Փիթըր Պալաքեան
Փիթըր Պալաքեան (13 Յունիս 1951, Նիւ Ճըրզի) ամերիկահայ գրող, բանաստեղծ:
Փիթըր Պալաքեան անգլերէն՝ Peter Balakian | |
---|---|
![]() | |
Ծնած է | 13 Յունիս 1951 |
Ծննդավայր | Նիւ Ճըրզի |
Քաղաքացիութիւն | ԱՄՆ |
Ազգութիւն | Հայ |
Ուսումնավայր |
Պրաուն Համալսարան Նիւ Եորք Համալսարան Bucknell University? |
Մասնագիտութիւն | Բանաստեղծ, գրող |
Աշխատավայր | Քոլկէյթ Համալսարան |
Պարգեւներ եւ մրցանակներ | Կուկընհէյմի Յիշատակի Կրթաթոշակ «Փուլիցըր» մրցանակ՝ բանաստեղծութեան բաժանմունքին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ նշանակալի աւանդ ներդրած անձանց շնորհուող մրցանակ |
Կայքէջ | peterbalakian.com(անգլերէն) |
Ստորագրութիւն![]() |
ԿենսագրութիւնԽմբագրել
Ուսումը ստացած է Պաքնըլ, Պրաուն եւ Նիւ Եորքի համալսարաններուն մէջ: 1980 թուականէն կը դասաւանդէ Քոլկէյթ համալսարանը (Նիւ Եորք, Համիլթոն): Աշխատակցած է «Նէյշըն», «Վերճինիա Քուուրթըրլի», «Ռեւիու» եւ այլն պարբերականներու: Հրատարակած է բանաստեղծական բազմաթիւ ժողովածուներ, որոնց շարքին՝ «Ֆիշէյ հայրը» (1979), «Պայծառութեան տխուր օրեր» (1983):
1998-ին «Ճակատագրի սեւ շունը»[1] (Black Dog of Fate, A Memoir) յուշագրութիւնը (հայերէնի թարգմանուած Արտեմ Յարութիւնեանի կողմէ 2004ին) ճանչցուած է իբրեւ «Տարուան լաւագոյն գիրք», իսկ 2003ին լոյս տեսած «Այրող Տիգրիս. Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ Ամերիկայի հակազդեցութիւնը» (The Burning Tigris։ The Armenian Genocide and America’s Response, 2003)[2] ծաւալուն փաստա-վաւերագրական աշխատութիւնը «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթին կողմէ ճանչցուած է իբրեւ «Տարուան նշանակալից գիրք»: 2010-ին հայերէն թարգմանութեամբ լոյս տեսած է Պալաքեանի «Լոյսի տխուր օրերը» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն:
Պալաքեան, գործակցութեամբ Արիս Սեւակի, 2009-ին անգլերէնի թարգմանած ու հրատարակած է իր մեծ հօր եղբօր՝ Գրիգորիս եպս. Պալաքեանի «Հայ Գողգոթա» խորագրով ծաւալուն երկհատոր յուշագրութիւնը[3][4]։
Փիթըր Պալաքեանի «Օզոն Ճուրնըլ» հատորը 2016-ին արժանացած է «Փուլիցըր» հեղինակաւոր մրցանակին՝ բանաստեղծութեան ճիւղին մէջ[2]։