Փանաթինէա (յուն․՝ Παναθήναια)․ Աթենացիներու հին յունական տօն, ձօնուած Աթինա աստուածուհիին։ Կը կատարուէր Աթէնք, չորս տարին անգամ մը` Ք․Ա․ 566-էն մինչեւ Գ․ դար: Բաժնուած էր երկու մասի՝ Միքրա (Փոքր) եւ Մեղալա (Մեծ) Փանաթինէա։ Աթենացիներուն համար ամենակարեւոր եղելութիւնն էր, Ողիմպիական խաղերէն ետք։

Փանաթինէա յատկանշող ամֆորէա, Ք․Ա․ 490․ կը պատկերացնէ Աթինան եւ Էրեհթէան

Փանաթինէա կը նշանակէ բոլոր Աթենացիներուն տօնը, այսինքն Ատիկէի բնակիչներուն համար։ Հին տարիներուն, Աթէնքի բնակիչները, այսինքն Աքրոփոլիին շուրջը բնակողները, «Աթինէա»ն կը տօնէին։ Թիսէաս երբ կը միացնէ Ատիկէի քաղաքապետութիւնները եւ Աթէնքը մայրաքաղաք կը նշանակէ, «Աթինէա» տօնը կ՛ընդարձակուի եւ կը կոչուի «Փանաթինէա»։ Փանաթինէայի հիմնադիրը Փիսիսթրաթոսն է։

Աթինէա

Խմբագրել

«Աթինէա» տօնը նախապատմական շրջանէն կու գայ։ Սկզբնական շրջանին, Աթինա աստուածուհիին եւ Էրիհթոնիոս առասպելական թագաւորին ի պատիւ ամսական հերթականութեամբ կատարուած զոհաբերութիւնն էր, որ հետագային տօնական ծէսի կը վերածուի եւ կը կատարուի տարին երկու անգամ․ Էքաթոմվէոնայի (Աթինէա) վերջաւորութեան եւ Փիանեփսիոնայի վերջաւորութեան։ Իրոտոթոս կը նշէ թէ փոքր զոհաբերութիւններ կը կատարուէին ի պատիւ Աքրոփոլիի օձին՝ Էրեհթէային (Աթէնքի առասպելական հիմնադիրը Էրիհթոնիոսն էր)։

 
Աքրոփոլիի Փարթենոնաս տաճարի 160 մ․ երկայնքով եւ 1 մ․ լայնքով գօտեգանդակը «Փանաթինէա» թափօրը կը պատկերացնէ:

Հին արձանագրութիւններուն մէջ տօնը կը նշուի իբրեւ «Փանաթինէա» եւ «Փանաթինէա թա մեղալա» (Մեծ Փանաթինէա), իսկ յետ քրիստոնէական դարերուն կը գործածուի «թա մեղալա Փանաթինէա» անունը։ Հազուագիւտ է (միքրա Փանաթինէա, միքրա=փոքր) անունի գործածութիւնը։

Փանաթինէա տօնակատարութիւնը

Խմբագրել

«Փանաթինէա» կը տօնուէր ամէն տարի, սակայն չորս տարի անգամ մը «մեծ Փանաթինէա»ն։ Լիքուրղոսին (Ք․Ա․ 4-րդ դար) արձանագրութիւններէն մէկուն մէջ կը հանդիպինք նաեւ «փենտեթերիս» (Πεντετερίς) յատկանշումը։ Այս տօնակատարութիւններուն ընթացքին նաեւ, տեղի կ՛ունենային Աթինա աստուածուհիին նուիրուած տաճարին (Ափդերու Նիքիս տաճար) քրմուհիներուն ընտրութիւնը՝ «փենտեթերիս»ներուն։

 
Աքրոփոլիի Փարթենոնաս տաճարին արեւելեան գոտեքանդակ․ Փանաթինէա թափորէն «շղարշ»ի տեսարանը։

Յայտնաբերուած արձանագրութիւններէն ի յայտ կու գայ թէ «մեծ Փանաթինէա»ն կը տօնուէր չորս տարին անգամ մը, յատկապէս Ողիմպիական խաղերէն (որոնք կը կատարուէին չորս տարի անգամ մը) երեք տարի ետք եւ կամ Ողիմպիական խաղերուն նախորդող տարին։

Արեւածագը չսկսած, տեղի կ՛ունենար «Փոմպի թոն փեփլոն» (Շղարշներու թափօրը / Πομπή των πέπλων)։

Մեծ Փանաթինէա տօնակատարութիւններուն ընթացքին կատարուած մրցումները կ՛ընդգրկէին մարզական, երաժշտական եւ ձիավարժական եղելութիւններ, համապատասխան մրցանակներու բաշխումով։

Մարզական մրցումները սկզբնական շրջանին Էհելիտես (Փիրէային մօտ, այժմ՝ Նէօ Ֆալիրօ) տեղի կ՛ունենային։ Ք․Ա․ 4-րդ դարուն կը տեղափոխուին Իլիսօ, ուր Ք․Ա․ 330-ին կը կառուցուի զանազան ձեռնակներու համար հանդիսարան-մրցարան մը՝ Փանաթինայիքօ Սթատիօ (կամ Քալիմարմարօ)․ 144-ին մարզարանը կը վերակառուցուի աբողջութեամբ մարմար քարով Հերովդէս Ատտիկեցին Ἡρώδης ὁ Ἀττικός կողմէ, ունենալով կարողութիւնը հիւրասիրելու 50 000 հանդիսատեսներ։

Տօնակատարութիւններու ցուցակ

Խմբագրել

Փանաթինէայի տօնակատարութիւններու ցուցակը հետեւեալն էր․-

Էքաթոմվէոնայի թուական Արարողութիւն
21-րդ, 22-րդ, 23-րդ երաժշտութեան մրցանակներ
24-րդ, 25-րդ մարզական մրցումներ
26-րդ ձիավարժական մրցումներ
27-րդ Փիրիհիա եւ Էւանտրիա (Փանաթինէային զուգահեռ կատարուած փոքր ծաւալով ծէսական բնոյթով խաղեր)
28-րդ Լամպյի եւ Փանիհի (Փանաթինէային զուգահեռ կատարուած փոքր ծաւալով ծէսական բնոյթով խաղեր), Փոմպի (թափոր), զոհաբերութիւն եւ ընթրիք
29-րդ Նաւարկութեան խաղեր

Երաժշտութեան մրցանակներ

Խմբագրել

Երաժշտութեան մրցումներուն մեծ կարեւորութիւն կը տրուէր կիթառի ընկերակցութեամբ երգի մրցանակին։ Մասնակիցները մենակատարներ էին եւ իրենց տաղանդը կը ներկայացնէին ասմունքելով կտորներ միմիայն Հոմիրոսի գործերէն։ Միայն բացառութիւնը Հիրիլոսի «Փերսիս» ն էր, որ կը գովաբանէ պարսիկներուն դէմ Աթէնքի յաղթանակը։

Երաժշտութեան մրցումներուն կողքին, կը կատարուէին նաեւ երաժշտական համերգներ, սրինգի երկու մենակատարներով։ Համերգը նորարարութիւն մըն էր եւ «Փանաթինէա»յի իւրայատկութիւնը։

 
Փանաթինայիքօ Սթատիօ (կամ Քալիմարմարօ), Աթէնք, նկար՝ 2014-ի

Կիթառի ընկերակցութեամբ երգի մրցանակ

Խմբագրել
  • Առաջին մրցանակը՝ 1000 տրախմի արժէքի ոսկեայ թափնիներով պսակ եւ 500 տրախմի վարձատրութիւն,
  • Մնացեալ մրցանակները յաջորդաբար՝ 1200, 600, 400 եւ 300 տրախմի։

Սրինգի ընկերակցութեամբ երգի մրցանակ

Խմբագրել

Առաջին երկու մրցանակները յաջորդաբար՝ 300 եւ 100 տրախմի։

Կիթառի վրայ երաժշտութեան մրցանակ

Խմբագրել
  • Առաջին մրցանակ՝ 500 տրախմի արժէքի ոսկեայ պսակ եւ 300 տրախմի վարձատրութիւն,
  • Երկրորդ մրցանակի մասին որեւէ տեղեկութիւն չէ փրկուած,
  • Երրորդ մրցանակ՝ 100 տրախմի։

Սրինգի երաժշտութեան մրցանակ

Խմբագրել

Երկու մրցանակներ կային, առաջինը պսակ մըն էր։

Մարզախաղեր

Խմբագրել

Մարզական մրցումներուն համար Ք․Ա․ 4-րդ դարու արձանագրութիւն մը կը նշէ թէ մրցանակները կը հաշուէին ձէթով լեցուն ամֆորէաներով։ Իւրաքանչիւր ձէթով ամֆորէա կ՛արժէր 12 տրախմի։ Բարձրագոյն մրցանակը՝ 60 ամֆորէաներ, 720 տրախմիի հաւասար էր, իսկ ամենացած մրցանակը՝ 6 ամֆորէաներ, 72 տրախմիի հաւասար էր։

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Փանաթինէա տօնակատարութիւնները պատկերացնող ամֆորէաներ

Խմբագրել

Աթէնքի թեթրատրախմο

Խմբագրել

(թեթրատրախմօ=չորս տրախմիի հաւասար)

Աքրոփոլիին Փարթենոնաս տաճարի ճակտոցներ, գօտեքանդակներ

Խմբագրել

[1] [2] [3] [4] [5] [6] [7] [8] [9] [10]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել