Քթաբորբը (rhinitis) քիթի հիւանդութիւն մըն է: Անիկա արտացոլացումն է քիթի գերգործունէութեան եւ քիթի հիւսկէններու հիւանդագին գործունէութեան:

Համայն մարդկութիւնը կը գանգատի այս հիւանդութենէն: Բոլորս տարին նուազագոյնը մի քանի անգամ կ'ունենանք այս տաղտկալի հիւանդութիւնը: Ան կը պատահի որեւէ մէկ տարիքի առանց սեռի եւ գոյնի խտրութեան: Քթաբորբը ընդհանրապէս ոչ մէկ վտանգաւոր կացութիւն կը ստեղծէ մեր ընդհանուր առողջութեան, սակայն անիկա կը պատճառէ կեանքի անկանոն, անբնկան եւ ջղայնացուցիչ ընթացք մը:

Ախտանշաններ

Խմբագրել

Քթաբորբի հիմնական ախտանշանները հետեւեալներն են՝ քիթի արիւնախռնում (congestion), քիթի խցում, քիթի քերուըտուք, քթահոսք եւ փռնգտուք: Քթահոսքը քիթի խլնաթաղանթային (mucous membrane) հոսքն է, որ կ'ուղղուի դէպի ռունգերը (nares) եւ հոնկէ դուրս, կամ՝ դէպի քթաըմբան (nasopharynx) եւ հոնկէ կոկորդ: Քթաբորբը տեղի կ'ունենայ երկու ձեւերով.

  • Գերզգայուն քթաբորբ (allergic rhinitis),
  • Ոչ գերզգայուն քթաբորբ (nonallergic rhinitis):

Գերզգայուն քթաբորբ (allergic rhinitis)

Խմբագրել

Ախտաբանական փոփոխութիւններ

Խմբագրել

Գերզգայուն քթաբորբի պարագային հետեւեալ ախտաբանական (pathological) փոփոխութիւնները կը պատահին.

  • Քիթի խլնաթաղանթի արեան անօթները (blood vessels) անակնկալօրէն կ'ընդլայնին եւ տեղի կ'ունենայ արիւնախռնում, այսինքն՝ արեան կուտակում, որուն պատճառով խլնաթաղանթը կ'ուռի եւ կը հաստնայ: Այս փոփոխութիւնը կը յառաջացնէ քիթի խցում:
  • Քիթի խլնաթաղանթի խլնային գեղձերը առատօրէն կ'արտադրեն խլնային մաքուր, լպրծուն եւ ջրանման հեղուկ մը ու տեղի կ'ունենայ քթահոսք:

Այս երկու ախտաբանական երեւոյթները կը յայտնուին մարմինի ինքնագործ ջղային համակարգի (autonomus nervous system) ներգործութեամբ: Իսկ քիթի գերուըտուքը հետեւանքն է քիթին մէջ «հիսթամին» (Histamin) կոչուած նիւթի մը բնականէն աւելի արտադրութեան:

Գերզգայուն քթաբորբի ախտանշաններ

Խմբագրել

Գերզգայուն քթաբորբը կրնայ ըլլալ եղանակային (seasonal), այսինքն՝ որոշ մէկ եղանակի մը ընթացքին, կամ շարունակական, այսինքն՝ տարուան բոլոր եղանակներուն: Գերզգայուն քթաբորբը կը յայտնուի որպէս սուր կամ մնայուն-երկարատեւ երեւոյթ: Անիկա կը սկսի անակնկալօրէն՝ որպէս սուր երեւոյթ, որ կը տեւէ քանի մը օրեր կամ շաբաթներ: Անոր կրկնութիւններով կը յառաջանայ մնայուն երկարատեւ քթաբորբը:

Գերզգայուն քթաբորբի ախտանշաններն են.

  • Քիթի խցում, որ կրնայ ըլլալ՝
  1. Միակողմանի՝ աջ կամ ձախ քթախորշի փոխնիփոխ խցումով,
  2. Երկկողմանի՝ երկու քթախորշերու միատեղ խցումով,
  3. Մնայուն կամ ընդհատումներով:
  • Լպրծուն եւ ջրանման խլնային հեղուկի արտադրութիւն եւ հոսք.
  • Քիթի խլնաթաղանթի եւ քթաըմբանի քերուըտուք.
  • Փռնգտուք.
  • Հոտառութեան տկարացում կամ կորուստ.
  • Բերնի անհամութիւն,
  • Ախորժակի վատթարացում:

Մանուկներու պարագայ

Խմբագրել

Գերզգայուն քթաբորբէ տառապող մանուկը վերոնշեալ ախտանշաններուն հետ կ'ունենայ նաեւ հետեւեալ ուշագրաւ ախտանշանները.

  • Դէմքի յատուկ շարժուձեւ եւ արտայայտութիւն,
  • Քթային շնչառութեան դժուարութիւն,
  • Բերանի շնչառութիւն,
  • Վարի կոպերու տժգունութիւն եւ կապտութիւն,
  • Մանուկը կը քերէ իր քիթը ուղղուհայեաց կամ կլորակաձեւ,
  • Կը կը կծէ եւ կամ կը ցնցէ իր քիթը զանազան ուղղութեամբ,
  • Կը շարժէ իր վերի շրթունքը դէպի վար,
  • Կ'ունենայ հորիզոնական մորթային փոսիկ-գծիկ մը քիթի յառաջամասին վրայ,
  • Կը փորձէ ուժգնօրէն ներշնչել՝ ռունգերը վեր քաշելով եւ լայն բանալով,
  • Կը խօսի ռնգային ձայնով,
  • Կ'ունենայ առատ արցունք:

Ախտապատճառներ

Խմբագրել

Գերզգայուն քթաբորբը յաճախ նախնշանը կ'ըլլայ այլ գերզգայուն հիւանդութիւններու, մասնաւորապէս՝ խռչափողի, թոքերու, մորթի եւ մարսողական գործարաններու գերզգայնութեան:

Գերզգայուն քթաբորբի ախտապատճառներն են՝

  • Շրջապատի փոշի, խոնաւութիւն, օդի ջերմաստիճանի անակնկալ փոփոխութիւն եւ օդի պաղ հոսանք,
  • Բեղմնափոշի (pollen),
  • Արեւու ճառագայթ,
  • Գրգռիչ հոտեր՝ անուշահոտ, բուրումնաւէտ ծաղիկներ, ծուխ, ներկեր, քիմիական նիւթեր եւ կազեր,
  • Ծխախոտի ծուխ,
  • Բուրդ, բամպակ, թուղթէ թաշկինակ,
  • Կարգ մը սննդեղէններ եւ ոգելից խմիչքներ,
  • Որոշ դեղեր,
  • Անասուններու մորթ եւ մազ,
  • Թռչուններու աղուամազ եւ փետուր,
  • Քթախոտ:

Բեղմնափոշիի գերզգայնութիւնը կը սկսի տարուան մէկ եղանակին: Բեղմնափոշին կ'արտադրուի ծառերու, թուփերու եւ խոտերու ծաղկումով: Անիկա շուտով կը տարածուի օդին մէջ եւ մենք անզգալաբար կը ներշնչենք զայն օդին հետ:

Գերզգայուն քթաբորբի շնչառական ախտանշաններուն կ'ուղեկցին նաեւ ակնային ախտանշաններ, յատկապէս՝ ակնազօդերու (conjunctiva) քերուըտուք եւ կարմրութիւն:

Ոչ գերզգայուն քթաբորբ (nonallergic rhinitis)

Խմբագրել

Ոչ գերզգայուն քթաբորբը կը յայտնուի քիթի խլնաթաղանթին բորբոքումով, որ կը յառաջանայ երկու տարբեր ախտապատճառներու խմբաւորումներով.

  • Մանրէական ախտապատճառներ
  • Ոչ մանրէական ախտապատճառներ:

Մանրէական ախտապատճառներ

Խմբագրել
  • Քիթի ցպկային (bacterial) վարակումներ,
  • Քիթի ժահրային (viral) վարակումներ, մասնաւորապէս՝ հարբուխ եւ «կռիփ»:

Ոչ մանրէական ախտապատճառներ

Խմբագրել
  • Որոշ դեղերու գործածութիւն,
  • Կարգ մը ներազդակներու (hormone) գործածութիւն,
  • Հակայղութեան դեղերու գործածութիւն,
  • Ներազդակային խանգարումներ յղութեան, դաշտանի եւ դաշտանադադարի (menaupos) ընթացքին,
  • Թիքի կազմուածքային փոփոխութիւններ, յատկապէս՝
  1. Քիթի հարուած-վնաս,
  2. Քիթի միջնեպատի (septum) կոտրուածք,
  3. Քիթի միջնեպատի ընթոծին (congenital) ծռութիւն,
  4. Չափազանց ալքոլի գործածութիւն,
  5. Ծխածոտի գործածութիւն եւ անոր ծուխին ենթակայութիւն,
  6. Զգացական վերիվայրումներ եւ յուզումներ,
  7. Օտար մարմիններու գոյութիւն քիթին մէջ,
  8. Ենթավահանագեղձութիւն (hypothyroidism),
  9. Քիթի լաւորակ եւ վատորակ ուռեր եւ բոլիբներ:

Ոչ գերզգայուն քթաբորբի ախտանշանները գերզգայուն քթաբորբի նման են, բայց անոնք կը յայտնուին նուազ ուժգնութեամբ:

Ախտաճանաչում

Խմբագրել

Քթաբորբի ախտաճանաչումը կը կատարուի հետեւեալ միջոցառումներով.

  • Քիթի բժշկական մանրակրկիտ քննութիւն.
  • Ախտանշաններու ճիշդ մեկնաբանութիւն.
  • Տարրալուծարանային քննութիւններ:
  1. Քիթի խլնային հոսքի քննութիւն, որ կը զատորոշէ գերզգայուն քթաբորբը ոչ գերզգայուն քթաբորբէն,
  2. Արեան քննութիւն, ուր արեան ճերմակ գնդիկներու որոշ խմբաւորումին, eosinophil-ներու բարձրացումը կը բացայայտէ գերզագայուն քթաբորբը, իսկ ընդհանուր ճերմակ գնթիկներու բարձրացումը կը բացայայտէ մանրէական-ցպկային քթաբորբը:
  • Քիթի եւ քթախոռոչներու (nasal sinuses) «Ք» ճառագայթային նկարահանում:

Յաճախ հիւանդը բժշկական քննութեան ընթացքին բոլորովին բնական եւ առողջ վիճակի մէջ կը գտնուի, բայց այդ չի նշանակեր, թէ ան քթաբորբէ զերծ է:

Գերզգայուն քթաբորբի դարմանումը կը կատարուի հետեւեալ միջոցառումներով.

  • Գտնել քթաբորբի գրգռիչ ախտապատճառը եւ հեռու մնալ անկէ.
  • Գործածել որոշ դեղեր, յատկապէս.
  1. Հակագերզգայնութեան դեղեր,
  2. Cortisone, որ կը գործածուի զանազան ձեւերով՝ դեղահատ, օշարակ, քթակաթիլ, մկանային կամ երակային սրսկում:

Cortisone-ի կարճատեւ գործածութիւնը շատ օգտակար է: Անոր երկարատեւ գործածութիւնը կը յառաջացնէ քիթի խլնաթաղանթի ջրուռեցք (edema), կարմրութիւն, այրուածք, չորութիւն, եւ արիւնահոսում:

Ոչ գերզգայուն քթաբորբի դարմանումին համար վերոյիշեալ միջոցառումներու կողքին յաճախ պարտաւորիչ կը դառնայ հակաբորբոքումային դեղերու գործածութիւնը եւ վիրաբուժական գործողութեան մը անհրաժեշտութիւնը, օրինակ՝ միջնեպատի վերականգնում, բոլիբներու եւ խեցիներու հատում: Սուր եւ երկարատեւ քթաբորբը հազուադէպօրէն կրնայ ստեղծել կարգ մը բարդութիւններ, որոնցմէ կարեւորագոյններն են.

  • Քթախոռոչատապ (sinusitis), որ կը յառաջանայ քիթի խցումով.
  • Բոլիբներու զարգացում քիթին մէջ, որ կը յառաջանայ գերզգայնութեան հետեւանքով.
  • Հիւծիչ քթաբորբ (atrophic rhinitis), որ կը յառաջանայ.
  1. Երկարատեւ մանրէական քթաբորբով,
  2. Քիթի վիրաբուժական գործողութիւններէ ետք:

Հիւծիչ քթաբորբ

Խմբագրել

Հիւծիչ քթաբորբի ախտանշաններն են.

  • Քիթի խլնաթաղանթի եւ քիթի ներքին պատերուն վրայ գտնուող խեցիներու (turbinates) հիւծում.
  • Քիթի խլնաթաղանթի կեղեւարում (crusting).
  • Թարախային քթահոսք.a
  • Քիթի գարշահոտութիւն, որ զգալի կ'ըլլայ թէ' հիւանդին կողմէ եւ թէ իր շուրջը գտնուողներուն կողմէ.
  • Քթախորշի (nasal cavity) ծաւալում.

Հիւծիչ քթաբորբը կը դարմանուի հետեւեալ միջոցառումներով.

  • Լուալով խթախորշը աղի ջուրով.
  • Գործածելով հակաբորբոքումի դեղեր.
  • Վիրաբուժական գործողութեամբ, ուր կը կատարուի ծաւալած քթախորշի նեղացումը:

Տե'ս Նաեւ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • «Asbarez» օրաթերթ, Յօդուածներ, դտկ. Կարպիս Հարպոյեան, 28 Մարտ 2014:
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։