Քարթախենա (Քոլումպիա)

Քարթախենա (սպ․ Cartagena)․ Քոլումպիոյ հին քաղաքներէն, Քարիպեան ծովուն կարեւոր նաւահանգիստներէն։ Գաղութային դարաշրջանէն ծանօթ է որպէս «Քարթախենա տաս Ինտիաս» (Cartagena de Indias)։ Պոլիվար նահանգին մայրաքաղաքն է։ Հիմնուած է 1533-ին։Պարիսպներուն մէջ գտնուող գաղութային քաղաքը 1984-ին յայտարարուած է Եունեսքոյի Համաշխարհային Ժառանգութեան Յուշարձան:

Քաղաք-նաւահանգիստ
Քարթախենա
սպ.՝ Cartagena de Indias
Դրօշակ

Քարթախենա, Քոլումպիա, Քարիպեան ծով
Երկիր  Քոլումպիա
Օրէնսդրական մարմին Քարթախենա տաս Ինտիաս գաւառային խորհուրդ
Հիմնադրուած է՝ 1533
Այլ անուանումներ Cartagena de Indias
Տարածութիւն 572 քմ²
ԲԾՄ 2±1 մեթր
Բնակչութիւն 973 035 մարդ
Ժամային գօտի UTC-5
Փոստային ցուցանիշ 130000
Հիմնադիր Փետրօ տէ Էրետիա
Պաշտօնական կայքէջ cartagena.gov.co

Ընդհանուր տեղեկութիւններ

Խմբագրել

Կը գտնուի Քոլումպիոյ հիւսիսային ափին։ Ադլանտեան Ովկիանոսի Քարիպեան ծովուն կարեւոր նաւահանգիստներէն է։ Քաղաքին ռազմական դիրքին շնորհիւ՝ կառուցուած է Մակտալենա եւ Սինու նաւարկելի գետերուն միջեւ, մատչելի եղած է «Նոր Կրանատայի թագաւորութենէն» ներս մերձեցումը (ԺԶ․ դար)։

Հակիրճ պատմական ակնարկ

Խմբագրել

Նախնադար

Խմբագրել

Հնագիտական պեղումներէն յայտնաբերուած իրերը կը փաստեն թէ Քարթախենայի ծովեզերեայ շրջանները Ք․Ա․ 4-րդ հազարամեակէն արդէն կազմակերպուած համայնքային կեանք ունեցած են։ Բնակուած եղած են Մոնսու եւ Փուերթօ Օրմիկա քաղաքակրթութիւններու բնակիչներէն։

ԺԶ․ դար

Խմբագրել

Երբ սպանացիները ցամաք ոտք կը կոխեն՝ ԺԶ․ դարասկիզբին, մերձակայ շրջաններէն զանազան բնիկ ցեղեր շրջանի ծովեզերեայ ափերուն բնակութիւն կը հաստատեն։ 14 Յունուար 1533-ին, սպանացի «քոնքիսթատոր» (աշխարհակալ) Փետրօ տէ Էրետիա, կնքելով Սպանիոյ թագուհի Քասթիլիոյ Խուանա Ա․-ին հետ համաձայնագիր մը, երեք նաւերով, մէկ բեռնատար նաւով, 150 զինեալներով եւ 22 ձիերով մուտք կը գործէ Քարթախենային ծոցը։ Ծովեզերեայ բնիկ բնակիչներուն հետ կռիւը մէկ օր կը տեւէ եւ սպանացի աշխարհակալը երեք ամիս շրջանը հետազօտելէ ետք, Ապրիլին ոսկիով բեռնաւորուած տեղ կը վերադառնայ։ 1 Յունիս 1533-ին, ան կը հիմնէ Քարթախենա քաղաք-նաւահանգիստը։ Քաղաքին տրուած անունը համանուն է հարաւային Սպանիոյ նաւահանգիստին՝ իր նաւաստիներուն հայրենիքն է։ Սպանիոյ Փիլիպոս Բ․ (Ֆելիփէ Բ․) թագաւորը, 1574-ին Քարթախենային կը շնորհէ «քաղաք» (ciudad) անունը։

Գաղութային քաղաք - պատկերասրահ

Խմբագրել

Ծովահէններու յարձակումներու դիրախ

Խմբագրել
 
Փետրօ տէ Էրետիայի արձանը

Նաւահանգիստին կարեւորութիւնը որպէս արծաթի արտածման կեդրոն, ֆրանսացի ծովահէններու յարձակումներուն դիրախը կը դառնայ․ 1544-ին եւ 1569-ին։ Անոնք կը խրախուսուին Ֆրանսայէն, Անգլիայէն եւ Հոլանտայէն։ Իսկ Ապրիլ 1586-ին Անգլիոյ թագուհիին հովանաւորութիւնը վայելով Ֆրանսիս Տրէյք ծովահէնը 23 նաւերով եւ 3 000 զինեալներով Քարթախենային վրայ կը յարձակի եւ կը հրկիզէ մայր եկեղեցին ու 200 տուներ։

 
San Pedro Claver եկեղեցին, կառուցուած 1580-1654

Քարթախենայի պարիսպներու կառուցում

Խմբագրել

Նոյն տարին՝ 1586-ին, Սպանիա իտալացի զինուորական-ճարտարագէտին՝ Պաթիսթա Անտոնելիին կը պատուիրէ, որպէսզի ան ուրուագծէ Քարիպեան ծոցի նաւահանգիստներուն համար պաշտպանողական ծրագիր մը։ Իսկ 1594-ին ան կրկին կը հրաւիրուի Քարթախենա, ուրուագծելու համար քաղաք-նաւահանգիստին պատսպարման համար բարձրադիր ու հաստատուն պարիսպներ։

 
Քարթախենային մայր եկեղեցին

Սուրբ Կրօնաքննութիւն

Խմբագրել

1610-ին Սպանական Սուրբ Կրօնաքննութիւնը իր գրասենեակը կ՛ունենայ Քարթախենա քաղաքին մէջ, սակայն շէնքին կառուցումը կը վերջանայ 1770-ին։ Անոր վճիռները կը տեւեն մինչեւ 1811 եւ կը յայտարարուէին կեդրոնական հրապարակէն․ այսօր Փլաթա տէ Պոլիվար կը կոչուի։

Նորագոյն շրջան

Խմբագրել

11 Նոյեմբեր 1810-ին, անկախութեան հռչակագիրը կը ստորոգրուի։ Սպանիա կը հակազդէ ղրկելով 59 նաւեր 10 612 զինեալներով։ 22 Օգոստոս 1815-ին քաղաքը կը պաշարուի։ Քարթախենան կը պաշտպանեն 3 000 զինեալ, 360 թնթանօթ եւ 8 նաւեր։ Պաշարեալ բնակիչներէն 6 000 հոգի սովէն կը մահանայ։ Քաղաքը կ՛ազատագրուի 1821-ին։

ԻԱ․ դարուն, Քարթախենա զբօսաշրջիկութեան կարեւոր կեդրոն է։

 
Քարթախենա․ արեւամար

Գերեվաճառութեան կեդրոն

Խմբագրել

Առաջին ստրուկները քաղաք կը հասնին անոր հիմնադիրին՝ Փետրօ տէ Էրետիային կողմէ։ ԺԷ․ դարուն Քարթախենա Նոր Աշխարհի գերեվաճառութեան գլխաւոր կեդրոններէն եղած է։

Բնակչութիւն

Խմբագրել

Բնակչութեան թիւն է 973 035, ըստ 2018-ի մարդահամարին։

Փոխադրական միջոցներ

Խմբագրել

Ունի երթեւեկութեան կարեւոր ցանց մը, ինչպէս նաեւ միջազգային օդական՝ Rafael Núñez International Airport (IATA: CTG)։

[1] [2] [3] [4] [5] [6]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել