Քիմ Պաքշի
Քիմ Պաքշի (ռուս.՝ Ким Нау́мович Бакши́, 1 Մարտ 1931, Մոսկուա, Խորհրդային Միութիւն - 5 Մարտ 2019, Մոսկուա, Ռուսիա), ռուս հայագէտ եւ գրող[1]։
Քիմ Պաքշի | |
---|---|
| |
Ծնած է | 1 Մարտ 1931 |
Ծննդավայր | Մոսկուա, Խորհրդային Միութիւն |
Մահացած է | 5 Մարտ 2019 (88 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Մոսկուա, Ռուսիա |
Քաղաքացիութիւն |
Խորհրդային Միութիւն Ռուսիա |
Մայրենի լեզու | ռուսերէն |
Ուսումնավայր | Մոսկվայի պետական համալսարանի բանասիրույան ֆակուլտետ? |
Մասնագիտութիւն | հայագէտ, արձակագիր, թատերագիր |
Կուսակցութիւն | Խորհրդային Միութեան համայնավարական Կուսակցութիւն |
Կեանք եւ գործունէութիւն
ԽմբագրելԾնած է Մոսկուա։ Մայրը ռուս էր, իսկ հայրը կարայիմներու փոքր ազգութենէն, որուն մասին ան պարզաբանած է, որ թրքալեզու ժողովուրդ մըն է, որ յուդայականութիւն ընդունած է: Պաքշի ինքն ալ ինքզինք կարայիմ կը նկատէր, սակայն հաւատքով ուղղափառ եղած է, մեծ սէր եւ ակնածանք ունեցած է քրիստոնէական ժառանգութեան հանդէպ:
Համալսարանին մէջ, լրագրութեան մասնագիտութիւն ստանալէ ետք, ան անմիջապէս գիւղ մեկնած է եւ հողագործութեամբ զբաղած, վարած հողը մշակող ինքնաշարժներ, այդտեղէն ալ թղթակցած է թերթերուն եւ ամսագիրներուն: Լրագրող դառնալու որոշումին վրայ ազդած է թերեւս իր հօրը օրինակը, որ նոյնպէս թերթի մէջ աշխատած էր:
Պաքշի ռուսական ամսագրերուն եւ թերթերուն մէջ յօդուածներ գրած է հայ ժողովուրդի[1], հայկական մշակոյթի եւ հայոց պատմութեան մասին։ Այդ յօդուածները, թարգմանուելով, տպագրուած են նաեւ Հայաստանի մամուլին մէջ:
Հայութեան մէջ Քիմ Պաքշին աւելի ծանօթ է իբրեւ Մատենադարանի վերաբերեալ քսան մասերէ բաղկացած հեռատեսիլային ժապաւէնի բեմագիր եւ համահեղինակ: «Մատենադարան» խորագրով այս շարժապատկերային շարքին բեմադրիչը Հովիկ Հախվերտեանն է եւ իբրեւ բեմագիր ան ընտրած էր Քիմ Պաքշին:
Պաքշի բազմաթիւ գիրքեր գրած է հայկական նիւթերով՝ «Արծիւն ու սուրը», «Ճակատագիրն ու քարը», «Սուրբ Ղազարոսի յարութիւնը», «Մենաստանէն՝ սիրոյ մասին», «Մեր աշխարհը անիւի կը նմանի», «Սառեցուած ժամանակը» եւ այլն:
Պաքշիի վերջին գիրքերէն մէկը «Արցախի հոգեւոր գանձերը» գիրքն է։
Այդ գիրքերուն մէկ մասը թարգմանուած է հայերէնի, բայց ընդհանրապէս, տարածուած է Ռուսաստանի մէջ եւ հետաքրքրութեան արժանացած[2]։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ 1,0 1,1 «Kim Bakshi, great friend of the Armenian people, dies at 88»։ armenpress.am (անգլերէն)։ արտագրուած է՝ 2022-03-09
- ↑ «ՔԻՄ ՊԱՔՇԻԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2022-03-09