Քենճի Ժիրաք, ծնած է Քենճի Մայէ, (3 Յուլիս 1996(1996-07-03), Փերիկէօ, Ֆրանսա)։ Գադալան գնչու ծագումով երգիչ մըն է ու ճանչցուած դարձաւ «The Voice 3 - ամէնէն սիրուն ձայնը» հեռատեսիլի ծրագրի շնորհիւ։

Քենճի Ժիրաք
ֆրանսերէն՝ Kendji Maillé
Ծննդեան անուն ֆրանսերէն՝ Kendji Jason Maillé
Նաեւ յայտնի է իբրեւ Kendji Girac
Ծնած է 3 Յուլիս 1996(1996-07-03) (28 տարեկան)
Ծննդավայր Փերիկէօ, Ֆրանսա
Քաղաքացիութիւն  Ֆրանսա
Ազդուած է Gipsy Kings?
Տեսակ փոփ երաժշտութիւն, ֆլամենգո, ռումպա, լատինական փոփ? եւ փոփ֊ֆոլք?
Մասնագիտութիւն երգիչ, երաժիշտ
Կայքէջ kendji.fr(ֆր.)

Սկզբնաւորութիւն

Խմբագրել

2013-թուականի Օգոստոսին Մէթռ Կիմսէն «Պելլա» երգը ետ կատարեց «gypsy» ոճով ու համացանցին վրայ յայտնի եղաւ: Այսպիսով երգի մրցումին կրցաւ մասնակցիլ ու յաղթական դուրս եկաւ։ Իրն երաժշտական ոճը ֆլամենկոյէն ներգործուած է։

Յաջողութիւն

Խմբագրել

Քենճիին առաջին ձայնասկաւառակը «Քենճի» անունով կը հրապարակուի Սեպտեմբեր 2014-ին ու այդ շաբաթը կը դառնայ ամէնէն ծախուածը Ֆրանսայի մէջ։ Այսպէս, երկու հատ ոսկի սալիկ կը ստանայ Սեպտեմբերին եւ ամիս մը յետոյ ադամանդէ սալիկ։ NRJ միւզիք Ըուորտ 2014-ին զինք կը գնահատէ որպէս տարուան ամէնէն լաւագոյն ֆրանսախօս երգիչը եւ կը նշեն «Քոլոր խիթանօ»ն տարուայ ֆրանսախօս երգը Ֆրանսայի մէջ շրջապտոյտ մը կ'ընէ ու «Անսամպլ» երկրորդ ձայնասկաւառակին շնորհիւ ալ կը յաջողի։

Ալպոմներ

Խմբագրել
  • 2014: Kendji
  • 2016: Ensemble
  • 2018: Amigo
  • 2020: Mi vida

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել