Փօլ Ուոքըր
Փոլ Ուոքըր, Փոլ Ուիլիամ Ուոքըր Դ. (անգլերէն՝ Paul William Walker IV, 12 Սեպտեմբեր 1973[1][2][3], Կլենտէյլ, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[4] - 30 Նոյեմբեր 2013[5][6][2][…], Վալենսիա, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[7]), ամերիկացի դերասան, նախկին բնորդ։
Փօլ Ուոքըր անգլերէն՝ Paul Walker | |
---|---|
Ծնած է | 12 Սեպտեմբեր 1973[1][2][3] |
Ծննդավայր | Կլենտէյլ, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[4] |
Մահացած է | 30 Նոյեմբեր 2013[5][6][2][…] (40 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Վալենսիա, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[7] |
Կրթութիւն | Գիւղին Քրիստոնէական Վարժարանը |
Քաղաքացիութիւն | Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ |
Կրօնք | քրիստոնէութիւն |
Մասնագիտութիւն | շարժապատկերի դերասան, ժապաւէն արտադրող, հեռատեսիլի դերասան, հեղինակ, ավտոարշավորդ, դերասան, ծովային կենսաբան |
Ընտրանի | «Աճապարանքն ու բարկութիւնը» |
Ծնողներ | հայր՝ Paul Walker III? |
Երեխա(ներ) | Մարգագետինին մէջ քալողը |
Պարգեւներ եւ մրցանակներ | MTV շարժապատկերի մրցանակ՝ պաստառի Լաւագոյն զոյգին |
paulwalkerfoundation.org | |
1986-էն, դերեր կը ստանձնէ շուրջ 40 գեղարուեստական տեսերիզներու մէջ: Հանրածանօթ կը դառնայ «Աճապարանքն ու բարկութիւնը» տեսերիզին եւ անոր յաջորդող տեսաշարերուն՝ «Կրկնակի Աճապարանքն ու բարկութիւնը», «Աճապարանքն ու բարկութիւնը 4», «Աճապարանքն ու բարկութիւնը 5» եւ «Աճապարանքն ու բարկութիւնը 6» ժապաւէններուն մէջ:
Ստացած է հինգ տարբեր մրցանակներ, ներկայացած է ութ անգամ, որոնց թիւին մէջ՝ երկու անգամ Ոսկեայ ազնւամորի «հակամրցանակի»ն։ Մահացած է Քալիֆորնիա նահանգի Սանթա Քլարիթա քաղաքին մէջ՝ ինքնաշարժի արկածէ[8][9][10]։
Մարզուած է Պրազիլական ճիու-ճիցու մարզաձեւով, ունեցած է այդ մարզաձեւին սրճագոյն գօտին[11]։
Ունի մէկ դուստր՝ Միտոու Փէյն։
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելՓոլ Ուիլիամ Ուոքըր ծնած է 12 Սեպտեմբեր 1973-ին ամերիկեան Կլէնտէյլ քաղաքին մէջ, Քալիֆորնիա [12]։ Ան գործարար Փոլ Ուոքըր Գ.-ի[13] եւ նախկին բնորդ Շերիլի[14] (Ամուսնալուծուած են 2004-ին) անդրանիկ որդին է։ Փոլ ունի երկու կրտսեր եղբայրներ եւ քոյրեր՝ Քոտի Փիւ, Կալէփ, Էշլի եւ Էմի[15]։ Ուոքըրներուն ընտանիքը կը դաւանի մորմոնականութիւնը[13]։ Դերասանը ունի անգլիական ծագում, ինչպէս նաեւ իրլանտական եւ գերմանական արմատներ։[16][17]
Փոլ դերասանութեան կը սկսի վաղ մանկութենէն, 1975-ին, «Pampers Diapers» մանկական տակդիրներու հեռատեսիլի գովազդին ընդմէջէն[18]։ Մեծնալէն ետք, կը մասնակցի հեռատեսիլի տարբեր ծրագիրներու, ինչպէս նաեւ գովազդային տեսահոլովակներու մէջ։ Տասներեք տարեկանին, «Հրէշը պահարանին մէջ» («Monster In The Closet») կատակերգական սարսափազդու տեսերիզին մէջ դեր մը կը ստանձնէ։
Այնուհետեւ զանազան տեսաշարերու մէջ դերեր կը ստանձնէ, ինչպէս՝ («Չարլզը պատասխանատու է» («Charles In Charge»), «Ո՞վ է տէրը» («Who’s The Boss?»), «Երիտասարդը եւ անհանդարտը» («The Young & The Restless»))։
Բացի դերասանութենէ, Փոլ աշխուժ մարզիկ մը եղած է եւ մասնակցած՝ զանազան մրցաշարքերու։
1991-ին, Քալիֆորնիոյ Սեն Վելիի Քրիստոնէական դպրոցը աւարտելէ ետք[19][20], ծովային կենսաբանութեան հետազօտութեամբ[21] զբաղելու միտումով կը յաճախէ Քալիֆորնիոյ քոլէճը։ Սակայն կը նախընտրէ դերասանութեամբ զբաղիլ:
Ասպարէզ
ԽմբագրելՍկզբնական Շրջան
Խմբագրել- 1994-ին «Թեմի եւ Տը Թի Ռեքս» («Tammy & The T-Rex») ժապաւէնին մէջ դեր մը կը ստանձնէ, այդ օրերու հանրայայտ Տենիզ Ռիչըրտսին հետ։
- 1998-ին երիտասարդ դերասանը յաջորդական դերեր կը ստանձնէ «Հանդիպեցէք Տիտլներուն» («Meet The Deedles») եւ «Պլեզընթվիլ» («Pleasantville») ժապաւէններուն մէջ։
- 1999-ին, ան կը նկարահանուի բաւական յաջող «Այդ բոլորը ան է» («She’s All That») եւ «Ուսանողական խումբ» («Varsity Blues») (դպրոցական ոտնագնդակի դժուար առօրեային մասին) ժապաւէններուն մէջ:
- Դերեր ստանձնած է «S.W.A.T. Հրեշտակներու քաղաքին յատուկ ջոկատ» ժապաւէնին գլխաւոր հերոս Ճիմ Սթրիթի եւ «Ֆանթասթիք քառեակ» ժապաւէնին Ճոնի Շթորմի դերերուն թեկնածուներուն հետ[16]։
- Փորձ մը կը կատարէ Էնակին Սքայուքերի դերին համար, սակայն իր տարիքին բերումով, չի կրնար արժանանալ այդ դերին։ Ըստ իր խոստովանութեան, անիկա միակ դերն է, զոր շատ փափաքած էր ստանձնել[16]։
Վերելք
ԽմբագրելՇնորհիւ երիտասարդական շրջանի իր հանրաճանաչութեան, 2001-ին դերասանը երկրորդական դերերէն կը սկսի ստանձնել գլխաւոր դերեր։
Իր առաջին գլխաւոր դերը շարժապատկերի մէջ կը խաղայ «Աճապարանքն ու բարկութիւնը» («The Fast & The Furious») ժապաւէնին մէջ, Վին Տիզլի հետ։ Շնորհիւ այդ շարժապատկերին անսպասելի յաջողութեան, Փոլ Ուոքըր հանրածանօթ կը դառնայ ոչ միայն ԱՄՆ-ի մէջ, այլեւ՝ շարժապատկերի երիտասարդ կուռքի կարգավիճակ կը ստանայ։ «Աճապարանքն ու բարկութիւնը» ժապաւէնէն երեք ամիս ետք, գլխաւոր դերով հանդէս կու գայ «Հաճելի ուղեւորութիւն» («Joy Ride») ժապաւէնին մէջ, խաղընկերներ ունենալով Լիլի Սոբեսկին եւ Սթիւ Զանը։ «People» ամսագիրը 2001-ին Ուոքըրը կ'ընդգրկէ իր «Աշխարհի ամէնէն գեղեցիկ մարդիկ» ցուցակին մէջ[16]։
Այնուհետեւ կը հետեւի «Աճապարանքն ու բարկութիւնը» ժապաւէնին շարունակութիւնը (արդէն առանց Վին Տիզլի) եւ Ուոքըր կը նկարահանուի ամերիկեան ռեփ երգիչ Լութաքրիսի «Act A Fool» երգին տեսահոլովակին մէջ։ Այնուհետեւ՝ դեր կը ստանձնէ Մայքլ Կրէյտընի «Ժամանակի թակարդին մէջ» («Timeline») վէպին շարժապատկերի արտադրութեան մէջ (ուր դեր ստանձնած է նաեւ՝ Ժերար Պաթլըր (Gerard Butler)), ժապաւէնը քննադատներու, ինչպէս նաեւ հանդիսատեսներու կողմէ ընդունելութեան չ'արժանանար։ 2005-ին կը հրապարակէ գանձերու որոնման մասին «Բարի գալուստ դրախտ» («Into The Blue») բախտախնդիր-արկածային մարտաժապաւէնը, որ հասութաբեր գործ մը կ'ըլլայ, իսկ 2009-ին կը հրապարակէ ժապաւէնին նուազ դրամագլուխով շարունակութիւնը: Ճեսիքա Ալպայի մասնակցութեամբ, ուր Ուոքըր կը փայլի իր լուղորդի ունակութիւններով:
Փոլ, մանկութենէն կը սիրէր ջուրի վրայ դահոյկով սահիլը։ Հետաքրքրական է, որ Ալպա, ինք եւս, երիտասարդ տարիքին նման փորձառութիւն մը ապրած է՝ դեր մը ստանձնելով «Ֆլիփըր» (flipper) հեռուստաշարին մէջ։
Ուոքըր իր թատերական կարողութիւնները կը դրսեւորէ, յատկապէս՝ «Ս. Ծնունդ» («Noel», 2004) ժապաւէնին մէջ, ուր Փենելոփէ Քրուզի փեսացու-ոստիկանին դերը կը ստանձնէ: Փենելոփէ Ս. Ծննդեան շրջանին կը հետապնդէ ծերունի մը, որուն մահացած կնոջ վերամարմնաւորումն է ինք։ Ժապաւէնին մէջ բազմաթիւ աշխարհահռչակ դերասաններ կան, ինչպէս՝ Սուզըն Սարանտըն եւ Ռոպին Ուիլիամզ։
Հետագայ աշխատանքներ
ԽմբագրելՅաջորդ նախագիծին մէջ՝ «Փախչի՛ր առանց յետադարձ հայեացքի» («Running Scared»), Ուոքըր ինքզինք կը դրսեւորէ իբրեւ կարող դերասան, որ կրնայ իրեն վստահուած ամէն տեսակի դերեր ստանձնել։
Կրիմ եղբայրները մարմնաւորող ժապաւէնը չի կրնար փոխհատուցել իր 15-միլիոննոց դրամագլուխը եւ միայն $9,3 միլիոն հասոյթ կրնայ ապահովել։ Նոյն թուականին, «Ուոլթ Տիզնի»ի հրապարակած «Սպիտակ գերի» («Eight Below») արկածային ժապաւէնը, ուր Ուոքըր գլխաւոր դերով հանդէս կու գայ, իրեն ապահովելով $20 միլիոն[22]։
Այնուհետեւ Ուոքըր հանդէս կու գայ գլխաւոր դերերով, ինչպէս՝ «Դրախտային նախագիծ» («The Lazarus Project») անկախ ժապաւէնին մէջ, որ անմիջապէս սկաւառակով կը հրապարակուի, 21 Հոկտեմբեր 2008-ին։ Յաջորդ դերը կը ստանձնէ «Աճապարանքն ու բարկութիւնը» շարքին շարունակութեան մէջ՝ «Աճապարանքն ու բարկութիւնը 4» («Fast & Furious», ուր ան կրկին կ'աշխատի Վին Տիզլի հետ, որ հեռացած էր ժապաւէնին նկարահանումներուն առաջին մասէն ետք[23]։
2010-ին կը հրապարակուի «Թալանողեր» («Takers») քրէական ժապաւէնը[24], ուր Փոլ հանդէս կու գայ Մեթ Տիլոնի եւ Հեյտըն Քրիստենսընի հետ։ Նկարահանումները կը սկսին Սեպտեմբեր 2008-ին, սակայն ժապաւէնը կը հրապարակուի 2010-ին։
2011-ի գարնան ան հանդէս կու գայ «Աճապարանքն ու բարկութիւնը 5» («Fast Five») ժապաւէնին մէջ[25], իսկ երկու տարի ետք՝ «Աճապարանքն ու բարկութիւնը 6» («Fast Six»)։ Եօթներորդ ժապաւէնին նկարահանումները ան չի կրնար աւարտել։[26]
Հետաքրքրութիւններ
Խմբագրել- Դերասանը ունէր երկու տուն՝ Հատինկթըն Պիչի (Haddington beach) եւ Սանթա Պարպարայի մէջ:
- Կը սիրէր անասունները. ունէր ռիթրիվըր տեսակի շուն մը՝ Լապրատոր անունով[13][27] եւ Կովպոյ ձի մը։
- Ան կը պաշտէր ծովեզերեայ զբօսանքները, ինչպէս՝ ջուրին վրայ դահոյկով սահիլը:
- Շատ կը հետաքրքրուէր ինքնաշարժներով։
- Կը սիրէր ճամբորդել. եղած է Հնդկաստան, Ֆիճի, Քոսթա Ռիքա եւ Պրունեյ[16]։
- Ընկերական յարաբերութիւններ կը պահպանէր զոյգ դերասանուհիներ Կայլի եւ Կիտոն Թինտալներու հետ[16]։
- Ուոքըր լրջօրէն կը զբաղէր պրազիլական ճիու-ճիցուով (jiu-jitsu)[11]։ Ունէր ծիրանագոյն գօտի[28], այնուհետեւ՝ սրճագոյն: Կը մարզուէր Ռիքարտօ Միլըրի ղեկավարութեան տակ, որ իր աշակերտը յետ մահու կը պարգեւատրէ սեւ գօտիով[11]։ Ըստ Միլըրի խօսքերուն, Ուոքըր «միշտ կը ձգտէր ցուցադրել ճիու-ճիցուն իր ժապաւէններուն մէջ, կը ցանկար իր ժապաւէնները օգտագործել իբրեւ բեմ՝ ճիու-ճիցուի ցուցադրման համար, ան ինծի կ'ըսէր, թէ կը ցանկայ, որ հանդիսատեսին մօտ յիշուի իբրեւ ճիու-ճիցուի մասնագէտ»[11]։
Բացի ատկէ, Ուոքըր կը մասնակցի «Redline Time Attack» մրցարշաւներու հեռուստաշարին մէջ, M3 E92 մեքենայով, «AE Performance» խումբին հետ, որուն հովանաւորներն էին՝ «Etnies», «Brembo Brakes», «Ohlins» «Volk», «OS Giken», «Hankook», «Gintani» եւ «Reach Out Worldwide»[29]։
Այլ նախագիծեր
ԽմբագրելՓոլ յայտնուած է երկու երաժշտական հոլովակներու մէջ՝ «Wrong Thing Right Then» (1997), «Mighty Mighty Bosstones» խումբին երգին հիման վրայ («Հանդիպեցէք Տիտըլներուն» ժապաւէնին համար) եւ «Act A Fool», Լութաքրիսի երգին հիման վրայ («Կրկնակի Աճապարանքն ու բարկութիւնը» ժապաւէնին համար)[30]։
Դերասանը կը նկարահանուէր հաղորդավարի դերին մէջ սպիտակ շնաձուկերու մասին պատմող «National Geographic»-ի արտադրութեան վաւերագրական ժապաւէնին մէջ, հաղորդումը եթերով հեռարձակուած է Յունիս 2010-ին[31][32]։ Փոլ 11 օր կ'անցընէ նկարահանուելով եօթը շնաձուկերու հետ, Մեքսիքոյի ափամերձ շրջանին մէջ[33]։ Արշաւախումբը կը գլխաւորէր Քրիս Ֆիշըրը։
Յունուար 2011-ին կը դառնայ «Coty Prestige» օծանելիքի ընկերութեան «Davidoff Cool Water for Men» ծանուցման դերակատարը[34]:
Բարեգործական ծրագիր
ԽմբագրելՅիշելով իր պատանեկական երազանքները, երբ ան կը փափաքէր ծովային կենսաբան դառնալ, ինչպէս անոր կուռք Ժաք Կիւսթոն[33], 2006-ին Փոլ Ուոքըր կը միանայ Թրաձկան պաշտպանութեան ֆոնտին[35]։
Մարտ 2010-ին Ուոքըրը կ'ուղեւորուի Չիլի, ուր օգնութիւն կը ցուցաբերէ երկրաշարժէն աղէտահարներուն, որ տեղի ունեցած էր 27 Փետրուարին, 8,8 ուժգնութեամբ։ Իր եւ «REACH OUT Worldwide» իր բժշկական կազմակերպութեան մասին կը խօսուի Մամուլով: Ան կ'այցելէ նաեւ Իլոկա քաղաքը, Կուրանիպէ եւ Պելյուէ աւաններ, բժիշկներու հետ զբաղելով հիւանդներու պատուաստներով[36]։
Մահ
Խմբագրել30 Նոյեմբեր 2013-ին, ժամը 15:30-ին (ըստ UTC-8-ի) Ուոքըր եւ իր ընկերը՝ Ռոճըր Ռոտաս ներկայ կը գտնուին «Reach Out Worldwide» բարեգործական ֆոնտին միջոցառման Հայան Թայֆունի[8][37] զոհերուն համար նպաստ հաւաքելու նպատակով, որ տեղի կ'ունենար Ֆիլիփինի մէջ։ Անկէ ետք անոնք կարմիր «Porsche Carrera GT» ինքնաշարժով, որ կը պատկանէր Ռոտասին, կը հեռանան։ Ճամբան վարորդը չի կրնար զսպել ղեկը եւ ինքնաշարժը կը բախի լապտերի սիւնին եւ անոր կողքին աճած ծառին Վալենսիոյ մէջ, Սանթա Քլարիթա, Քալիֆորնիոյ մէջ. անմիջապէս հրդեհ կը բռնկի[8][10][38][39]։
Լոս Անճելըսի ոստիկանութիւնը կը յայտարարէ, որ վարորդը եւ ուղեկիցը մահացած են անմիջապէս արկածին վայրը[38][40]։ Առաջին լուրը կը հաղորդէ «TMZ» լրատուութիւնը, երբ Ուոքըրի հրապարակախօս Էյմ Վան Այտըն կը հաստատէ դերասանին մահը[8]։ Ռոտաս Ուոքըրին վաղեմի ընկերն էր եւ անոր օգնած էր հիմնելու «Reach Out Worldwide» ֆոնտը։ Ան «Always Evolving»-ի գործադիր տնօրէնն էր, (ինքնաշարժներու վաճառասրահ)[41][42]։
Ուոքըրի յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցած է 14 Դեկտեմբեր 2013-ին, Կլէնտէյլի մէջ (Քալիֆորնիա նահանգ)[43]։
Ժապաւէններ
ԽմբագրելԹվական | անուն | Բնօրինակ անուն | Դեր |
---|---|---|---|
1985-1994 | Դպրոցական արձակուրդները «CBS»-ի մէջ: | CBS Schoolbreak Special | Տիլլ |
1985-1986 | Մայրուղի մը դէպի երկինք | Highway To Heaven | Էրիք Թրեւըրս/Տոթ Պրայընտ |
1986 | Հրէշը պահարանին մէջ | Monster In The Closet | «Փրոֆեսոր» Պեննեթ |
1987 | Ծրագրուած՝ սպաննութեան | Programmed To Kill | Ճէյսըն |
1988 | Ես կը պատմեմ | I’m Telling! | մասնակից |
1990 | Չարլզը պատասխանատու է | Charles In Charge | Ռասսել Տեւիս |
1991 | Յիմարիկ | What A Dummy | Ռիք |
1991 | Ո՞վ է տէրը | Who’s The Boss? | Մայքըլ Հեյնս |
1992-1993 | Երիտասարդ եւ աշխուժ | The Young & The Restless | Պրենտըն Քոլինզ |
1994 | Տղաքը վերադարձած են | The Boys Are Back | Ճեսի Հենսըն |
1994 | Թեմին եւ Թի Ռեքսը | Tammy & The T-Rex | Մայքլ |
1996 | Հրեշտակին հպումը | Touched By An Angel | Ճոնաթան |
1998 | Հանդիպեցէք Տիտլներուն | Meet The Deedles | Ֆիլ Տիտըլ |
1998 | Փլեզընթվիլ | Pleasantville | Սքիփ Մարտին |
1999 | Ուսանողական խումբ | Varsity Blues | Լենս Հարպըր |
1999 | Այդ բոլորը ան է | She’s All That | Տին Սեմփսըն |
1999 | Քանդուած պալատը | Brokedown Palace | Ճեյսըն |
2000 | Գանկեր | The Skulls | Քալեփ Մենդրեյկ |
2001 | Աճապարանքն ու բարկութիւնը | The Fast & The Furious | Պրայըն Օ’Քոններ |
2001 | Հաճելի ուղեւորութիւն | Joy Ride | Լուիս Թոմաս |
2003 | Աճապարանքն ու բարկութիւնը | 2 Fast, 2 Furious | Պրայըն Օ’Քոններ |
2003 | Ժամանակացոյցը | Timeline | Քրիս Ճոնսըն |
2004 | Ծնունդը | Noel | Մայք Ռայլի |
2005 | Կապոյտին մէջ | Into The Blue | Ճարեթ |
2006 | Սարսափած փախչողը | Running Scared | Ճոուի Գազել |
2006 | Ութ դէպի վար | Eight Below | Ճերի Շեպարթ |
2006 | Մեր հայրերուն դրօշակները | Flags Of Our Fathers | Հենք Հենսըն |
2007 | ԱՄՆ-ի պատմութիւններ | Stories USA | Մայքի |
2007 | Պոպի «Զ»-ի Կեանքն ու մահը | The Death and Life Of Bobby Z | Թիմ Քիրնի |
2008 | Դրախտային նախագիծ | The Lazarus Project | Պան Հարվի |
2009 | Աճապարանքն ու բարկութիւնը | Fast & Furious | Պրայըն Օ’Քոններ |
2010 | Առնողները | Takers | Ճոն Ռոուվեյ |
2011 | Աճապարանքն ու բարկութիւնը | Fast Five | Պրայըն Օ’Քոններ |
2013 | Թիւ 19 հեծանիւը | Vehicle 19 | Մայքըլ Ուուտզ |
2013 | Աճապարանքն ու բարկութիւնը 6 | Fast Six | Պրայըն Օ’Քոններ |
2013 | Ժամեր | Hours | Նոլան |
2013 | Գրաւատան քրոնիկներ | Pawn Shop Chronicles | Ռոու Տոկ |
2014 | 13-րդ շրջան. Աղիւսէ առանձնատուներ | Brick Mansions | Տեմիեն |
2015 | Աճապարանքն ու բարկութիւնը | Furious 7 | Պրայըն Օ’Քոններ |
Թվական | Մրցանակ | Անուանակարգ | ժապաւէն | Արդիւնք |
---|---|---|---|---|
1988 | Երիտասարդ դերասան (en:Young Artist Award) | Երիտասարդ դերասանի լաւագոյն հիւրի դերով ցերեկային տեսաշարին մէջ «A Special Love» դրուագին համար |
Մայրուղի մը դէպի երկինք | Առաջադրուած |
1993 | Երիտասարդ դերասան (en:Young Artist Award) | Լաւագոյն երիտասարդ դերասան ցերեկային տեսաշարին մէջ | Երիտասարդ եւ աշխուժ | Առաջադրուած |
1994 | en:Soap Opera Digest Award | Ականավոր էկրանային նորամուտ | Առաջադրուած | |
Երիտասարդ դերասան (en:Young Artist Award) | Լաւագոյն երիտասարդ դերասան օճառային օփերային մէջ | Առաջադրուած | ||
2000 | Երիտասարդ Հոլիուուտ (en:Young Artist Award) | Նոր գրաւիչ աստղ | Առաջադրուած | |
2001 | Հոլիուուտեան բեկում | Տղամարդու տարուան բեկում Ստացած է Hollywood Film Festival-ին |
Յաղթած | |
Երիտասարդ Հոլիուուտ (en:Young Artist Award) | Տղամարդու նոր ոճը | Յաղթած | ||
2002 | en:MTV Movie Awards | Լաւագոյն պաստառի խումբ Վին Տիզելի հետ |
Աճապարանքն ու բարկութիւնը | Յաղթած |
Տղամարդու տարուան բեկում | Առաջադրուած | |||
2003 | en:Teen Choice Awards | Ամենավառ սիրավէպը Փոլ Ուոքըր եւ իր ինքնաշարժը |
Աճապարանքն ու բարկութիւնը 2 | Յաղթած |
2009 | en:Teen Choice Awards | Մարթա ժապաւէնին լաւագոյն դերասանը | Աճապարանքն ու բարկութիւնը 4 | Առաջադրուած |
2011 | en:Teen Choice Awards | Մարթա ժապաւէնին լաւագոյն դերասանը | Աճապարանքն ու բարկութիւնը 5 | Առաջադրուած |
en:Black Reel Awards | Լաւագոյն խումբը ժապաւէնին դերասաններու հետ |
Տղաներ-թալանչիներ | Առաջադրուած | |
2014 | en: MTV Movie Awards | Պաստառի Լաւագոյն զոյգը Վին Տիզըլի հետ |
Աճապարանքն ու բարկութիւնը 6 | Յաղթած |
Ծանոթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ 1,0 1,1 http://www.usmagazine.com/celebrity-news/news/paul-walker-dead-at-40-fast-and-the-furious-actor-dies-in-car-accident-report-20133011
- ↑ 2,0 2,1 2,2 2,3 2,4 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
- ↑ 3,0 3,1 GeneaStar
- ↑ 4,0 4,1 4,2 http://www.tribute.ca/people/paul-walker/1379/17622/
- ↑ 5,0 5,1 5,2 http://www.cnn.com/2013/11/30/showbiz/actor-paul-walker-dies/
- ↑ 6,0 6,1 6,2 'Fast and Furious' star Paul Walker dies in fiery car crash, ABC News confirms
- ↑ 7,0 7,1 7,2 http://edition.cnn.com/2013/11/30/showbiz/actor-paul-walker-dies/
- ↑ 8,0 8,1 8,2 8,3 «'Fast and Furious' star Paul Walker dies in car accident»։ CNN։ 2013-11-30։ արտագրուած է՝ 2013 թ․ նոյեմբերի 30–ին
- ↑ «'Fast and Furious' star Paul Walker dies in Valencia car crash, publicist says»։ ABC News։ նոյեմբերի 30, 2013։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-05-02-ին։ արտագրուած է՝ 2013 թ․ նոյեմբերի 30–ին
- ↑ 10,0 10,1 Joel Landau (2013-11-30)։ «Paul Walker dead at 40: 'Fast and Furious' star killed in fiery car crash»։ NY Daily News։ արտագրուած է՝ 2013 թ․ նոյեմբերի 30–ին
- ↑ 11,0 11,1 11,2 11,3 Duane Daniel։ «Paul Walker's Adventure Sports Workout Routine»։ Men's Health։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-05-20-ին։ արտագրուած է՝ 2008 թ․ սեպտեմբերի 28–ին
- ↑ «Paul Walker Biography»։ Yahoo!։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2008-12-30-ին։ արտագրուած է՝ 2008-09-28
- ↑ 13,0 13,1 13,2 Keck William (2005-09-27)։ «Fame lets Paul Walker dive in»։ USA Today։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2008-09-27-ին։ արտագրուած է՝ 2008-09-28
- ↑ «Paul Walker»։ Complex։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2008-09-22-ին։ արտագրուած է՝ 2008-09-28
- ↑ Aames Ethan (2004-11-12)։ «Paul Walker on Noel»։ Cinema Confidential։ արխիւացուած բնօրինակէն 2007-10-12-ին։ արտագրուած է՝ 2008-09-28
- ↑ 16,0 16,1 16,2 16,3 16,4 16,5 IMDB Trivia Section
- ↑ «Betsey Alma OEFINGER b. 28 Oct 1922 Meriden New Haven County, Connecticut, U.S.A. d. 7 Mar 1991 Meriden New Haven County, Connecticut, U.S.A.: Our Family History»։ Germans2franklincountyma.info։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 17 September 2013-ին։ արտագրուած է՝ հունիսի 13, 2013
- ↑ Chean Steven (2003-06-15)։ «Walker on the wild side»։ USA Weekend։ արտագրուած է՝ 2008-09-28
- ↑ «Paul William Walker I-IV bio: The Faster & Furiouser 5/4DEEMAS&JESUS ADAM Actor»։ Tribute.ca։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2008-09-13-ին։ արտագրուած է՝ 2008-09-28
- ↑ Kim Beatrice (2003-11-21)։ «Pretty boy is pretty coy: Walker talks the talk»։ The Stanford Daily։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2007-02-23-ին։ արտագրուած է՝ 2009-11-15
- ↑ «Paul Walker Covers ‘Men’s Health’ March 2010 | Paul Walker : Just Jared»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-09-01-ին։ արտագրուած է՝ 2016-06-25
- ↑ «Eight Below (2006)»։ Box Office Mojo։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-06-12-ին։ արտագրուած է՝ սեպտեմբերի 28, 2008
- ↑ «Apple – Movie Trailers – Fast and Furious»։ Apple։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2010-01-14-ին։ արտագրուած է՝ սեպտեմբերի 28, 2008
- ↑ Fleming Michael (սեպտեմբերի 9, 2008)։ «Screen Gems digs up 'Bone' cast»։ Variety։ արտագրուած է՝ սեպտեմբերի 28, 2008
- ↑ Fast Five Premiere
- ↑ Gonzalez Maricela։ «'Fast & Furious 7' production halted after Paul Walker's death»։ Entertainment Weekly։ արտագրուած է՝ դեկտեմբերի 5, 2013
- ↑ Koltnow Barry (Փետրուարի 18, 2006)։ «Just chillin'»։ Orange County Register։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2009-05-17-ին։ արտագրուած է՝ սեպտեմբերի 29, 2008
- ↑ Duane Daniel։ «Paul Walker's Adventure Sports Workout Routine»։ Men's Health։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2009-02-11-ին։ արտագրուած է՝ 2008-09-28
- ↑ «AE Performance»։ Redline Time Attack։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2010-11-30-ին։ արտագրուած է՝ 2016-06-25
- ↑ Paul Walker (I) — Other works
- ↑ «Paul Walker Leads Shark Expedition»։ Starpulse.com։ նոյեմբերի 12, 2009։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-12-15-ին։ արտագրուած է՝ նոյեմբերի 15, 2009
- ↑ «Actor Paul Walker Joins National Geographic Shark Expedition»։ DiverWire։ նոյեմբերի 13, 2009։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2010-05-28-ին։ արտագրուած է՝ նոյեմբերի 15, 2009
- ↑ 33,0 33,1 Itier Emmanuel։ «Paul Walker Interview»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2009-09-17-ին։ արտագրուած է՝ 2009-11-15
- ↑ Coty Prestige Announces Agreement With Paul Walker
- ↑ «Paul Walker Joins The Billfish Foundation to Kick-Off 20th Anniversary Celebration»։ marlinmag.com։ սեպտեմբերի 25, 2006։ արտագրուած է՝ նոյեմբերի 15, 2009 [permanent dead link]
- ↑ «REACH OUT Worldwide»։ REACH OUT Worldwide։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-06-18-ին։ արտագրուած է՝ 2016-06-25
- ↑ «'Fast and Furious' star Paul Walker dies in Valencia car crash, publicist says»։ ABC News։ նոյեմբերի 30, 2013։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-05-02-ին։ արտագրուած է՝ 2013-11-30
- ↑ 38,0 38,1 «Publicist: Fast & Furious Actor Paul Walker Dies in Car Crash»։ TIME։ նոյեմբերի 30, 2013։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-12-09-ին։ արտագրուած է՝ 2013-11-30
- ↑ Schabner, Dean (November 30, 2013). 'Fast and Furious' Star Paul Walker Killed in Crash". ABC News.
- ↑ «Fast & Furious actor Paul Walker dies in California car crash»։ BBC News US & Canada (BBC News)։ դեկտեմբերի 1, 2013։ արտագրուած է՝ 2013-12-01
- ↑ «Call to Action»։ Merrill Lynch։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-12-02-ին։ արտագրուած է՝ 2013-11-30
- ↑ Smith Perry (2013-11-30)։ «Paul Walker, Santa Clarita CEO Reportedly Killed In Fatal Single-Car Crash»։ KHTS Radio։ արտագրուած է՝ 2013-11-30
- ↑ Похоронили актёра Пола Уокера в его родном городе Глендейл (штат Калифорния) // РИА Новости, 2013-12-15
- ↑ Paul Walker (I) — Awards
Արտաքին յղումներ
Խմբագրել- պաշտոնական կայք (անգլերէն)
- էջը IMDb կայքում (անգլերէն)
- էջը kinopoisk կայքում (ռուս.)
Ուիքիպահեստ նախագիծի Փօլ Ուոքըր ստորոգութեան մէջ կրնաք գտնել յաւելեալ պատկերազարդում այս նիւթի վերաբերեալ։ |