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. հատոր, Հալէպ, էջ էջ 395-398։