Փոլ Կիրակոսեան
Փոլ Կիրակոսեան (25 Դեկտեմբեր 1926[1][2][3][…], Երուսաղէմ, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութիւն - 20 Նոյեմբեր 1993[1], Պէյրութ, Լիբանան), հայ գեղանկարիչ։ Կիրակոսեանի գործերը յատկանշող երկարաւուն մարմինները կը ցոլացնեն մայրութեան, hոգեկանութեան, տարագրութեան եւ աշխատանքի նիւթեր, որոնք կ՚արձագանգեն իր անձնական փորձառութիւններուն եւ դիտարկումներուն։ Իր դիմանկարներուն եւ բնանկարներուն կողքին, ան նաեւ ցոլացուցած է հայ կեանքը եւ ցեղասպանութեան ու աքսորի փորձառութիւնը։
Փոլ Կիրակոսեան | |
---|---|
Ծնած է | 25 Դեկտեմբեր 1926[1][2][3][…] |
Ծննդավայր | Երուսաղէմ, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութիւն |
Մահացած է | 20 Նոյեմբեր 1993[1] (66 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Պէյրութ, Լիբանան |
Քաղաքացիութիւն | Լիբանան[4] |
Մասնագիտութնիւն | տեսողական արուեստագէտ, գեղանկարիչ |
Աշակերտներ | Սեդա Մանուկեան |
Կայք | paulguiragossian.com(անգլերէն) |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելՓոքր տարիքէն, կրած է տարագրութեան դառնութիւնները։ Ինք ու եղբայրը՝ Անթուան, գիշերօթիկ դպրոցներ յաճախած են, մեծնալով իրենց մօրմէն հեռու, որ պէտք է աշխատէր անոնց կրթութիւնը ապահովելու համար։ 1940ական թուականներուն, Կիրակոսեանն ու իր ընտանիքը փոխադրուած են Եաֆա, ուր ապագայ արուեստագէտը յաճախած է «Եարքոն» արուեստանոցը (1944-1945) իր նկարչական ձիրքերը զարգացնելու համար։ Նախապէս կը գտնուէր Պաղեստին ուր մաս կը կազմէ երիտասարդ նկարիչներու խմբակցուչեան մը «Սչիւտիո Եարքուն» անունով։ Այս շրջանէն սկսեալ Կիրակոսեան կը դառնայ ինքնուրոյն նկարիչ մը ըլլալ։
1945-ին կը հաստատուի Պէյրութ Նահրի շրջանը ոըր կը դծէ անընդհատ տեսած դէմքերը եւ դէպքերը։ Երկու տարուայ աշխատանքէն ետք ետք Սալահ Սթեթիէ եւ նկարիչ Ժոզէֆ Թերճան զայն կը գտնեն . իր գործերէն մի քանին կը ցուցադրեն Կալէրի Ոտիի մէջ, ուր անոնք աչքի կը զարնեն։
1950ական թուականներուն, նկարիչը սկսած է իր սեփական գործը եղբօր հետ, նկարելով շարժապատկերի սրահներու գովազդներ, որմազդներ, եւ գիրքերու պատկերազարդումներ։
1951-ին կու տայ իր առաջին խմրական ցուցահանդէսը Ազգ.Թանգարանին մէջ, որուն կը ճաջորդեն կարգ մը անհատական փայլուն ցուցահանդէսներ, յատկապէս Ֆլորանսի, Սիէնի, Լա փալէթ եւ սանդր տ'էթիւտ եւ իւնեսքոյի մէջ։ Մեծ գովասանքի եւ քաջալերութեան արժանացաւ Փոլ Կիրակոսեան իր ինքնատիպ նկարներուն համար։[5]
1952 թուականին ան կ'ամուսնանայ Ճուլիեթ Հինտեանի հետ որ նաեւ եղած է իր նկարչութեան առաջին աշակերտուհին: Անոնք կ'ունենան 6 զաւակներ՝ Սիլվա, Էմմանուել, Արաքսի, Ժան-Փոլ, Արա եւ Մանուելլա: Բայց Արան կը մահանայ իր ծնունդէն անմիջապէս ետք եւ Փոլ անոր համար կը գծէ ու կը նուիրէ մի քանի գործեր: Անոր զաւակները սորված են տարբեր արուեստի ոճեր, բայց Էմմանուել, Ժան-Փոլ եւ Մանուելլա կը շարունակեն իրենց կեանքի ընթացքը որպէս գեղանկարիչներ: Փոլի ընտանիքը, նոյնիսկ անոր մահէն ետք շարունակեցին հոգալ անոր գործերուն:
Փոլ Կիրակոսեան մահացած է 20 Նոյեմբեր, 1993ին, Պէյրութի մէջ։ Այդ առաւօտ, հոյակապ իւղանկար մը աւարտելէ ետք, իր ընտանիքին յայտնած է, թէ իր լաւագոյն գործն էր, ըսելով, թէ վերջապէս իրագործած էր իր ակնկալութիւնը՝ հինն ու նորը մէկտեղել մէկ նկարի մէջ։ Նկարը, զոր ընտանիքը աւելի ուշ կոչած է «Հրաժեշտը», կը մնայ անստորագիր՝ ընտանեկան հաւաքածոյին մէջ։
Երբ հօրս կը հարցուէր, թէ ի՛նչ կը զգայ ինքզինք` հայ, լիբանանցի՞, պաղեստինցի՞, ան միշտ ալ կը պատասխանէր. «Ես բոլորն եմ»: - Մանուելլա Կիրակոսեան
|
Ցուցահանդէսներ եւ մրցանակ
Խմբագրել1956ին նկարչութեան մրցանքի մը առաջին տեղը գրաւած է, արժանանալով իտալական կառավարութեան կրթաթոշակի մը՝ Ֆլորանսի Գեղարուեստի Ակադեմիային մէջ ուսանելու։ Իտալական քաղաքին մէջ բազմաթիւ ցուցահանդէսներ տուած է։
Առաջին մրցանակ շահած է 1958ի Փարիզի երկամեային եւ 1961ի Ֆլորանսի երկամեային։
Լիբանանահայ տաղանդաւոր գեղանկարիչ Փոլ Կիրակոսեան իր գործերուն մէկ ցուցադրութիւնը տուաւ Մայիս 12, 1966-ին Սանթրը տ'ԷԹիւտ Սիւփէրիորի մէջ։ Առաջին օրէն իսկ 13 պաստառներ դնուեցան ծանօթ արուեստասէրներու կողմէ։ Արուեստի քննաղատներ մեծ գովասանքով արտայայտուեցան երիտասարդ արուեստագէտի ստեղծագործութիւններուն մասին։
1977-ին Ճորճ Փոմփիտուի անուան «Սանթր Պոպուր» (Centre Beau-bourg) արուեստի կեդրոնի մէջ Փոլ Կիրակոսեանի «Ժամանակի Ընդմէջէն» ստեղծագործութիւնը (իւղաներկ, չափը՝ 90 x 80 սմ.), ներառնուեցաւ այս միջազգայնօրէն մեծ հեղինակութիւն ձեռք բերած արուեստի կեդրոնէն ներս:
1972ին անձնական ցուցահանդէս մը տուած է Երեւանի մէջ, եւ 1981ին ստացած է Հայաստանի Նկարիչներու Միութեան Մարտիրոս Սարեանի անուան մրցանակը։
1989ին նկարիչը Փարիզ մեկնած է իր գործերը ցուցադրելու համար, հոն մնալով մինչեւ 1991։ Այդ տարիներուն իր ամենամեծ գլուխ-գործոցներէն մէկ քանին նկարած է։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
- ↑ 2,0 2,1 http://www.paulguiragossian.com/en/DynamicPages/biography/biography
- ↑ 3,0 3,1 Artnet — 1998.
- ↑ Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
- ↑ Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։