Քարի Լիճ
Քարի Լիճ, Արագածոտնի մարզ, Արագած լերռան լանջին[1]։ Ծովու մակերեւոյթէն 3207 մ բարձրութեան վրայ, մակերեսը 0,12 քմ²։ Բիւրականէն Քարի լիճ անցնելի ճամբայ կայ, իսկ արեւելեան ափին օդերեւութաբանական կայան տեղակայուած է, կազմակերպուած է հանգստի գօտի։
Աշխարհագրութիւն
ԽմբագրելՔարի լիճը կը գտնուի Արագած լերան գագաթը, բացարձակ բարձրութիւնը՝ 3207 մ, մակերեսը՝ 0,12 քմ2, խորութիւնը՝ 9 մ։
Յառաջացած է սառուցային զանգուածներէ։ Լիճը երկարատեւ շրջապատուած կ՛ըլլայ ձիւնով, որուն պատճառով ջուրը բաւականին պաղ կը մնայ։ Քարի լիճի արեւմտեան ափէն սկիզբ կ՛առնէ Արքաշէն գետը։
Լիճի հարաւային ափին կը գտնուի Երեւանի ֆիզիկայի հիմնարկի Առաջնային տիեզերական ճառագայթներու գրանցման ու հետազօտման կայանը, որ 1942 թուականին հիմնած են Արտեմ Ալիխանեանն ու Աբրահամ Ալիխանով եղբայրները։
Կայանի ջրամատակարարումը ապահովելու նպատակով լիճի հարաւային արտահոսքը փակուած է կրամած պատով, որուն հետեւանքով բարձրացած է լիճի մակարդակը, ձմրան չի սառիր մինչեւ հատակը, իսկ գարնան ամբարուած ջուրը կը բաւարարէ կայանի կարիքները ամբողջ տարին։ Լիճին մէջ կայ Իշխան ձուկ, որուն քանակը տարուէ տարի կ՛ամբողջացուի արհեստական բազմացուած մանրաձուկով։