Փարիզի Աստուածամօր Տաճար

Փարիզի Աստուածամօր Տաճար (Նոթր Տամ տը Փաղի, ֆրNotre Dame de Paris, nɔtʁ dam də paʁi), կաթոլիկ եկեղեցի Փարիզի կեդրոնը, մայրաքաղաքի գլխաւոր խորհրդանիշներղն մէկը: Տաճարը կը պատկանի Փարիզի թեմին: Տեղակայուած է Սիտէ կղզի արեւելեան մասը՝ Փարիզի 4-րդ շրջանին մէջ։ Տաճարի տեղը եղած է Փարիզի առաջին քրիստոնէական եկեղեցին՝ Սուրբ Ստեփանոսի բազիլիկը, որն ալ իր հերթին կառուցուած է կալա-հռոմէական Եուփիթէր աստուծոյ տաճարի հիմքերուն վրայ: Գոթական տաճարը կառուցուած է Փարիզի եպիսկոպոս Մորիս տը Սիւլիի նախաձեռնութեամբ՝ 1163-էն 1345 թուականները ինկած ժամանակահատուածին: Տաճարի խորանի հատուածը օծուած է 1182-ին: Արեւմտեան ճակատի եւ աշտարակներու կառուցումը աւարտած է 13-րդ դարու երկրորդ քառորդին: 1235-էն մեծ փոփոխութիւններու ենթարկուած է. նաւի կոնտրֆորսերի միջեւ կառուցուած են մատուռներ (13-րդ դարու կէսեր), խնչաթեւ չափերը մեծացած են (ճարտարապետեր՝ Ժան տը Շէլ, Փիեր տը Մոնթրէյ), աւելացուած են դասի մատուռները (Փիեր տը Շէլ, Ժան Ռավի): 19-րդ դարուն Էժէն Էմանուէլ Վիոլէ լը Տիւկի ղեկավարութեամբ Ֆրանսական յեղափոխութենէն տուժած տաճարի արձանային հատուածը վերականգման ենթարկուած է, վերականգնած են նաւի վարդակ պատուհանները եւ նոր ծայրաձող տեղադրած են[1]:

Յետագային՝ 1831-ին՝ Վիքթոր Հիւկոյի «Փարիզի Աստուածամօր տաճարը» նովելի հրապարակումէն ետք, կառոյցի հանրաճանաչութիւնը վերածնուած է: 1963-ի սկիզբը տաճարի ճակատային հատուածը մաքրուած է դարերու ծուխէն եւ մուրէն՝ վերականգնելով իր իրական գոյնը: Մէկ այլ մաքրման եւ վերականգմնան արշաւ սկսած է 1991-2000 թուականներուն[2]:

Փարիզի Աստուածամօր տաճարը Փարիզի թեմի առաջնորդանիստ տաճարն է: Իւրաքանչիւր տարի աւելի քան 12 միլիոն անձ կ՛այցելէ տաճարը, այդ իսկ պատճառով այն կը համարուի Փարիզի ամենաշատ այցելուող յուշարձանը:

Տաճարի մուտքային մասը բաղկացած է երեք կամարներէ։ Մեջտեղինը կը պատկերէ Ահեղ դատաստանը։ Բարձրութեան վրայ պատկերուած է Յիսուսը, իսկ անոր կողքերը առաքեալներն են, 6-ը՝ աջէն, 6-ը՝ ձախէն։ Ձախ կամարը նուիրուած է Տիրամօրը, աջը՝ Սուրբ Աննային։ Վերը Պիպլիական թագաւորներն են։ Կեդրոնը Վարդն է, Տիրամայրը Սուրբերու հետ։

15 Ապրիլ 2019-ին Նոթր Տամ տաճարին մէջ բռնկած հրդեհը

15 Ապրիլ 2019-ին տաճարը հրդեհուած է[3]: Այն կրած է մեծ վնասներ, որոնց կարգին քանդուած է սրածայր գմբէթը եւ վնասուած տանիքի 2/3-ը: Ըստ նախնական վարկածի՝ հրդեհի պատճառը տաճարին մէջ ընթացող վերականգնողական աշխատանքներն են[4][5]:

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել